Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ յայտնեց, թէ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի բանակցութիւնները պիտի վերսկսին վաղը` հինգշաբթի, 9 դեկտեմբերին: Լը Տրիան աւելցուց, որ բանակցութեանց վերսկսման ազդանշանները «քաջալերական չեն», եւ «Ռոյթըրզ»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները դիտել տուաւ, թէ «իրանցիք կը նախընտրեն, որ բանակցութիւնները շարունակուին ու որքան որ անոնք երկարին, այնքան անոնք (իրանցիք) կը փորձեն խուսափիլ իրենց յանձնառութիւններէն: Ֆրանսացի դիւանագէտը զգուշացուց, որ վտանգաւոր այլընտրանք կը մնայ` բանակցութեան վերսկսման այս հաւանականութիւնը ձախողեցնելու պարագային:
Իր կարգին, իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու Պաքէր Քանի երէկ նոյնպէս հաստատեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին հինգշաբթի` հիմնական նպատակ ունենալով Իրանի դէմ պատժամիջոցներու անմիջական վերացումը: Ան աւելցուց, որ այս գծով իրանեան պատուիրակութիւնը անցնող բանակցութեանց փուլերու լոյսին տակ համադրուած առաջարկներ ներկայացուցած է պատկան մարմինին: Սակայն այս քայլը հակասական կեցուածքներու դուռ բացաւ, յատկապէս` արեւմտեան ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք «ընդհակառակն` նախորդ փուլերու տրամադրութիւններուն հակասող առաջարկներ նկատեցին իրանեան զեկուցումին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի համաձայն, «Իրան կ՛ուզէ ինքզինք մեկուսացնել` խախտելով ցարդ ընթացած բանակցութեանց փուլերու տրամադրութիւնները», ինչպէս հաղորդեց ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» թերթը: