Լուսանկարին մէջ, ձախէն աջ՝
Ա. Թօփուզխանեան, Ն. Աւետիսեան, Յ. Գրգեաշարեան, Ե. Բարսեղեան
Արի Թօփուզխանեան
Փարիզի ՖԱՔՕ ոչ-պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ
Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիայի հերթական գիտաժողովը, ներկայութեամբ եւ
առցանց, 24-25 Նոյեմբեր 2023-ին, աջակցութեամբ «Միջազգային Բարձր Ակադեմական
Խորհուրդ»-ին։ Մասնակցողները եկած էին Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Իտալիայէն,
Պելճիքայէն, Աւստրիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն. իսկ հեռակայ կապով միացած էին
Հայաստան, Անգլիա, Գերմանիա, Ապխազիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող
դասախօսներ։ Սրի Լանքայի զեկուցողները չյաջողեցան ներկայ գտնուիլ։ Ելոյթները
ներկայացուեցան հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։
Գիտաժողովը ձօնուած էր Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին, եւ
արծարծուած նիւթերը առնչուած էին գիտութեան արդի յառաջխաղացքներուն եւ
խաղաղութեան գիտական մշակոյթին։ Իր բացման խօսքին մէջ՝ Փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեան,
Արարատ Ակադեմիայի հիմնադիր-նախագահը, թուեց այս հիմնարկին նուաճումները ի
նպաստ համաշխարհային խաղաղութեան, յօրինած ըլլալով՝ ի միջի այլոց՝ «Միջազգային
Խաղաղութեան Գործակալութիւնը» եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ որդեգրուած «Ազգերու Իրաւանց
Հրովարտակը»։ Ան նաեւ ընդգծեց գիտաժողովին քննարկած նիւթերուն այժմէականութիւնը,
քանի նոյն օրը պիտի գործադրուէր Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ շաբաթներէ ի վեր
շղթայազերծուած պատերազմին զինադուլը։
Ուրբաթ առաւօտեան բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ Կոմիտասի ջութակի
մենանուագներու ունկնդրութեամբ, որոնք հրամցուեցան Դոկտ. Սաթիա Սմբատեանի կողմէ։
Նոյն օրուան յետմիջօրէին ներկայացուած նիւթերը ընդհանրապէս կը վերաբերէին ուղեղի եւ
ջիղերու գործունէութեանց եւ ախտաբանութեանց։ Նիստը կը ղեկավարէր Փրոֆ. Մարկ Վան
Հիւլ, Լուվէնի համալսարանէն։ Բացառութիւն կը կազմէին Տաֆնէ Փարանի զեկոյցը՝
Եւրոպայի մէջ կայուն զարգացումներու յառաջընթացին մասին, եւ Էտկար Սուլիէի
նկարագրութիւնը Հակարջային ցամաքամասին մէջ կուտակուած սառոյցի պեղումներուն՝
երկիր մոլորակին կլիմայական պատմութիւնը բացայայտելու համար։
Շաբաթ առտուն ներկայացուեցան Տոքթ. Փեթեր Պերթանեոլի նախագահած
աւստրիական «Էլոքս» ընկերութեան արտադրութիւնները՝ վերաբերեալ կռնակի
ցաւազրկման, ըմպելի ջուրի մանրէազերծման եւ ամէն տեսակ առարկաներու մաքրումին,
օգտագործելով զուտ բնական նիւթեր ու յարգելով բնապահպանման հրամայականները։
Տոքթ. Լիզա Գրգեաշարեան մատնանշեց հոգեխոցումի հետեւող ջղապրկումի ախտանշանի
բուժման նորարարութիւնները։ Նիստը աւարտեցաւ նորատիպ գիրքի մը ներկայացումով, որ
արժանացած էր Արարատ Ակադեմիայի 2023-ին պարգեւած մրցանակին։ Անոր նիւթը՝ նոր
դեղերու պատրաստութիւնն էր, հակազդելու համար բնախմորներու («անզիմ») վատ
գործունէութեան՝ բջիջներու մէջ, ինչ որ խլիրդի նման հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ։ Այդ
աշխատասիրութեան հեղինակներն են Փրոֆ. Փրոֆ. Սերժ Գրգեաշարեան եւ Ժիւլիէն Տիւմոն։
Շաբաթ յետմիջօրէի զեկուցումները ընդհանրապէս յատկացուած էին խաղաղութեան։
Նախ յիշուեցան անունները անոր համար մարտնչած աշխարհահռչակ երկու
գիտնականներու՝ Այնշթայնի ու Սախարովի։ Թէեւ անոնք այս աշխարհէն շատոնց մեկնած
են, իրենց մղած պայքարը շատ այժմէական բնոյթ ունի այս օրերուն։ Ընկերաբան Դոկտ.
Դանիէլ Լեւի ցոյց տուաւ թէ մարզախաղը («
սփոր») պատերազմի թեթեւ տեսակն է, ուր
մրցումները միշտ կ’ունենան յաղթողներ ու պարտուողներ։ Ռուսիոյ Արուեստից Միջազգային
Ակադեմիայի նախագահը՝ Փրոֆ. Անաթոլի Սիլով ցուցադրեց իր արտադրած
խորհրդանշական նկարներուն լուսապատկերները։ Հայ նկարչուհի եւ քանդակագործուհի՝
Դոկտ. Ասիլվայի զեկոյցին նիւթն էր «Նկարչութիւնը՝ Առաջնորդ Խաղաղութեան ու
Եղբայրութեան», ցուցադրելով նախ Փիքասոյի նշանաւոր նկարը՝ որ կը ներկայացնէ բերնին
մէջ ձիթենիի ճիւղ մը բռնած աղաւնին, եւ ի վերջոյ իր սեփական նորագոյն
հեղինակութիւնները, որոնց անուններն են՝ «Խաղաղութիւն ու Եղբայրութիւն», «Երազը», եւ
«Մտածումի Հոլովոյթը»։
Փրոֆ. Նելլի Աւետիսեան ցոյց տուաւ «Փիլիսոփայութիւն, Բարոյագիտութիւն եւ
Գեղագիտութիւն՝ Կոմիտասի Ստեղծագործութեան Մէջ»։ Դոկտ. Ռուբէն Սմբատեան
խօսեցաւ Արամ Խաչատուրեանի խաղաղութեան համար յօրինած ջութակի մենանուագներու
մասին։ Փրոֆ. Լիլիթ Երնջակեանի զեկոյցին նիւթն էր «Ուիլիամ Սարոյեանի եւ Ալան
Յովհաննէսի Ստեղծագործ Գործակցութիւնը». իսկ Փրոֆ. Աննա Արեւշատեանինը՝ Ներսէս
Շնորհալի։
Հնաբան-երաժշտագէտ Փրոֆ. Եդուարդ Բարսեղեան խօսեցաւ հին աշխարհի եւ
Մերձաւոր Արեւելքի լարային նուագարաններու մասին։ Դոկտ. Գոհար Շակոյեանի զեկոյցի
նիւթն էր «Նորավանքի Հնչող Քարէ Գեղարդը Որպէս Երաժշտա-հնաբանութեան Նմոյշ»։ Իսկ
Դոկտ. Ռուբէն Կնեազեան յայտնաբերեց հայ կրօնական-ծիսական «ձեռաց զանգերը», որոնք
այժմ միայն պարսկահայերը կ’օգտագործեն Ատրպատականի թեմին մէջ՝ Ս. Ծնունդի, Ս.
Զատիկի եւ հարսանիքներու առիթներով՝ եկեղեցիի, տուներու թէ փողոցներու մէջ։
Արարատ Ակադեմիայի ԺԶ. գիտաժողովի աւարտին՝ շքանշաններով
պարգեւատրուեցան, ի միջի այլոց, Փրոֆ. Փրոֆ. Ա. Սիլով, Յ. Գրգեաշարեան, Ս.
Գրգեաշարեան եւ Ժ. Տիւմոն։ Եթէ Տէրը կամենայ, յաջորդ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ
2024-ին՝ Փարիզ, ԻՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ։