Յակոբ Միքայէլեան
Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն հայերուս հետաքրքրութիւնը՝ թէ ո՞վ պիտի դառնայ նախագահ՝ Էրտողա՞նը, թէ՞ Քլչտարօղլուն, զարմանալի չէր: Մեզի ի՛նչ, պիտի մտածեն ոմանք, սակայն այդպէս չէ. չէ եղած անցեալին եւ այդպէս ալ չէ հիմա, մեր պապենական կապը Թուրքիոյ հետ, Ցեղասպանութենէն ու սփիւռքանալնէս այսքան տարի ետք, կը շարունակուի որդոց-որդի, սերունդէ-սերունդ, որովհետեւ մակերեսային չէ եղած այդ կապը, մեր արեան մէջ անցած է, եւ ինչ որ արեան մէջ կ՛անցնի, կը շարունակէ բնակիլ մեր մէջ ու ատենը անգամ մը արտայայտուիլ՝ թրքախօսութեամբ, թրքական երգերու եւ թրքական ֆիլմաշարերու հետեւելով, թրքական առածներ ու հայհոյանքներ օգտագործելով, թրքանուն մեր ճաշատեսակներով, եւ յաճախ Թուրքիա այցելելով արեւմտահայաստանը տեսնելու, կամ երկրին ծովեզերեայ հանգստավայրերուն մէջ զբօսնալու:
Ինչքան ալ լսած ու կարդացած ըլլանք 1915-ի ու Ապրիլ 24-ի մասին, ինչքան ալ փշաքաղուած ըլլանք անմարդկային ոճրագործութեանց ականատեսի վկայութիւնները կարդալով, ինչքան ալ ատելութեամբ լեցուինք, մասնաւորաբար այս օրերուն, երբ Հայաստանը ակամայ հաշտութեան ձեռք կը մեկնէ մեր թշնամիին, միեւնոյնն է, վարակը մեր արեան մէջ է ու անկէ բուժուիլն ու ձերբազատուիլը անհնար է:
Թրքասիրութեան ախտ մը տնայնացած է մեր մէջ, եւ ասիկա ամենադաժանն է, չկարենալ լիարժէք ատել թշնամիդ, չկարենալ ջնջել անոր հետքերը հոգիիդ մէջ, ահաւոր բան է: Ինչքան ալ փորձես զայն թաղել հողի տակ, կու գան այնպիսի պահեր, ուր ակամայ գլուխ կը բարձրացնէ մէջդ, կը ցատքէ լեզուիդ վրայ:
Վեց դար մնալ Օսմանեան տիրապետութեան տակ, մէկ կողմէն ենթարկուիլ կայսրութեան հայատեաց քաղաքականութեան, միւս կողմէ՝ ներկայացուցիչներ ունենալ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ, մէկ կողմէ հարստահարուիլ գաւառներու ու գիւղերու մէջ, միւս կողմէ կայսրութեան աւագանիին մէջ ազդեցիկ «Ամիրաներ» ունենալ, մէկ կողմէ անկախ Հայաստանի մը տեսլականով օրօրուիլ, միւս կողմէ կոտորածներու ենթարկուիլ…եւ այս բոլորով հանդերձ, մնալ հաւատարիմ քաղաքացին Օսմանեան «հայրենիքին», Իւրայատուկ մշակոյթ չունեցող ազգի մը մշակոյթ ստեղծելով՝ լեզուի, երաժշտութեան, թատրոնի, հանրագիտարանի ու այլ բնագաւառներու մէջ մեծ ներդրումներ ունենալով:
Վեցհարիւր տարի… Հայու տասնեակ սերունդներ աչքերնին բացին ու թուրքը տեսան իրենց գլխուն վերեւ. խոհեմութիւն սորվեցան՝ համակերպիլ եւ հլու հնազանդ հպատակ դառնալ Օսմանեան կայսրութեան. ապրեցան ոչխարներու նման գայլերու վոհմակներով շրջապատուած: Յետոյ հինգդարեայ թմբիրէն կամաց-կամաց արթնցան ու յիշեցին որ իրենք ալ անկախ երկիր ունեցած են, թագաւորներ ու իշխաններ: Ինչքան կարելի է ոչխար մնալ, գայլին դէմ՝ գայլ ըլալու է, դեռ աւելին գելխեղդ գամփռ ըլլալու է, ահա՛ Զէյթունը: Եւ սկիզբ առաւ զարթօնքի շրջանը: Հաշտ աչքերով չդիտուեցաւ այս արթնացումը, ոչ միայն տիրող իշխանութեան կողմէ, այլ, նոյնիսկ հարուստ հայ դասակարգի անդամ շատերու կողմէ:
Գրեցին, երգեցին, ցոյցեր կազմակերպեցին, նոյնիսկ զէնք վերցուցին. զարկին, զարնուեցան, հաւատացին նոր սահմանադրութեան, հաշտուեցան, համբուրուեցան ու վերջն ալ կացինահար եղան, քշուեցան իրենց տուներէն ու տեղերէն, մարդկութեան պատմութեան մէջ չտեսնուած չարչարանքներու ու լլկանքներու զոհ դարձան, իրենց արիւնով ներկեցին աքսորի ճամբան մինչեւ Տէր Զօրի անապատները: Փրկուողները հիւղաւաններու մէջ պատսպարուեցան եւ առաջին գործերնին եղաւ փայտաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցի մը շինել, վրան փայտէ խաչ: Անապատի աւազին վրայ իր երեխային ԱԲԳ սորվեցնող մայրը եկեղեցիին մէջ քահանային թրքերէնով քարոզը մտիկ ըրաւ ու երկրպագեց հայու Աստծուն…
Թրքախօսութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ դարու յիսնական-վաթսունական թուականները, յետոյ կամաց-կամաց նահնաջեց: Բայց չնահանջեց «թրքասիրութիւնը», որուն զուգահեռ աճեցաւ թրքատեացութիւնը, որ ձեւով մը պարտադիր էր: Հայ երիտասարդներ հայերուն մուտքը արգիլեցին թրքերէն ֆիլմ ցուցադրող սինեման, բայց չկրցան արգիլել տուներու մէջ հեռատեսիլէն սփռուող թրքերէն ֆիլմերու դիտումը: Վարակը հասաւ Հայաստան ու տեղաւորուեցաւ խօսակցական լեզուին մէջ՝ որպէս «Շալվար, փոշմանել, Թոզ, մարուլ ու բադրիճան, իշլի քիւֆթա ու իքի պիր…». ու հիմա ալ հաշտութեան գործընթաց:
Դեռ քանի՞ յաջորդող սերունդներ պէտք են որ ախտահանուինք, եթէ անշուշտ յանուն հաշտութեան նոր վարակներու զոհ չդառնանք:
(ԱԶԳ, 26, 5, 2023)