«Մենք իրաւունք չունինք բացառելու այն կարելիութիւնը, որ Քիեւի վարչակազմը կրնայ չդիմանալ եւ դիմել զինուորական արկածախնդրութեան», 30 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Մոսկուան տագնապի մէջ ներքաշուելու ցանկութիւն չունի, սակայն աւելցուցած է. «Եթէ Արեւմուտքը չկարենայ զսպել Ուքրանիան, այլ հակառակը` հանդէս գայ դրդողի դերին մէջ, մենք մեր անվտանգութեան յուսալի ապահովման նպատակով պիտի դիմենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն»:
Լաւրով յիշեցուցած է նաեւ, որ ուքրանական բանակը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն դէմ արգիլուած զինատեսակներ կը գործածէ, այդ կարգին` անօդաչու թռչող սարքեր:
«Յոյսով եմ, սակայն, որ նոյնիսկ ներկայիս Քիեւի վարչակազմը չի քալեր այն ճամբով, որով գնաց Միխայիլ Սահակաշվիլին 2008-ին», ըսած է Լաւրով: