Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արուեստի եւ ստեղծագործութեան ընթացիկ ըմբռնումներէն, դասականէն ազատագրում մը կայ իրաւ ստեղծագործութեան մէջ, ինչպէս` գեղանկարչութեան պարագային, որուն համար ֆրանսացի պայծառ իմաստասէր Ալեն կ՛ընէ հետեւալ բանաձեւումը, որ` «լուսանկարչութիւնը ազատագրեց գեղանկարչութիւնը», այսինքն արուեստագէտը տեսանելի անմիջականէն անդին երթալու կարելիութիւն ունեցաւ: Այս իմաստով ալ թատրոնը եւ ընդհանրապէս գրականութիւնը հեքիաթասացութիւն չեն:
Լաւ կ՛ըլլայ` խօսիլ Լեւոն Շանթի թատերական երկերու ընթերցման եւ բեմադրութեան մասին: Ներկայացման մը մէկ կամ երկու ժամ տեւողութեան ընթացքին, որքան ալ ուշադիր ըլլանք, պատկերներու եւ խօսքի յաջորդականութիւնը, իր չդադրող ընթացքով, արագ տողանցումով, ընդհանուր տպաւորութիւն մը կը ստեղծէ, քանի մը պատկերներ եւ խօսքեր կը դրոշմեն մեզ: Երբ բեմին վրայ արագօրէն տողանցող պատկերը եւ խօսքը խորհրդանիշ են, հոն են ուրիշ բան ցոյց տալու եւ թելադրելու համար, արուեստասէր եւ գիտակ հանդիսատեսը ստիպուած կ՛ըլլայ վերադառնալու գիրին, եթէ նախապէս չէ կարդացած երկը, կամ այդ մասին բաւարար տեղեկութիւն չունի: Այսինքն խորհրդանիշը անմիջապէս տեսանելի եւ ըմբռնելի չէ պատումի եւ պատկերի հոսանքին մէջ: Գեղագիտական վայելքը անպայման երկի մը ընդհանուր ըմբռնումը չի բերեր:
Աւելի՛ն. յաճախ մտածած եմ, որ, օրինակ, «Հին աստուածներ»-ը կամ «Շղթայուածը» չե՞ն գրուած կարդացուելու համար, եւ բեմականացումը պարզապէս կը ծառայէ զանոնք ժողովրդականացնելու: Աւելի՛ն. հանդիսատեսը, սրահին մէջ, լոյսերու եւ տարազներու յաջորդականութեան թափով տարուած, իմաստներ եւ խորհրդանիշներ հասկնալու ժամանակ չ՛ունենար, մանաւանդ եթէ նախապէս չէ կարդացած երկը, այդ մասին բացատրութիւններ չէ լսած: Այս տրամաբանութեամբ ալ, մի՞թէ աւելի հասկնալի չեն ըլլար այդ թատերախաղերը, եթէ ներկայացուին քաղաքային տարազով եւ ներկայի պարզ ու պարզագոյն բեմայարդարումով. օրինակ, փոխանակ պալատի մը սիւնազարդ դահլիճին, համեստ բնակարանի հիւրասենեակին մէջ: Երբ հերոսները մեզի պէս ըլլան, իրենց խորքը աւելի դիւրին կ՛ըլլայ սեւեռել: Ֆրանսական դասականները` Քոռնէյ, Ռասին, Մոլիէր, երբ քաղաքային տարազով եւ կացութեամբ կը ներկայացուին, աւելի դիւրին կ՛ըմբռնուին իմաստները, խորհրդանիշները:
Քիչ մը ամէն տեղ եւ յաճախ յիշեցում եղած է, որ Լեւոն Շանթի գրականութեան մէջ հիւսիսի երկիրներու աշխարհահայեցողութիւնը կայ, կը յիշեն Ֆրետերիք Նիցչէի յաւերժական վերադարձը, որ պատմութեան կրկնութիւնն է, գերմարդ ըլլալու ձգտումը, որ ուժի պաշտամունքն է, ուժը իր բոլոր ձեւերով` դրամ, իշխանութիւն, հռչակ, գեղեցկութիւն եւ այլ տեսակի նուաճումներ: Բայց պահ մը եթէ մտածենք, կրնանք ըսել, որ ստեղծագործութեան մը պարագային, որքան որ ալ տիրական ըլլան տաղանդը եւ հանճարը, ինչ որ կը ստեղծուի, ոչինչէն չի գար, միշտ շարունակութիւն մը կայ, նախորդին վրայ կը բարձրանայ: Տաղանդը եւ հանճարը կը միջամտեն, որպէսզի ստեղծագործութիւնը կրկնութիւն չըլլայ, գրականութիւնը թութակաբանութիւն չըլլայ, գեղանկարը լուսանկար կամ տպագրութիւն չըլլայ: Լեւոն Շանթի Եւրոպա մնացած տարիները իր տեսնելու եւ զգալու կարողութեան առջեւ բացին նոր հորիզոններ, հասունացում, ձեւաւորելով իր միտքը: Հետեւաբար, ազդեցութիւն բառը ճիշդ իմաստով պէտք է գործածել, աւելի ճիշդ է ըսել` անոնք իր իմացական աշխարհին մէջ ստեղծեցին համադրութիւն մը, որ նոր լուսաւորումով խտութիւն տուաւ իր խօսքին եւ գիրին:
Յաճախ պէտք է կրկնել, որ Լեւոն Շանթ ո՛չ տաղասաց է, ո՛չ ալ պատմաբան, ինչպէս` բոլոր իրաւ վիպագիրները: Պատումը եւ իր հերոսները, որքան որ ալ տեղ մը արձանագրուած ըլլան որպէս պատմական դրուագներ եւ դէմքեր, պարզապէս խորհրդանիշներ են` սեմպոլներ, ուրիշ բան ըսելու համար հեղինակի անմիջական ժամանակին մէջ: Զգացումներ, որոնք կը հասնին իրենց բացարձակ արտայայտութեան: Այդ զգացումները կան մարդուն մէջ, այրերու եւ կիներու, սակայն կեանքի պայմանները եւ անհատական նկարագիրները զանոնք կը դրսեւորեն տարբեր եղանակներով: Գրագէտը, այս պարագային` թատերագիրը, եթէ կրկնէ պատմութիւնը, ոչինչ կը բերէ:
Պատումի իրական կամ հնարուած դրուագը ստեղծագործող թատերագրին համար մեկնակէտ է: Եթէ պատմութեան արտագրուած ներկայացումը ըլլայ նպատակ, այդ կ՛ըլլայ վաւերագրական թատրոն կամ շարժանկար, ինչպէս անցեալի այնքան բազմաթիւ եւ նշանաւոր ժապաւէնները` յունական կամ հռոմէական պատմութեան մասին, ինչպէս կ՛ըսուի` péplumները, որոնք հետաքրքրաշարժ էին, տպաւորիչ, զբօսանքի կը ծառայէին` իրենց հռչակաւոր դերասաններով, զանգուածներուն համար անմիջականօրէն մատչելի, որոնք կը ներկայացուին մինչեւ այսօր: Կամ` թերթերուն մէջ ամէն օր լոյս տեսնող ոճիր-արկածի պատմութիւնները, ռազմաճակատէ մը հասնող դէպքերու լուրերը:
Ստեղծագործական թատրոնը հասարակ բարոյախօսութիւն չէ, որուն կը հանդիպինք «սոց-արթ»-ի պարագային, ապսպրուած գրականութիւն եւ արուեստ, ան գեղեցիկի, խօսքի հմայքի եւ խորհրդանիշի համաձուլում է: Լեւոն Շանթի պարագային այդ միաձուլումը կայ, նոյնիսկ` հայերէնի հանդէպ իր ցուցաբերած ազատութիւններով, որուն մասին կարելի է խօսիլ այլ պայմաններու մէջ: Լեզուն իր բառերով, նոյնիսկ` իր պարզութեամբ, շարահիւսութեամբ, ինքնատիպ կառուցումով արտայայտուած միտքի հզօրացման կրողը պիտի ըլլայ: Ձեզի ծանօթ պէտք է ըլլայ «Կայսր»-ի Դ. արարի Է. տեսարանի կայսրի եւ Հաննայի զրոյցը, ուր կայ մեծ եւ հնչեղ բառ` առանց տպաւորելու միտող բարդացումներու, բայց տեսարանը իր պարզութեամբ մեծ գաղափարներու պայծառութիւն կու տայ, գերանցումի, երազի, բարձրացման, առանց զիջում ընելու մարդկային տկարութիւններու առջեւ:
Կայսր.- Ահա՛ կեցած եմ նորէն, Հա՛ննա, Պետքար լերան գլուխը, ահա նորէ՛ն ես յաղթական, նորէ՛ն ետիս մահ ու խորտակում, նորէ՛ն սիրտս թուխպ ու հոգիս խռով…
Հաննա.- Մի՛ կենար ու մի՛ նայիր ետ, ետիդ անդունդ է:
Կ.- Անդո՛ւնդ, դաժան ու մթի՜ն:
Հ.- Վե՜ր, մագլցիր վե՜ր:
Կ.- Արժէ՞: Եւ ո՞ւր: Ահա գագա՛թ մը:
Հ.- Անո՛նց համար, որոնց շունչը կարճ է:
Կ.- Բոլոր գագաթներուն համար ալ աս է եղածը:
Հ.- Բայց եւ այնպէս, քալէ՜, քալէ վե՜ր:
Կ.- Ո՛վ դուն, իմ հոգիիս անվերջ ձգտումը, իմ անհանգիստ, իմ անյագ հոգիիս անզուսպ ու թեւաւոր ձգտումը, բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ դուն, ինչո՞ւ այս ձգտումը, եւ մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Հ.- (Մատնանիշ ընելով լեռները) Մինչեւ ճերմակ բարձունքները, մինչեւ միգոտ կատարները, մինչեւ անհաս տենչանքները, մինչեւ մահուդ սահմանները…
Կ.- (Տխուր) Մինչեւ անհուն տենչանքները… մինչեւ մահուան սահմանները:
Հ.- Վե՜ր, մագլցէ՛ վե՜ր…
Կ.- Այո՛… մնացածը բոլորովին ոչինչ է:
Հ.- Վե՜ր, մագլցէ՛ վե՜ր…
Հոս հաւանօրէն ճիգ մը ընելով` պէտք է վերդառնալ երիտասարդ բանաստեղծի տողերուն, զորս մէջբերեցի խօսքիս սկիզբը.
Էհէ՜յ, միշտ վեր ես սրտադող
միշտ վե՜ր կ՛ուզեմ, որ խոյանամ:
Խիստ թելադրական են ընտրուած բառերը, սրտադող, անհաս տենչանքներ, մնացածը բոլորովին ոչինչ է, որոնք կը նշեն այն, որ գիտակցելով հանդերձ անհեթեթին, այն օրերուն պիտի ըսէին` ունայնութեան, հռոմէացիներու «vanitas vanitataum, omnia est vanitas»-ը, յիշելով նաեւ Սիզիփոսի առասպելը, որ ժայռաբեկորը լեռ կը բարձրացնէր` գիտնալով հանդերձ, որ ան կրկին վար պիտի գլտորի, բայց կը շարունակէր այդ ընել, մարդը, որ այս պարագային երկին հերոսն է, պիտի շարունակէ իր ինքնահաստատման պայքարը, ինչ որ կ՛ընէ մեզմէ իւրաքանչիւրը` իր չափերով, ինքնահաստատում` մերժելով տուեալ եւ պարտադրուած կացութիւնները: Այդպէս է նաեւ «Շղթայուած»-ի մնայուն եւ տեւող պայքարը իշխողին դէմ, հաստատուած եւ իշխող շահագործող կարգերուն դէմ, ինչպէս այդ կ՛աղաղակէ երկին հերոս աշխատաւոր Դարբինը, առաջին արարի թիւ 2 բաժնին մէջ, այնպէս, որ կարծէք այսօրուան պարզ ժողովուրդը կը խօսի.
Դարբինը.- (Յանկարծ կը խլէ կռանը սալին վրայէն ու կը նետէ անդին) Կշտացեր եմ այս բոլորէն. սա կեանք չէ. սա գերութիւն է, գերութիւն:
Ջուլհակը.- Ճակտիդ քրտինքովը պիտի ուտես քու հացը. այդպէս է գրուած, այդպէս է կարգը:
Դ.- Հա՛, ինծի ու քեզի նման էշերու համար: Այսպէս կարգ դնողը թող այնպէս դնէր, որ իմ աշխատանքս օր ու ցերեկով չգային ու չխլէին շունն ու գայլերը: Թող ամէնուն քրտինքը մնար իրեն:
Ջ.- Կը տեսնեմ, ի զուր է քեզի հետ խօսիլը: Այդ մարդը քու գլուխդ է շուռ տուեր: Քիչ ման եկուր, քի՛չ, այդ Նաղաշին ետեւէն:
Դ.- Ինչո՞ւ սուտ է ըսածը: Անիծուած են այդ աշխարհքի բոլոր կարգերը: Անէ՜ծք կայ մեր կեանքին վրայ:
Եւ խօսքիս ընթացքին քանիցս ընդգծուած կացութիւնը կը բանաձեւէ «Շղթայուած»-ի գլխաւոր դէմք Նաղաշը.
Նաղաշ.-…. Ի զո՜ւր: Տապալեցիք հին բռնակալը, եկաւ նորը. կը տապալէք նորը` կու գայ յաջորդը: Ասոր վերջ չկայ: Գիտցէ՛ք, ոչինչ չէք շահելու դուք, մինչեւ որ չխորտակէք այդ ամէնքը ծնող, այդ ամէնքը սնող մա՜յր բռնակալը, բո՛ւն, իսկակա՜նը:
Ձայներ.- Ո՞վ է: Ո՞վ է: Ըսէ՛: Ցո՛յց տուր:
Նաղաշ.- Կ՛ըսեմ: Բարձրացե՞ր էք դուք բարձր սարերը, մագլցե՞ր էք դուք ժայռ գագաթները: Քանի վարն էի, ամէնէն բարձր կը թուէր ինծի տեսած գագաթս: Քանի վեր կ՛ելլեմ` անոր ետեւէն նոր-նոր գագաթներ կ՛ելլեն առջեւս: Ըսե՜մ, ըսե՜մ ձեզի: …Եթէ կ՛ուզէք, որ փրթին ձեր բոլորի շղթաները, ընկճեցէ՜ք այն բռնակալը, որ կ՛ապրի ձեզմէ ամէն մէկուն կրծքին տակ, մեռցուցէ՛ք ձեր մէջի բռնակալը…
Մեր մէջի բռնակա՞լը. եսը, ընչաքաղցութիւնը, փառասիրութիւնը, իշխանատենչութիւնը, մեզ մղող կիրքերը:
Այնքա՜ն արդիական եւ մեզի ժամանակակից է այս Նաղաշը:
Լեւոն Շանթ կը բեմականացնէ պատմութեան ինքնակրկնութիւնը եւ մեր եսասիրութիւններու ու փառասիրութիւններու վերսկսումը, մեր էութեան մէջի մեզ կրծող մեր գերութիւնը, աւելի բնազդական, քան` իմացական:
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան
(Շար. 3)