Լիբանանցի Լեթիսիա Աուն պիտի մասնակցի այս ամառ կայանալիք Փարիզի Ողիմպիական մրցումներուն:
Արդարեւ, Աուն, որ կը մասնակցէր Ասիոյ թեքուանտոյի ախոյեանութեան 57 քկ կշիռի մրցումներուն, իր տոմսը շահեցաւ կիսաւարտականին յաղթելէ ետք իր մրցակիցին:
Աուն միացաւ Լիբանանի նշանառութեան ախոյեան Ռէյ Պասիլին եւ ճիւտոյի մարզիկ ռուս-լիբանանցի Քրամինովին: Եռեակը պիտի մասնակցի Փարիզի ամառնային ողիմպիականին:
Աուն Տամուրի շրջանէն պարմանուհի մըն է, որ մաս կը կազմէ Մոն Լա Սալ ակումբին: Ան նախապէս շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրած է միջազգային եւ ցամաքամասային մրցաշարքերու: