Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համոզում յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը մէկընդմիշտ մէկ փաստաթուղթով չի լուծուիր, խնդիրը լուծելու համար փուլային մօտեցում պէտք է. կը յայտնէ «Արմինֆօ»:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կողմերուն ձեռքն է: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ընդգծելով, որ կողմերէն դրական ազդակներ կը սպասուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն առնչութեամբ, որոնք կողմերուն մօտ են:
«Ռուսիա չի կրնար յստակ ծրագիրներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար, քանի որ խնդիրը պէտք է լուծեն հակամարտող կողմերը: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռուսիան` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ ամէն բան կ՛ընէ տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով», ըսած է Լաւրով:
Լաւրով ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած են մեծ ջանքեր` ամփոփելով հակամարտող կողմերու բոլոր դիրքորոշումները եւ փորձելով անոնցմէ առանձնացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այս կամ այն հատուածին վերաբերեալ համընկնող մօտեցումները: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը փաստած է, որ միեւնոյն ժամանակ իրենք փորձած են յուշել այն փոխզիջումները, որոնք կողմերը կրնան յանգեցնել ընդհանուր յայտարարի այն հարցերուն մէջ, ուր տակաւին տարակարծութիւններ կան: