ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
«Ի՞նչ է Հոգին, Հայու Հոգին՝ հարցուցի մերթ ինքզինքիս
Եւ մերթ լացաւ ու մերթ խնդաց իմ հոգիս…»
Վահան Թէքէեան
Անհատի մը կեանքին մէջ պատահող դժբախտութիւնը յաճախ կ’ընկճէ զինք, բայց ընդհանրապէս ժամանակը կը բուժէ վէրքերը, նոյնիսկ եթէ սպի մը դրոշմէ ենթակային մարմնոյն վրայ: Ողբերգութիւնը նոյնիսկ մարդը ազնուացնելու, զայն բարի դարձնելու, հոգին մաքրամաքրելու յատկութիւն ունի, ինչպէս որ կը հաւատային հին յոյները, անոնք նոյնիսկ ազնուացման համար պարտադիր կը նկատէին մեծ ողբերգութիւն մը ապրիլը:
Ազգերու պարագային մեծ ողբերգութիւն է պարտութիւնը, աւելի մեծ ողբերգութիւն է պարտութիւնը չընդունիլը, խոսափիլը պարտութեան հետ դէմ առ դէմ կանգնելէ եւ փոխանակ ազգովին պարտեալի վիճակէն դուրս ելլելու մասին մտածելու, ազգի հաւաքական մարմնոյն՝ հայրենիքը փրկելու ելք մը փնտռելու, ապրելու տենչացող հաւաքական կորսուած հոգին վերագտնելու միջոցներ փնտռելու… մենք աւելի շատ կը շեշտենք մասնատուածութիւնը, կը բեւեռացնենք հատուածականութիւնը, այսպիսով կարեւորելով ո՛չ թէ կորուստը, այլ այդ կորուստին մէջ մեր մէկ մասին անմեղութիւնն ու այլ հատուածներու մեդաւորութիւնը:
Այս վիճակը, այսօր, հայու հաւաքական հոգւոյն արտացոլումն է, որ թէեւ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգին լացի արցունքներով կ’ողողէ, բայց չի բարելաւեր մեր կացութիւնը, որովհետեւ ամէն մէկս գիտնալով հանդերձ հատուածականութեան խորտակիչ յատկութիւնը մանաւանդ այս դժնդակ օրերուն, կը շարունակենք հետապնդել հատուածական շահեր, որ իրականութեան մէջ չի կրնար մեզմէ մէկ մասին որեւէ օգուտ տալ ունենալ երբ ամբողջ ազգը ամէն օր նոր աղէտներու առջեւ կը կանգնի:
Ի՞նչ պիտի շահի իշխանութիւնը եթէ Արցախը ժամանակաւորապէս մնայ պարզապէս հայաշատ կեդրոն մը, որ ժամանակի ընթացքին անկասկած պիտի հայաթափուի… ի՞նչ պիտի շահի ընդդիմութիւնը եթէ տապալէ իշխանութիւնը եւ ինք դառնայ գահակալ, մինչ այնքա՜ն բան կորսնցուցած պիտի ըլլանք մեր նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներէն:
Մենք, մեր պայքարի ընթացքին կարծէք կը մոռնանք անոր նպատակը, թիրախ կը դարձնենք հակառակորդի անկումը, մոռնալով որ թշնամին մեր տունէն ներս մտած է, մոռնալով որ թշնամին վտարելը գերմարդկային ճիգեր կը պահանջէ անխտիր իւրաքանչիւրէս, ու … ու կը շարունակենք իրար վիրաւորել եւ խորացնել իրար հանդէպ ծագած ատելութիւնը, որուն պատճառաւ կը գործենք կուրացած հոգւով ու մտքով:
Մենք գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր հոգւոյն՝ Հայու հոգւոյն:
Հայու հոգւոյն սահմանումը ինծի համար ունի հետեւեալ հիմական յատկանիշերով բնութագրումը.
-Դիմանալ մարմնական ցաւերու, որքան ալ վիթխարի ըլլան անոնք, որքան ալ հողային եւ մարդկային մեծ կորուստներէ յառաջացած ըլլան անոնք:
-Վտանգի ատեն միանալ իրար. մոռնալ անհատական եւ հատուածական ամէն շահ, գոնէ ժամանակաւորապէս ազգակիցի հետ ամէն հաշուեյարդար մէկդի դնել:
-Ազգի իւրաքանչիւր անհատի հարազատի կորուստը ամբողջ ազգինն է, ամէն մէկունս, նոյնպէս ամէն մէկ կորսուած թիզ հող մեզմէ իւրաքանչիւրէն խլուած է, ամէն մէկ քանդուած տուն մեր սեփականն է:
-Չընկճուիլ ինչ ալ որ պատահի, բայց ջայլամութիւն չընել մեր պարտութիւնը որպէս յաղթանակ նկատելով:
-Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ երբեք չարհամարհել մշակութային եւ հոգեւոր մեր արժէքները:
ՀԻմա հոգիս կու լայ, հիմա, ինչպէս ամէն մէկ հայու հոգի, հոգիս ալ խնդալ կ’ուզէ: