«Պէտք է դիմենք երկխօսութեան», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի գծով կազմուած հնգեակի հետ կայացած հանդիպումի աւարտին: Լրագրողներու հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք իրե՛նք պէտք է որոշեն, եւ ըսաւ. «Մե՛նք պէտք է որոշենք երկխօսութեան ձեւն ու խորքը»:
Արդարեւ, Լիբանանի հրատապ հարցերու, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թնճուկի լուծման ճիգերու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Յակոբ Թերզեան երեքշաբթի օր մասնակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական պլոքներու հետ կայացած հանդիպումին: Խորքին մէջ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր Լիբանանի քաղաքացիներն ու ղեկավար ընտրանին մտահոգող նախագահական թնճուկի կարծրատիպ կեցուածքները մեղմացնելու եւ այս գծով կողմերու «բազկերակը քննելու» միտումով միջազգային հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները նախանցեալ օր Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի Տաուհաթ Արամունի բնակարանին մէջ տեսակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական գլխաւոր պլոքներուն, յատկապէս Հայկական երեսփոխանական, Ազգային համախոհութեան, Փոփոխութեան ուժերու եւ Թաժատտոտ, (Վերանորոգում) պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ամիսներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցն ու առնչակից կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացման կարելիութիւնները:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հնգեակին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի աւանդական վարքագիծը` պատերազմը մերժելու, բացառապէս քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու եւ միջհամայնքային համախոհութեամբ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատրաստ են ճիգ չխնայելու հանրապետութեան նախագահ ընտրելու աշխատանքին գծով` ընդգծելով, որ հրամայական է, որ համալիբանանեան համախութիւն գոյանայ նախագահի թեկնածուի շուրջ: