Պոլսահայ երգչուհի Էրլին Թոմաօղլուի «Ձիւնի փաթիլ» երգի տեսահոլովակը արդէն քանի մը օրէ, որ կը ցուցադրուի թրքական TRT Müzik պետական հեռուստաընկերութեամբ:
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ Haberturk-ը, այն առաջին արեւմտահայերէն տեսահոլովակն է, որ սկսած է ցուցադրուիլ թրքական պետական հեռուստաընկերութեան եթերով:
Էրլին Թոմաօղլուի այս արեւմտահայերէն երգը տեղ գտած է «Տարիներ անց» անունով ալպոմին մէջ:
Թոմաօղլուն պատմած է, որ ինք դիմած է TRT հեռուստաընկերութեան` տեսահոլովակը ցուցադրելու խնդրանքով, եւ 10 օր անց դրական պատասխան ստացած:
Հայերէն երգը կը ներկայացուի թրքերէն լուսագրերով: «Այդ մէկը շատ կը փափաքէի, քանի որ կ’ուզէի, որ երգս հասկնան ոչ միայն հայերը, այլեւ թուրքերը: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն համար շատ կարեւոր եւ ուրախալի է իմ տեսահոլովակի հեռարձակումը TRT-ի եթերով: Շատ ուրախ եմ»,-ըսած է ան:
TRT-ն երկու տարի առաջ հեռարձակած էր երգչուհի Սիպիլի տեսահոլովակը: