ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ Վանի շրջանէն ընտրուած պատգամաւոր Լոզկին Պոթան, 23 Մարտին 18 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Վանի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին կողմէ։ Ան կ՛ամբաստանուի «ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու», «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» եւ «պետութեան միասնականութեան խաթարելու» անհիմն յանցանքներով:
Պատգամաւորին փաստաբանները յայտնած են, որ այս անարդար վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում պիտի կատարեն։