ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերին, բժիշկ Ռաֆֆի Պալեան ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը այցելեց:
Բժիշկը վարժարանին 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու հայերէնի յառաջադէմ խումբի աշակերտներուն տուաւ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր թոքախտը եւ հայկական քնարերգութիւնը:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեան իր աշակերտներուն հետ անցեալ ամիս ընթերցած էր բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գործերէն ընտրանի մը, ներառեալ «Սիրերգ» քերթուածը: Այդ օրերուն, մինչ աշակերտները կը ծանօթանային վաղամեռիկ բանաստեղծի գրականութեան, կենսագրութեան եւ ներաշխարհին, կը ծանօթանային նաեւ թոքախտին, որմէ տառապած էր Մեծարենց:
Յիշեցնենք, թէ այդ հիւանդութիւնը զարմանալիօրէն հեռու է ամերիկահայ պատանիի առօրեայէն, որովհետեւ երկիրը գրեթէ զերծ է այդ ախտէն:
Երբ Մեծարենցի նուիրուած սերտողութիւնները հասան աւարտին, դպրոց հրաւիրուեցաւ քաղաքիս յարգուած բժիշկներէն Ռաֆֆի Պալեան: Ան իր մասնագիտութեամբ եւ իբրեւ հայկական քնարերգութեան, մանաւանդ Միսաք Մեծարենցի եւ Պետրոս Դուրեանի ստեղծագործութիւններուն քաջ ծանօթ ընթերցասէր մտաւորական, նիւթը ներկայացուց պատանիներուն մատչելի եւ հարուստ հայերէնով մը:
Դասախօսութիւնը զուտ բերանացի զեկոյցէ մը աւելի ազդեցիկ եւ տպաւորիչ էր, որովհետեւ անիկա պատկերազարդ էր:
Այս շահեկան միջոցառումէն օգտուեցան նաեւ 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու հայերէնի սկսնակ խումբերը:
Նիստը ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխաններու բաժին մը:
Աւարտին, աշակերտները յոտնկայս արտասանեցին «Սիրերգ»ը, ապա իւրաքանչիւր կարգի ներկայացուցիչը հիւր բանախօսին յանձնեց շնորհակալական բացիկ մը, որ ստորագրուած էր բոլորին կողմէ:
Բժիշկ Ռ. Պալեանի այցելութիւնները աւանդութիւն դարձած են Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանին համար: Ան 2014-էն ի վեր իրեն ուղղուած հրաւէրները չի մերժեր ու պատանիներուն սիրայօժար կը խօսի թոքախտի, ինչպէս նաեւ մարզական վնասուածքներու մասին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)