ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Տարածաշրջանի խաղաղութիւնը վտանգուած է, կայունութիւնը՝ փխրուն, յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան՝ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի 2րդ նիստին:
Ընդգծելով, որ 2020ի Սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած 44օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքները անդառնալի էին՝ Արշակեան շեշտեց. «Այսօր մեր առջեւ կանգնած են անվտանգութեան մարտահրաւէրներ: Առաւել վտանգաւոր զարգացում է հանդիսանում ադրբեջանական զինուժի ներթափանցումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Հայ-ադրբեջանական սահմանին իրավիճակը լարուած է 2021ի Մայիսի 12ից: Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ոտնձգութիւնները յանգեցրել են մարդկային զոհերի եւ լրջօրէն վտանգել տարածաշրջանային անվտանգութիւնը», խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը»:
Արշակեան նշեց, որ միջազգային գործընկերներէն կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանի անօրինական գործողութիւններուն անյապաղ եւ յստակ արձագանգ։
«Մեր խորին համոզմամբ, ուժի կիրառումը չի կարող նպաստել վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների հաստատմանը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան մթնոլորտին», յայտնեց ան եւ նշեց, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը, եռակողմանի յայտարարութիւններու լիարժէք իրականացում, որոնց կարգին՝ զինադադարի պահպանումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրսբերումը, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու անյապաղ վերադարձը, կրնան պայմաններ ստեղծել տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման համար:
«Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է հարեւան պետութիւնների հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալը», ըսաւ Արշակեան՝ ընդգծելով, որ կողմնակից են եւ կը ձգտին տարածաշրջանին մէջ բաց սահմաններով եւ գործընկերութեան վրայ խարսխուած յարաբերութիւններու հաստատման՝ մնայուն կերպով պատրաստ ըլլալով առողջ ու իրատես երկխօսութեան:
Արշակեան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա կը վերանայի 1993էն ի վեր անկախ Հայաստանի նկատմամբ վարուող փակ սահմաններու քաղաքականութիւնը:
«Մենք պատրաստակամ ենք համագործակցութեան կամուրջներ ունենալ ինչպէս հարեւան երկրների, այնպէս էլ տարբեր ձեւաչափերում գործող միջազգային կազմակերպութիւնների հետ՝ ի նպաստ մեր երկրի զարգացման ու տարածաշրջանում խաղաղութեան ամրապնդման: Վստահ եմ, որ Եւրոպական Միութիւնն այն կառոյցն է, որն իր առաքելութեամբ կ՛աջակցի այդ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմանը», եզրափակեց Արշակեան: