Տակաւին կասկածներ ունեցող քաղաքացիներուն համար, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները արդէն իսկ իրականութիւն կը դառնան վաղը` ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, երբ արտերկրի լիբանանցիները` ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուրբաթը արձակուրդի օր է, կը սկսին քուէարկութեան, իսկ կիրակի օր քուէարկութիւնն ու ընտրութեան հոլովոյթը կը շարունակուի Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Մինչեւ յաջորդ կիրակին` 15 մայիս 2022-ը, այսինքն` յառաջիկայ 10 օրերուն ընտրապայքարն ու ընտրական կազմակերպական ու քարոզչական աշխատանքները կը շարունակուին երկրին մէջ, մերթ պարկեշտութեամբ, իսկ ցաւ ի սիրտ շատ անգամ` առուծախով:
Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսենք, որովհետեւ ծախուողը քուէն է` քաղաքացիին իրաւունքը, խղճի արտայայտութիւնը, կամքն ու ազատ որոշումը, որ յառաջիկայ տարիներուն համար ինչե՜ր կրնայ փոխել երկրին մէջ:
Ընտրութիւններուն սկսելու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել
Աուն կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ նշեց, թէ ընտրակաշառքի գումարներու բարձրացումին առընթեր ինք կը մտաբերէ այն տողերը, զորս գրած է 1998-ին:
«Խուսափեցէ՛ք ընտրելէ այն թեկնածուները, որոնց գրպանը լեցուն է, որովհետեւ անոնց գրպանին մէջ գտնուող դրամը իրենց կը պատկանի: Քուէարկեցէ՛ք այն թեկնածուներուն, որոնք սրտով եւ միտքով կը գործեն, որովհետեւ անոնց սրտերուն ու միտքերուն մէջ եղածը ձեզի կը պատկանի:
Աշխատեցէ՛ք խորհրդարան հասցնել անոնք, որոնք արժանապատուութիւն ունին եւ կը գործեն կամքով, որովհետեւ անոնց պատիւը զիրենք սայթաքումներէ հեռու կը պահէ, իսկ գործելու կամքը իրենց կու տայ նուաճումներ արձանագրելու կարողութիւն», շեշտեց նախագահ Աուն:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու ազգային սկզբունքներուն եւ ոչ թէ ընտրական խոստումներուն:
Պըրրի կոչ ուղղեց Ասիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու լիբանանցիներուն քուէարկելու ի նպաստ լիբանանեան ազգային շահերուն գործող քաղաքական ուժերու թեկնածուներուն:
Նշենք, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը եւ զգուշացուց երկրին ապահովութիւնը խախտելու փորձերէն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ խիտ շարքերով քուէարկելու: