Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ռեզա Ֆաթեմ Ամինը կառուցողական որակած է Հայաստան իր այցելութիւնը` նշելով, որ Երեւանն ու Թեհրանը միացեալ ձեռնարկներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն:
«Մենք նոր համաձայնագիրներ ստորագրած ենք հայ պաշտօնատարներու հետ դեղագործական արտադրութեան եւ կենցաղային ճարտարագիտութեան միացեալ արտադրութեան վերաբերեալ: Միացեալ արտադրութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ եւ պիտի արտածուի այլ երկիրներ», ըսած է Ռեզա Ֆաթեմի Ամին:
Ան յայտարարած է, որ իր Հայաստան այցելութեան նպատակը ներդրումներու միջոցով երկկողմանի առեւտրական կապերը ընդլայնելն է:
«Այս այցելութեան նպատակը միացեալ ձեռնարկութիւններու միջոցով Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու խորացումն է», Երեւան այցելութենէն առաջ յայտարարած էր նախարարը:
Ռեզա Ֆաթեմի Ամին յայտարարած է, որ Հայաստանն ու Իրանը համաձայնած են Հայաստանի մէջ ենթակառուցային նախագիծերու շուրջ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի նախարար Վահան Քերոբեանի, տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնել Սանոսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետին հետ հանդիպումներու ընթացքին մենք շարք մը հարցերու շուրջ նախնական համաձայնութիւններ ձեռք բերած ենք, ինչպիսիք են Հայաստանի մէջ իրանեան ընկերութիւններու կողմէ ճամբաներու կառուցումը», ըսած է նախարարը` աւելցնելով, որ իրենք համաձայնած են, որ իրանեան ընկերութիւնները մասնակցին Հայաստանի մէջ տարանցիկ ճամբաներու կառուցման մրցումներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատունը կը յիշեցնէ, որ Իրանը արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ Քաջարան-Սիսիան ճամբու կառուցման հարցին մէջ համագործակցելու:
Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Իրանը Հայաստանի տարածքով Վրաստանի հետ կապող 64 քիլոմեթրնոց ճամբու կառուցումը Իրանի` Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցք գործարկելու նախագիծին մէկ մասն է` յիշեցնելով, որ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքը 7200 քիլոմեթր երկարութեամբ ծովային, երկաթուղային եւ ինքնաշարժային հաղորդակցութեան ճամբաներու ցանց է, Իրանի, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռնափոխադրումներու համար: