ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումէն պիտի շահին ոչ միայն Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան, այլ նաեւ` Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա, 6 Հոկտեմբերին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Իրանի իր պաշտօնակից Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հանդիպումէն ետք:
Լաւրով յայտնեց, թէ իրանեան կողմը դրական կերպով արձագանգած է նշեալ երկիրներու մասնակցութեամբ 3+3 ձեւաչափով նոր հարթակ ստեղծելու նախաձեռնութեան: Պնդելով, թէ առաջարկին կողմ են նաեւ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա՝ Լաւրով աւելցուց, թէ հայ գործընկերներու հետ տակաւին աշխատանք կը կատարուի այս ուղղութեամբ:
Ապտոլլահեան յոյս յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛արձագանգէ Հարաւային Կովկասի մէջ սահմաններու հաւանական փոփոխութեան՝ նշելով․ «Մենք մտահոգութիւններ ունինք եւ քննարկած ենք այդ հարցը Լաւրովի հետ»:
Այս գծով մանրամասնութիւնները եւ ռուսական կողմին արձագանգը յստակ չեն։