ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման պատասխանեց ընդդիմադիր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ անոր զոհերու ժառանգորդներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին դիմումին:
Քահրաման յայտարարեց, որ նման պահանջի մը կատարումը կը հակասէ թուրք ժողովուրդին ազգային գիտակցութեան ու պատմութեան: Խորհրդարանի նախագահութիւնը նաեւ մեղադրեց հայազգի պատգամաւորը՝ «թուրք ժողովուրդի անցեալն ու Թուրքիոյ պետութիւնը վիրաւորելով՝ խորհրդարանի կանոնակարգի 67-րդ կէտը խախտելուն համար»:
Նախագահութիւնը մերժեց Փայլանի առաջարկած օրինագիծը եւ ետ ուղարկեց զայն պատգամաւորին՝ «անհրաժեշտ ուղղումներ» իրականացնելու համար:
Իր օրինագիծով, Փայլան մասնաւորապէս պահանջած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացառել հասարակական վայրերը ոճրագործներու անուններով կոչելը ու քաղաքացիութիւն շնորհել Ցեղասպանութեան զոհ գացած կամ անկէ տուժած հայերու ժառանգորդներուն:
«Ցեղասպանութենէն ետք ողջ մնացած հայերը 103 տարիէ կը պայքարին իրենց գլխուն եկած ողբերգութեան հետ կապուած արդարութիւնը վերականգնելու համար: Սակայն, Ցեղասպանութենէն տուժած միլիոնաւոր հայեր արդէն իսկ հրաժեշտ տուած են կեանքին՝ առանց ճաշակելու արդարութեան հասնելու զգացումը: Այն վայրը, ուր պէտք է քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ խորհրդարա՛նն է. երբ այդ կատարուի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դադրի այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ քննարկուելիք հարց դառնալէ», ըսած էր Փայլան: