Ուրբաթ, 17 յունիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Սայետ Մոհամետ Ռիտա Մուրթատաուիի:
Ներկայացուցիչը վեհափառին յանձնեց յիշեալ կեդրոնի նոր նշանակուած ընդհանուր տնօրէնին` Մոհամետ Մեհտի Իմնիբուրի նամակը: Նամակին մէջ տնօրէնը կը շեշտէ ահաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ` արեւմտեան ընկերութեան մէջ հակաիսլամական շարժումները կասեցնելու հրամայականը:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին յայտնեց, որ ընդհանրապէս միջկրօնական եւ յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբեք, եւ այս ուղղութեամբ ինք ո՛չ միայն հրատարակութիւններ կատարած ու դասախօսութիւններ տուած է, այլ նաեւ` գործնական քայլերու դիմած: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց երկխօսութենէ անդին, աշխարհը յուզող մտահոգութիւններու ու խնդիրներու գծով միացեալ կեցուածք ճշդելու կարելիութիւնը:
Յայտնենք, որ Իրանի վերոյիշեալ կեդրոնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ շուրջ 25 տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի` ժամանակակից հարցերու քննարկման առնչուած: