ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի խորհրդարանը, 27 Դեկտեմբերին կայացած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ Երուսաղէմը ճանչցաւ «Պաղեստինի յաւերժական մայրաքաղաք»։ Բանաձեւը վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ (270-0):
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտարարած է, թէ բանաձեւը հակադարձութիւն մըն էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու քայլին՝ այդ քայլը «իսլամներուն հարուած հասցնելու» փորձ մը համարելով։