ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Վերջերս Իրաքի հայոց թեմի աոաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանը: Արդարեւ, 13 մայիս 2022-ին Իրաքի հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ, Պաղտատ, թեմի նախկին առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուեցաւ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած թեկնածուներէն, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան:
Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1986-ին: Յունիս 1986-էն մինչեւ Ապրիլ 1987 ծառայած է իբրեւ կաթողիկոսութեան քարտուղար, ապա ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` Էջմիածինի մէջ Քանատայի թեմի նախկին առաջնորդ Վազգէն արք. Քէշիշեանի ձեռամբ: 1987-1988 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Քանատայի Բրիտանական Քոլոմպիա նահանգի Վանքուվըր քաղաքին մէջ: 1988-ին Օշական Կիւլկիւլեան պաշտպանած է իր թեզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին` Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է վարդապետի աստիճան:
1989-ին ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: 1990-1993 թուականներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ռեչմոնտ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ` իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա ուսումը շարունակած է Ռեչմոնտի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վըրճինիայի Համագործակցութեան համալսարանին մէջ:
1993-ին նշանակուած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ լուսարարապետ, իսկ 1994-ին` Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
Մայամիի մէջ աշխատած է մնայուն շէնք մը հաստատել եկեղեցւոյ համար` գործող վարձու շէնքին փոխարէն. ձեռնարկած է Հարաւային Ֆլորիտայի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցման եւ աշխուժօրէն մասնակցած է դրամահաւաքի ու հողի գնման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական շէնք եւ մշակութային կեդրոն կառուցելու աշխատանքին: Այդ ջանքերուն արդիւնքը եղած է Ֆլորիտայի ներկայ Սուրբ Մարիամ եկեղեցին:
1997-ին Տ. Օշական Կիւլկիւլեան եղած է Մասաչուսեց նահանգի Չելմսֆորտ քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ ազդու կերպով մասնակցած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման համար դրամահաւաքի կազմակերպման ու ղեկավարման գործերուն:
2001-ին նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1700-ամեակի յանձնախումբի կազմին մէջ` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ: Իսկ 2002-ին օժանդակած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի զարգացման գրասենեակին` Նիւ Եորքի մէջ, եւ իբրեւ այցելու հովիւ` ծառայած է թեմի եկեղեցիներուն: 2003-ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում, նաեւ` կրօնական ուսուցման վկայական` Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն աստուածաբանութեան ճեմարանէն:
Աւելի ուշ, նոյն տարուան ընթացքին, ան նշանակուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ հովիւ, իսկ 2005-ին ստանձնած է Հայկական մարդասիրական ակադեմիայի կառավարիչի պարտականութիւն` Հնդկաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներու հովուութեան կողքին: Այդ շրջանին հիմնովին վերանորոգած է դպրոցական համալիրը եւ երկու եկեղեցիներ Պենկալի մէջ, Հնդկաստան: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ մայիս 2009, ապա վերադարձած է ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմ, ուր նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը ու Պաղտատ փոխադրուիլը` յուլիս 2022:
Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 18 յունիս 2022-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանեց Պաղտատ` ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեանի եւ դիմաւորուեցաւ ազգային պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ: Հայր սուրբը իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Պաղտատի աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 24 յունիս 2022-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, ուր ներկայ էին նաեւ պետական ներկայացուցիչներ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Ալեք Ղարիբեան, եւ քոյր համայնքներու եկեղեցականներ:
Կը շնորհաւորենք հայր սուրբին ընտրութիւնը եւ սրտանց կ՛աղօթենք, որ ամենակալ Տէր Աստուած իրեն պարգեւէ անսպառ ուժ ու կարողութիւն, առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն իր նոր առաքելութեան մէջ:
Այս առիթով նաեւ կը շնորհաւորենք Իրաքի հայ գաղութը, որ միշտ եղած է հայկական ամենափայլուն գաղութներէն մին` իր եկեղեցասէր եւ ազգասէր զաւակներով, եւ վստահ ենք, որ ան իր նորընտիր, նուիրեալ ու եզակի հոգեւոր պարգեւներով օժտուած, երկարամեայ բազում փորձառութիւններու հեռանկարով հարստացած խանդավառ առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի հովուական խնամքին ներքոյ պիտի շարունակէ ապրիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով, պիտի մնայ հաւատարիմ իր ինքնութեան եւ պիտի նուաճէ նոր բարձունքներ:
Լոս Անճելըս, Յունիս 2022