«Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւն
«ԺԱՀՐԱՀԱԼԱԾ ՈՒ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՍԻՐԱՄԱՅՐ
ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ ԱՂՕԹԱԽՈՒՄԲ»
Հայ Քոյրերս եւ Եղբայրներս, սրտանց կ’ողջունեմ ձեզ՝ խոր համոզումովս, թէ ուր ալ գտնուիք, աղօթախառն եւ օրհնաբաշխ ողջոյնս կը հասնի ձեզի՝ ձեզ հրաւիրելով, որ ընդունիք զայն մեր երկնային Մօր անբիծ Սրտէն, հասնելու համար Որդիին Աստուածային Սրտին:
ՄԵԶԻ ՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԶԷՆՔԸ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԷՄ»
Ո՜վ Տէր Յիսուս,
այսօր մեր Եկեղեցին կը տօնէ «Խաչգիւտ»-ը,
քու խաչափայտիդ յայտնումը Ս. Քաղաքին մէջ:
Շարականին հետ՝ մեր հայատրոփ սրտով մենք ալ
կը փառաբանենք քու «հրաշակերտ եւ զօրեղ խաչափայտդ,
ո՜վ Քրիստոս», եւ կը դաւանինք զայն «գաւազան զօրութեան»:
Ո՜վ Խաչեալ, Ամենակարող եւ Ամենախնամ,
մենք միշտ հաւատացած ենք եւ մանաւանդ այս օրերուն
կը հաւատանք, որ Խաչդ «յաղթութեան զէնքն է հաւատացողներուն»,
եւ դեռ աւելի՝ «ախոյեան եւ կնիք յաղթողն է թշնամիին դէմ»,
կը հայցենք թախանձագին, որ անմիջապէս օգնութեան հասնիս
մեր խաչապաշտ ու խաչասէր ժողովուրդին,
որուն զաւակները դարձած են խաչակրողները,
քանի արդար ինքնապաշտպանութեամբ կը ջանան վանել
մեզի դէմ դժոխային ատելութեամբ լեցուած թշնամիները:
Ո՜վ Փրկիչ, Ամենագէտ եւ Ամենատես,
Դուն լաւ գիտես, թէ խաղաղարար ու խաղաղասէր ազգ ենք,
որ, սակայն, երբ պարտադրուի պատերազմի, քու Խաչովդ
զէնքը կը վերցնէ ինքզինքը պաշտպանելու եւ իր հողն ազատագրելու:
Այս պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան մահասփիւռ օրերուն մէջ,
կը պաղատինք, զօրացո՛ւր մեր զինուորները, որոնք կը հաւատան,
թէ Խաչովդ մեզի տրուեցաւ «անպարտելի զէնքը թշնամիին դէմ»:
Այս խնդրանքը կը ներկայացնենք մեր Սիրամօր միջնորդութեամբ: Ամէն:
Այնճար, 25 Հոկտեմբեր 2020
«ԱՅՍ ՆՇԱՆՈՎ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՍ»
Քոյրերս-Եղբայրներս, քարոզիս վերնագիրն է.«Այս Նշանով պիտի յաղթես»: Աւետարանէն կարդացի Ս. Եկեղեցիէն որոշուած Մտթ. 24,30-35 հատուածը:
Հոկտեմբերի վերջին Կիրակին, այսօր, «Խաչգիւտ» է: Մեր Եկեղեցին կը տօնախմբէ Յիսուսի Խաչափայտին յայտնումը, որ տեղի ունեցաւ 326-ին, Երուսաղէ¬մի մէջ, ուր Մեծն Կոստանտիանոս Ա. կայսրին (272-337) մայրը՝ Ս. Հեղինէ շինել տուաւ «Ս. Յարութիւն» տաճարը եւ հոն զետեղեց հրաշքով գտնուած «Պատուական Ս. Նշանը»:
Քոյրերս-Եղբայրներս, ընդհանրապէս, քարոզին մէջ նախ կը տրուին տօնին պատմու¬թիւնն ու խորհուրդը, ապա այս երկուքէն յանգուած հոգեբարոյական եզրակացութիւնը:
Այս անգամ, սակայն, քարոզս կը շարունակեմ երրորդէն՝ հոգեմտաւոր ու կրօնաբարոյական եզրայանգումէն, որ կրնայ ըլլալ անձնական կամ հաւաքական: Այսօր կը ձգեմ անձնականը ու կ’անդրադառնամ միայն հաւաքական եզրակացութեան, քանի այս վերջին 29 օրերուն մեր անձերը կազմելու եւ մնալու են մէ՛կ հաւաքանութիւնը, մէ՛կ հասարակութիւնը, մէ՛կ ժողովուրդը, որուն գլխագիր անունն է Հայ Ազգը՝ իր մէջ միաւորելով Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքահայութիւնը:
Այսօր, «Խաչգիւտ»-ը մեզի կը խորհրդանշէ ապրուած խաչերուն եւ ապրող խաչակրողներուն ներկայութիւնը: Այսօր, ապրուած խաչերն են մեր դէմ կատարուած ռազմա¬կան գործողութիւններն ու ռմբակոծային վայրագութիւնները, իսկ ապրող խաչակրող¬ներն են մեզի պարտադրուած պատերազմին ընթացքին՝ նախ՝ իրենց կեանքը զոհած նահատակները, երկրորդ՝ իրենց երկրին եւ ընտանիքին համար արդար ինքնապաշ¬տու¬թեամբ տակաւին ու միշտ մարտնչող կտրիճները, երրորդ՝ ռմբակոծումերէն ու կորուստներէն տառա¬պող¬ները, եւ չորրորդ՝ խաղաղութեան ու անկախութեան համար իրենց ցաւը, թախծու¬թիւնը, հիւանդութիւնը եւ աղօթքը Խաչեալին նուիրող գաղափա¬րա¬պաշտ¬ները, որոնք հաւատացող խաչապաշտներն են մեր պատմութեան մէջ:
Քոյրերս-Եղբայրներս, յատկապէս վերջիններուն՝ աղօթողներուն հասարակութիւնը դեռ շատ աւելի բազմանալու է, եւ որովհետեւ Հոկտեմբերի՝ վարդարանեան ամսուան մէջ ենք տակաւին, ձեզի կը յիշեցնեմ Երանելի Պիոս Թ. Պապին (1846-1878) այս խօսքը. «Տուէ՛ք ինծի բանակ մը, որ կ’աղօթէ վարդարանը, եւ ես կը նուաճեմ աշխարհը»:
Ուշադրութի՛ւն: Աղօթողներուն բազմացումին կոչը, զոր ամսոյս 22-ին ռազմադաշտին սահմանագիծէն կատարեց Արցախի նախագահը, ոչ միայն յուզեց զիս, այլ նաեւ արձագանգ գտած ըլլալու եւ դեռ գտնելու համոզումովս՝ կը մէջբերեմ անոր խօսքերը.«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ուզում եմ ձեզ դիմել առաջնագծից՝ հակառակորդից ընդամէնը մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութիւնից: Յաղթելու համար մեզ ամենա¬շատը պէտք է հաւատալ: Ամենամեծ ուժն ունի հաւատքը: Ես հաւատում եմ, որ մենք յաղթելու ենք: Ուզում եմ, որ մեր բոլոր եկեղեցիներում աղօթեն մեր նահա¬տակների եւ, ի հարկէ, առաջնագծում կռուող զինուորների համար: Ուզում եմ, որ ամէն հայ ամէն օր աղօթի մեր յաղթանակի համար: Ուզում եմ, որ այսօրուայ եղած միասնա¬կա¬նութիւնը պահպանուի: Ուզում եմ, որ բոլորդ գիտակցէք՝ ձեզնից է կախուած մեր ազգի ապագան: … Ուզում եմ նորից ընդգծել, պէտք է հաւատալ: Ես հաւատում եմ: Մենք յաղթելու ենք» (ԱԶԴԱԿ, Պէյրութ, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020, էջ 4գ):
Քոյրերս-Եղբայրներս, անպայման մեր շահելիք յաղթանակին հաւատքով եւ աղօթքով դարբնուած՝ կը դառնամ քարոզիս վերտառութեան.«Այս Նշանով պիտի յաղթես»: Այսպէս խոստացողը եղաւ երկնքին Տէրը, որ բացարձակ Իշխանն է պատմութեան:
Մեծն Կոստանդիանոս, որ իր 40.000 զինուորներով Մաքսենտիոս (276-312) կեսարին 120.000 հաշուող բանակին դէմ հիւսիսային Իտալիայի Թուրին քաղաքին մօտ 312-ի սկիզբը տարաւ ջախջախիչ յաղթանակը, կը գտնուէր Հռոմի դռներուն առջեւ, ուր իր հակառա¬կոր¬դը ամրացած էր իր զօրքով:
Հոս, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ թիւերուն մեծ տարբերութեան՝ հաստատելով, թէ այսօր ալ յաղթութեան համար անհրաժեշտ է ոգին, եւ մեր արիասիրտ «տղերքը» ունին այդ անշէջ ոգին…:
«Միլվիա կամուրջ»-ին տեղի ունենալիք վճռական ճակատամարտէն առաջ, Կոստանդիանոս կը տեսնէ երկնակամարին վրայ լուսաճաճանչ խաչը՝ այս նախադասութեամբ. «In hoc Signo vinces-Այս Նշանով պիտի յաղթես»: Սկիզբը չըմբռնեց տեսածը: Անրջային տեսիլքին մէջ՝ Յիսուս Թագաւորը խօսելով կայսրին՝ հրահանգեց «Խաչը» դնել դրօշակներուն վրայ եւ գործածել թշնամիին դէմ: Հրահանգը գործադրուելով՝ քրիստոնէական կրօնին ներկան, ապագան ու ազատութիւնը վճռած յաղթութիւնը շահուեցաւ 312-ի աշնան:
Այսօր ալ, Քոյրերս-Եղբայրներս, նոյնը պիտի պատահի, երբ «ամենայաղթ Խաչին զօրութեան» հաւատացողներս սրտանց կ’աղօթենք իրենց հաւատքով, աղօթքով, խաչակնքումով, մոմավառումով ու զէնքով մեր պատերազմողներուն, ինչպէս ալ անոնց զինուորական ու պետական պատասխանատուներուն համար, բնականաբար, առանց մոռնալու աղաչանքով ու խունկով մեր բանակային նահատակները եւ քաղաքացի անմեղ զոհերը:
Ուշադրութի՛ւն: «Խաչգիւտ» տօնին պատմութեան եւ խորհուրդին մէջ նեռարեալ է իր Որդիին խաչին քով կեցած Մայրը՝ Մարիամ, «հայոց խնկելի Աստուածածինը», որ այսօր ալ կեցած է իր խաչակրող զաւակներուն քով: Հաւատա՛նք ասոր:
Մեր արդար կտրիճներուն հետ եւ մեր ինքնապաշտպան պատերազմողներուն քով կեցող հրաշագործ Սիրամօր ամէնէն սիրած ու արդիւնաբեր աղօթքն է Ս. Վարդարանը, որուն մասին հայասէր Պիոս ԺԱ. Սրբազան Պապը (1922-1939) կ’ըսէ.«Եթէ կ’ուզէք ունենալ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն, ձեր տուներուն եւ ձեր հայրենիքին մէջ, ամէն իրիկուն հաւաքուեցէ՛ք` վարդարանն աղօթելու: Զանց մի՛ առնէք նոյնիսկ մէկ օր. ամէն օր աղօթեցէ՛ք զայն, որքան ալ ծանրաբեռնուած ըլլաք»:
Եւ մենք, Քոյրերս-Եղբայրներս, այսօր շատ «ծանրաբեռնուած» ենք: Ուստի, աղօթե՛նք ու հաւատա՛նք: Ա՛յսպէս, մենք պիտի ապահովենք մեր վերջնական յաղթանակն ու Արցախի անկախութիւնը: Ամէն:
Ձեզ յանձնելով ի՛մ հրաշագործ Սիրամօրս
կը մնամ սիրոյ միութեամբ ու քահանայական օրհնութեամբս՝
Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան
ձեր աղօթահայց եւ աղօթարար եղբայրը:
Այնճար, 25 Հոկտեմբեր 2020