Զաւէն Գ․ Գրիգորեան
Ինչո՞ւ այս յօդուածը կը գրեմ այս օրերուս։
Որովհետեւ համայն աշխարհի մարդկութեան կը սպառնայ, անտեսանելի՝ աներեւոյթ՝ հաւանաբար գնդասեղի ծայրէն մի քանի հազար անգամ աւելի փոքր մանրէ մը, որ կը կոչուի «Թագապսակաւոր Մանրէ» «Coronavirus» կամ «Covid 19»ը։
Եթէ այս մանրէին պատուաստի շիճուկը չգտնուի մօտ օրերուն, մարդկութենէն պիտի հնձէ միլիոններով ժողովուրդ, բացի իր տնտեսական եւ նիւթական սնանկացնող ահաւոր վնասներէն։
Որովհետեւ՝ վերջին տասնամեակներուն մարդկութիւնը կորսնցուց՝ մեր քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ իր մարդկային շնորհքով կեանքի ճամբան, եւ արդեօ՞ք ասիկա ինչպէս կ՛ուզէք կոչեցէք, ահազանգ մըն է Աստուծոյ՝ մարդկային ճակատագրի՝ պատահականութեան՝ եւ կամ մեր ապրած երկրի բնութեան կողմէ, եւ կամ փորձութիւն մըն է, որ մեր առջեւ ցցուեցաւ, որպէսզի մենք՝ մեր մարդկային կեանքին մէջ զգաստանանք։
Այդ պատճառաւ որոշեցի գրել այս յօդուածը, որպէս հայ քրիստոնեայ մը, որպէսզի յարգելի ընթերցողներուն հաղորդեմ թէ ինչպէ՞ս կը հասկնամ քրիստոսաբանական դաւանութիւնը՝ վարդապետութիւնը որ առընչուած է այս երեւոյթին՝ համաճարակի մանրէին հետ։
Ինչո՞ւ, ես քրիստոնեայ եմ, եւ ի՞նչ կը հասկնամ՝ երբ ես քրիստոնեայ եմ կ՛ըսեմ։
Ես քրիստոնեայ ծնայ, քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, ինչպէս ամէն անհատ որ կը ծնի իր պատկանած կրօնքի միջավայրին մէջ։
Սակայն ճշմարտապէս քրիստոնեայ դարձայ, երբ սկսայ խորհրդածել, ի՞նչ է կրօնը, ի՞նչ է հաւատքը, ի՞նչ է կրօնի մը դաւանիլ եւ այն ատեն բաղդատութեան դրած եմ երիտասարդութեանս կասկածամտութեան շրջանին՝ իմ Աստուածապաշտութեան դաւանութիւնս եւ նշմարած եմ որ, Քրիստոսի Աստուածութիւնը հաստատուած է Առաքեալներու վկայութիւններով եւ Քրիստոսի մարդասիրութիւնը՝ հիմնուած է Քրիստոսի քարոզած մարդկային հոգիի՝ յաւերժական կեանքի եւ ճշմարիտ սիրոյ վարդապետութեան վրայ։ Որովհետեւ Քրիստոնէութիւնը հիմնուած է մարդկային յաւիտենական հոգիի սկզբունքին վրայ, որուն բաղկացուցիչ յատկանիշերն են «ՍԷՐԸ», «ԲԱՐԵՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ», «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ», «ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆԸ», «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ», «ԽԱՂԱՂԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ եւ «ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ», որոնք Աստուծոյ շունչն են՝ եւ յաւիտենական ճշմարտութիւնները։ Աւետարանին լոյսը կը ճառագայթէ հոգւոյդ մէջ, երբ իր խօսքերուն՝ առակներուն եւ հրաշքներուն ներքին իմաստը կը թափանցէ հոգիէդ ներս՝, խղճիդ ամենայն կամեցողութեամբ եւ դուն կ՛ըզգաս ու կ՛ապրիս՝ այդ հոգիդ խաղաղցնող՝ անդորրացնող համոզումի հաւատքը, որ աշխարհին կ՛աւետէ մարդասիրութեան խոստումը։
Աւետարանը հոգերգութիւն մըն է, ուր Աստուած խօսած է մարդուն՝ Քրիստոսի միջոցաւ, խօսքերով՝ առակներով՝ հրաշքներով՝ եւ լերան քարոզի Աստուածային «երանութիւններով» որոնք Աստուծոյ բիւրեղացած շունչին «ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ» կ՛արտայայտեն, եւ ամենախօսուն անհուն հաւատքի օրինակը կապրիս տագնապելով, երբ կը կարդաս՝ Քրիստոսի հանդերձի քղանցքին դպչող կնոջ հզօր հաւատքին առակը, որ յիշատակուած է ըստ Մատթէոսի 9։21-22, ըստ Մարկոսի 5։21-43, ըստ Ղուկասի 8։40-56 գլուխներուն մէջ՝ ուր կը յիշատակուի՝ «քանզի իր մտքին մէջ կ՛ըսէր – Միայն անոր հանդերձին դպչիմ՝ պիտի բժշկուիմ» «Յիսուս երբ ետին դարձաւ ու տեսաւ զանիկա ըսաւ․ քաջալերուէ աղջիկ, քու հաւատքդ քեզ փրկեց»։ Կինը նոյն ժամուն բժշկուեցաւ։
Աստուածային «ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱՄՔԸ» կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ ամէն օր հրաշքներով։
Մենք անձնապէս ապրած ենք այդ հրաշքը եւ կ՛ապրինք ամէն օր մեր սրտի պարագայով։
Աստուծոյ խօսքին տեսլականը, փրկարար լուսաւոր հեռապատկերն է՝ մարդու Աստուածահաճոյ կեանքին։ Մարդը պէտք է հաղորդուի Աստուծոյ խաղաղաբեր՝ լուսաւոր՝ սիրոյ պատուիրաններու տեսլականով, որ հեռապատկերն է ժողովուրդներու խաղաղաբեր կեանքին։
Քրիստոս մարդկութեան խօսած է ամենապարզ՝ անպաճոյճ ժողովրդական լեզուով։ Տիրոջ լեզուն հասկնալի եղած է՝ ամենահամեստ անհատի՝ հաւատացեալի կողմէ, պարզ հասկնալի բառերով՝ օրինակներով եւ ոչ թէ պերճ եւ անհասկնալի բառերով եւ կամ տաշուած՝ յղկուած քերականական կաղապարուած գրական նախադասութիւններով։
Աւետարանը կը պարունակէ Քրիստոսի Աստուծաբանական պատուէրներու՝ գաղափարները, որ հասկնալի է համայն աշխարհի մարդկութեան կողմէ, եւ ոչ թէ այլ կրօններու նման, որոնք եթէ հասարակ եւ նոյնիսկ գրոց բրոց ժողովուրդը կարդայ, բացատրական բառարանի պէտք պիտի ունենայ։ Որովհետեւ Աստուծոյ որդին՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդոց ցոյց տալու՝ կեանքին ճշմարիտ իմաստը՝ կեանքին ճշմարիտ ճամբան՝ կեանքին լուսաւոր երջանիկ ճամբան։
Աշխարհ այսօր տագնապած է, նոյնիսկ խելագարուած է, այդ փոքր անտեսանելի մանրէին Coronavirus համաճարակին պատճառաւ։
Համայն աշխարհի բոլոր գիտական կեդրոնները, կենսաբանական մանրէաբան գիտնականները՝ բանտարկուած իրենց տարրալուծարաններուն մէջ՝ կը փորձեն ճար մը՝ դեղ մը գտնել, որպէսզի կասեցնեն այս կործանիչ մանրէին արշաւանքը։
Այս թագապսակի մանրէին՝ սարսափի՝ խուճապի մատնած է այսօր մարդկութիւնը։ Եթէ այս մանրէին պատուաստի շիճուկի հնարումը ուշանայ, մինչ այդ հազարներով մարդկային զոհեր պիտի խլէ։
Արդեօ՞ք այդ հզօր պետութիւները՝ որոնք այս անտեսանելի մանրէին առջեւ ծունկի եկան, սարսափահար խուճապի մատնուեցան, պէտք չէ անդրադառնան եւ խորհրդածեն, որպէսզի այլեւս պատերազմներ չըծրագրեն, ժողովուրդներ չի ոչնչացնեն, երկիրներ չի քանդեն, եւ հարթ հաւասար չնեն՝ ինչպէս այսօր Սուրիան՝ Լիպիան՝ Իրաքը եւ Եէմէնը, այլ նստին եւ որոշեն խաղաղութիւն հաստատել աշխարհի ամբողջ տարածքին, եւ խորհին ինչպէս կրնան փրկել՝ Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած այս գեղեցիկ եւ չքնաղ երկիրը։
Այսօր արեւմուտքի պետութիւնները եւ համայն երկրագունդի բոլոր սահմաններուն վրայ, աթոմական ռումբերու փորձեր կը կատարեն, եւ կը խախտեն բնութեան օրէնքները, բացի այդ քանդումներէն, երեւակայեցէք աթոմական ամբարուած հազարաւոր ռումբերը, եթէ օր մը պայթին՝ ոչ թէ միայն մեր մոլորակը պիտի հալի, այլ տիեզերքի վրայ գտնուող հաւանաբար հարիւրաւոր արբանեակներն ալ պիտի հալին եւ անհետանան։ Ուրեմն որեւէ մէկ հզօր պետութեան առաջնորդ կամ նախագահ՝ Քրիստոնեայ եւ կամ այլ կրօնի պատկանող ըլլայ, պէտք չէ ամբարտաւան ելոյթներ ունենայ, պէտք չէ հպարանայ, պէտք չէ գոռոզանայ՝ մեծամիտ ըլլայ, յոխորտայ, խրոխտանայ, այլ պէտք է խորհի՝ թէ ինչպէս կրնայ խաղաղութիւն հաստատել համայն աշխարհին վրայ։
Մաղթենք՝ Եւրոպայի քրիստոնեայ պատասխանատու ղեկավարները, այս համաճարակին պատճառաւ, լուրջ խորհրդածեն, թէ իրենց ունեցած պատերազմական՝ տնտեսական հզօր ոյժէն զատ, գոյութիւն ունի աներեւոյթ բնազանցական ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ մը, որ կը ղեկավարէ այս մոլորակը եւ տիեզերքը, որ մենք հաւատացեալներս ԱՍՏՈՒԱԾ կը կոչենք։
Հակառակ որ համայն մարդկութիւնը՝ անել վիճակի մէջ կ՛երերայ եւ Covid 19 կոչուած մանրէն միլիոններու մահուան կը սպառնայ, որոշ երկիրներու մօտ պատերազմի ախորժակներ չեն դադրած։ Թուրքիան այս օրերուս եւ այս ժամուն, իրեն ենթակայ երկու ահաբեկչական խմբաւորումերուն, «Ճէպհըդ Անսար Էլտին»ը եւ «Հըզպ Էլըսլէմի Էլթրքստանի»ին, մինչեւ վեց ք․մ․ ապահովութեան գիծին վրայ, որոնք իրականութեան մէջ Սուրիական հողեր են, այս հողերուն վրայ նոր աւելի քան 10․000 նոր ահաբեկիչներ եւ զինուորներ հաստատեց, կ՛ըսուի 500ի մօտ հրասայլեր եւ զրահաորներ, հակառակ որ Մոսկուայի մէջ նոր խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրեց Հինգշաբթի 5 Մարտ 2020-ին։ Թուրքիա այս ձեւով այսինքն Էրտօղան, պատերազմական բախումներու կը պատրաստուի։
Իսկ միւս կողմէ՝ քաղաքակրթուած Ամերիկան, այս օրերուն՝ յաւելեալ զինուորներ իջեցուց Իրաք–Պաղտատէն ոչ շատ հեռու իր «Ղէյն Էլէսէտ» խարիսխէն ներս,նաեւ՝ առանց Իրաքի Կառավարութեան համաձայնութեան «Փաթրիոթ» հրթիռային կազմածներ հաստատեց այդ խարիսխէն ներս ։
Ինչպէս նաեւ Սուրիոյ արեւելեան անապատին մէջ, որ իր հսկողութեան տակ կը գտնուին, քրտական եւ ահաբեկչական ջոկատներ՝ ինչպէս «Տէղէշ» «ISIS»ի մնացորդացը, եւ «Հէրէքդ Թալիպէն», այս ահաբեկչական խումբերուն անդամները աւելցուցին եւ նոր զէնքեր եւ զրահաւորներ իրենց հայթայթեցին։ Առաւել եւս 26 Փետրուար 2020ին, Ռիատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ, Սաուտի Արաբիոյ եւ Մ․Ն․ պատուիրակութիւններու, հանդիպումներ եւ որոշուեցաւ, արտասահման գործող՝ Սուրիոյ ընդիմադիր ճակատի, ծայրայեղ իսլամ եղբայրներուն՝ նոր գումարներ յատկացուին, այսինքն մի քանի միլիար տոլարներ, որպէսզի շարունակեն իրենց պայքարը Սուրիոյ դէմ։
Ինչպէս կը նշմարենք, պատերազմական ախորժակներ ունեցող որոշ երկիրներու համար, կարեւորութիւն չունի նոյնիսկ եթէ միլիոններով մարդկային զոհեր ունենան, զիրենք կը հետաքրքրէ՝ օգտագործել միայն իրենց դիրքերը, իրենց անձնական շահերուն համար, նոյնիսկ եթէ աշխարհ քանդուի եւ միլիոններով մարդկային զոհեր ունենանք։
Ուրեմն կը մնայ ճշմարիտ քրիստոնեայ կառավարութիւններու պարտականութիւնը, նախ հաւատալ խաղաղութեան գաղափարին եւ աշխարհը փրկել բոլոր այս չարիքներէն։
Իսկ մենք հայերս բոլորին համար պիտի աղօթենք ու պիտի երգենք՝ մեր դարերով երգած շարականը, յիշատակելով Քրիստոսի խօսքը՝
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ՝ և
ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ
ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
ՏՈՒՐ ԱՇԽԱՐՀԻՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ։