Էլիֆ Շաֆաքի «Սթամպուլի բիճը» վէպը, ուր կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ որ սկզբնական շրջանին արգիլուած էր Թուրքիոյ մէջ, բեմադրուած է Իտալիոյ մէջ:
Արցախփրեսը կը նշէ, որ Demokrat Haber-ի փոխանցմամբ` արուեստի եւ պատմական կարեւոր կեդրոններէն մէկը համարուող Ֆլորենսիոյ Ռիֆրետի թատրոնին մէջ կայացած է ներկայացման փակ անդրանիկ ցուցադրութիւնը, եւ փակ ցուցադրութիւնները տեղի պիտի ունենան մինչեւ Մարտ 15:
Թուրք մուսուլման ընտանիքի եւ արմատներով Թուրքիայէն ամերիկահայ Չաքմաքչեան ընտանիքի միջեւ Սթամպուլ-Սան Ֆրանսիսքօ 90 տարի շարունակուող կապի մասին պատմող այս ստեղծագործութիւնը կը ներկայացնէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու հանրութիւններու շփումը:
Թատրոնի ղեկավար Անգելօ Սաւելլին նշած է, որ գործը բեմադրելու համար Էլիֆ Շաֆաքէն դժուարութեամբ թոյլտւություն ստացած է. գործընթացը տեւած է երկու տարի:
Ան նշած է, որ «Սթամպուլի բիճը» վէպը շատ յուզած է զինք:
«Օրհան Փամուքէն յետոյ մէկ այլ համամարդկային գրող` Էլիֆ Շաֆաքին բացայայտեցի, եւ եթէ անգամ անոր անձնապէս չճանչնամ, անոր բոլոր գիրքերը կարդալէ ետք անոր երկրպագուն դարձայ»,-ըսած է ան` նշելով, որ Շաֆաքի «Սթամպուլի բիճ»ը Իտալիոյ մէջ ամենաընթերցուող գիրքերու ցանկին է:
Բեմադրութեան մէջ դերակատարութիւն ունի Սերրա Եըլմազ, որ նշած է, թէ վէպի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարուան բեմադրուիլը պարզապէս համընկած է, սակայն ուրախ է, որ այդպէս եղած է:
«Ատիկա շատ խորհրդանշական եղաւ, սակայն մենք ատիկա միտումնաւոր չենք կազմակերպած, բայց համընկնումը գեղեցիկ է»,-ըսած է ան:
Էլիֆ Շաֆաք դատապարտուած էր թրքական Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով` այս ստեղծագործութեամբ «Թուրքերու ինքնութիւնը» վիրաւորելու համար, սակայն աւելի ուշ արդարացուած էր:
Յիշեցնելով այդ մասին` Սերրա Եըլմազ կ’ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ ո՞ր գրողը դատական գործընթացով չէ անցած: Անցեալին առերեսուիլը շատ կարեւոր է: Ատիկա հանրային հոգեկան առողջութեան համար կարեւոր է»: