Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
Հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ Ցեղասպանութեան զանգուածային ոճրագործութենէ աւելի քան մէկ դար անց, թուրքերուն մեծ մասը տակաւին անյարմար կը զգայ, երբ կը մօտենայ Ապրիլ 24-ը, եւ ոեւէ մէկը կը յիշատակէ մարդկութեան դէմ ուղղուած անոնց գործած յանցանքը․․․
Թուրք պաշտօնեաներէն եւ լրագրողներէն շատեր ստիպուած են պաշտպանելու իրենց երկրի արատաւորուած հեղինակութիւնը՝ փորձելով քողարկել իրենց նախնիներուն իրականացուցած Ցեղասպանութիւնը։ Անոնք, այսպիսով, ինքնաբերաբար իրենք զիրենք կը կապեն իրենց նախահայրերուն գործած մեղքերուն հետ եւ իրենք եւս մեղաւոր կը դառնան մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն սարսափելի յանցանքներէն մէկուն ժխտման պատճառով։
Ինչո՞ւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլէթ Չաւուշօղլու 15 Ապրիլ 2019-ին խաբեբայօրէն յայտարարած է, որ Թուրքիա «որեւէ ցեղասպանութիւն չէ իրականացուցած» իր պատմութեան ընթացքին։ Ուրիշ քանի՞ երկրի ղեկավար նման յայտարարութիւն ըրած է։ Չաւուշօղլու շատ լաւ գիտէ, որ օսմանեան թուրքերը իրօք Ցեղասպանութիւն գործած են, քանի որ ան յուսահատօրէն կը փորձէ թաքցնել իր նախնիներուն գործած յանցանքները։ Չաւուշօղլու եւ անոր կողմնակից ժխտողականները կարծես թէ չեն գիտակցիր, որ որքան շատ հռչակեն իրենց անմեղութիւնը, այնքան աւելի իրենք զիրենք կը միացնեն Ցեղասպանութեան հետ եւ կը դառնան այդ բարբարոսական ոճրագործութեան մեղսակիցները․․․
Ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կամ անոր ենթակաները կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին, նոյնիսկ քամահրական թոնով, անոնք, իրականութեան մէջ, կը տարածեն Ցեղասպանութեան փաստերը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը տեղեկացնեն բոլորին, որ թուրքերը կը մեղադրուին Ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով․․․
Հետաքրքրական է, Չաւուշօղլու զգուշացուցած է, որ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ չի մնար որոշ երկիրներու դէմ, որոնք կը փորձեն դասախօսութիւն ներկայացնել Թուրքիոյ պատմութեան մասին»։ Սա նոյն բանն է, ինչ որ հայերը կը փափաքին, որ ան ընէ: Ան Որքան շատ խօսի Ցեղասպանութեան մասին, այնքան աւելի կը բացայայտէ թրքական ոճրագործութիւնը աշխարհին․․․: Չաւուշօղլու եւ միւս թուրք ժխտողականները կը յայտնուին ծիծաղելի իրավիճակի մէջ, երբ «բոլոր պարագաներուն՝ տուժողի դերին մէջ են»։ Այլ կերպ ըսած, եթէ անոնք լռեն Ցեղասպանութեան մեղադրանքներուն դէմ, ուրեմն ընդունած կ՛ըլլան զանոնք, եթէ ժխտեն, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ տարածած կ՛ըլլան իրենց պատմական ոճրագործութեան մասին լուրերը։ Անոնց համար դրական լուծում չկայ։ Անոնք յայտնուած են երկու քարին արանքը․․․
Ապրիլի սկիզբը Անթալիայի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի ժողովին, Չաւուշօղլու քննադատութեան ենթարկեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը՝ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր յայտարարելուն համար։ Յարձակելով Մաքրոնի վրայ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի վատթարացուց իրավիճակը իր երկրին համար։ Իբրեւ բողոքի նշան, Ֆրանսայի խորհրդարանականը լքեց ՆԱԹՕ-ի ժողովը. բան մը, որ լուսաբանուեցաւ համաշխարհային լրատուական միջոցներու կողմէ՝ աւելի եւս տարածում շնորհելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան։
Այս միջադէպը պատճառ դարձաւ, որ որոշ չարագործ թուրքեր սպառնան կեանքին ֆրանսացի խորհրդարանականին, որ հետագային ճշգրիտ փաստեր տարածեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Թրքական շփոթանքի մէկ այլ օրինակ է մեկնաբան Օզան Ճէյհունի յօդուածը «Տէյլի Սապահ» (Daily Sabah) թերթին մէջ։ Ան ճիշդ գրած է՝ ըսելով, որ «Ապրիլի 24-ը կ՛օգտագործուի իբրեւ «պատիժ»ի օր անոնց կողմէ, որոնք տարբեր պատճառներով չեն փափաքիր Թուրքիան տեսնել իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ, նաեւ անոնց կողմէ, որոնք չեն փափաքիր տարածաշրջանին մէջ Թուրքիան աւելի ուժեղ տեսնել, կամ այն երկիրներուն կողմէ, ինչպէս օրինակ՝ Միացեալ Նահանգները, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիան տեսնել իբրեւ կախեալ երկիր»։ Իմ պատասխանը հետեւեալն է՝ ոչ ոք կ՛ուզէ դաժան ու չզղջացող երկիր մը տեսնել՝ իբրեւ միջազգային ռազմական եւ տնտեսական դաշինքներու անդամ երկիր: Թուրք ղեկավարները իրենք են, որ իրենք զիրենք դուրս կը մղեն նոյն այդ դաշինքներէն՝ վարուելով անքաղաքակիրթ եւ ոչ ժողովրդավարական ձեւով։ Անոնք, բացի իրենցմէ, ոչ ոք պէտք է մեղադրեն․․․
Ճէյհուն կը զարմանայ, թէ ինչու մէկուն չի հետաքրքրեր «Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու» կարծիքը: Պատասխանը շատ պարզ է․ Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ այդ ժամանակէն ի վեր բազմաթիւ այլ ճնշումներու ենթարկուած Թուրքիոյ հայերը շատ լաւ գիտեն, որ եթէ համարձակին որեւէ բացասական բան ըսել Թուրքիոյ ճնշող վարչակարգին մասին, ապա զիրենք կը բանտարկեն, եթէ չսպանեն․․․
Այնուհետեւ թուրք մեկնաբանը անամօթաբար կը յիշատակէ հայ լրագրող Հրանդ Տինքը, որուն թուրք մը սպաննած է՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին արտայայտուելուն համար։ Ճէյհուն ընտրողաբար կը մէջբերէ Տինքի ըսածներէն այն, որ օտարները պէտք չէ միջամտեն անցեալին տեղի ունեցած «իրադարձութիւններուն», որ այս հարցը պէտք է լուծուի հայերու եւ թուրքերու միջեւ։ Տինք ըրած է բազմաթիւ յայտարարութիւններ, որոնք յաճախ հակասական եղած են, կախուած այն բանէն, թէ ան ո՞ւր կատարած է այդ յայտարարութիւնները՝ Թուրքիա՞ գտնուած ժամանակ, թէ Թուրքիայէն դուրս։
Թուրք ժխտողականներուն յարմար է մէջբերել յայտարարութիւններ, որ երրորդ կողմերը պէտք չէ միջամտեն հայ-թրքական հարցին։ Եթէ տասնամեակներ շարունակ հայկական սփիւռքը քարոզչութիւն չծաւալէր միջազգային հանրութեան շրջանակներուն մէջ, ապա Հայոց Ցեղասպանութիւնը շատոնց ի վեր մոռացութեան մատնուած պիտի ըլլար։ Աւելին, Ճէյհուն կը գերադասէ այն, որ օտարները լսեն կարծիքը Թուրքիոյ հայերուն, որոնք ճնշուած են եւ չեն կրնար իրենց անկեղծ կարծիքը արտայայտել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Իբրեւ Ցեղասպանութեան անմիջական ժառանգորդներ, անոնք յստակ գիտեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է իրենց նախնիներուն հետ, սակայն չեն կրնար այդ մասին բացէ ի բաց խօսիլ, վախնալով իրենց կեանքին համար:
Նոյնքան զայրացնող են ատրպէյճանական ժխտումները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Բարեբախտաբար, ատրպէյճանցիներու հետ գործ ունենալը աւելի դիւրին է, քանի որ անոնք այնքան հզօր չեն, որքան Թուրքիա, եւ հայ ժողովուրդը արդէն անոնց ցոյց տուած է իր ուժը՝ վերականգնելով Արցախի իր պատմական տարածքը Ատրպէյճանէն։ Եթէ ատրպէյճանցիները իրենք զիրենք լաւ չպահեն եւ շարունակեն վիրաւորել հայերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ժխտումներով, Հայաստանի ղեկավարները կրնան դադրեցնել բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւ Արցախը միացնել Հայաստանի Հանրապետութեան․․․
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան