ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Տոհայի օդակայանին մէջ, Հինգշաբթի օր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մեւլուտ Չաւուշօղլուի, միջեւ, որոնք քննարկեցին նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը:
Հակառակ ռուս եւ թուրք փորձագէտներու կանխատեսումներուն, կը թուի, թէ Արցախի պատերազմը ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վնաս չէ հասցուցած, գոնէ հրապարակաւ: Մոսկուա կը յայտարարէ, որ յարաբերութիւնները ռազմավարական եւ բարեկամական են, թէեւ կան որոշ տարակարծութիւններ, սակայն յատկանշական է, որ անոնց շարքին Մոսկուա չի նշեր Արցախի հարցին մէջ Անգարայի դիրքորոշումը:
Ռուսիոյ համար թերեւս ամէնէն կարեւորը Խրիմի հարցով Մոսկուայի եւ Անգարայի հակադիռ մօտեցումներն են. Անգարա պարբերաբար կը յայտարարէ, թէ չի ճանչնար Խրիմի վերամիաւորումը Ռուսիոյ, եւ թուրք գործիչներ կը պնդեն, թէ Խրիմը պատմական Թուրքիոյ տարածք է:
Մոսկուայի եւ Անգարայի շահերը պարբերաբար կը բախին նաեւ Սուրիոյ մէջ, ուր երկու երկիրներն ալ զինուած ուժեր ունին եւ կը պաշտպանեն հակամարտող երկու տարբեր կողմերուն շահերը: