Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն, շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:
Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները, իրենց ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ, միախմբուին Անթիլիասի մայրավանք` նշելու նաեւ «Կիրակնօրեայի օր»-ը:
Արդարեւ, ս. պատարագը մատուցեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը, իսկ ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ս. սեղանին սպասարկեցին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները: Ս. պատարագի աւարտին կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքը, գլխաւորութեամբ պատասխանատու հայր սուրբին եւ. Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանին ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանին, բարձրացաւ վեհարան, ուր մայրավանքի կիրակնօրեայի ուսուցիչ Արին Մարգարեանը բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա իւրաքանչիւր շրջանի կիրակնօրեայ վարժարան ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը` սաղմոսասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ:
Հուսկ, Արամ Ա. յայտնեց իր բարձր գնահատանքը եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց մանուկներուն: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մայրավանքին մէջ խումբ մը փոքրիկներու ներկայութեան գեղեցիկ տեսարանին համար, ուր անոնք ամէն կիրակի կը հաւաքուին եւ Աստուծոյ խօսքը ստանալով` առաւել եւս հոգեւոր սնունդով կը լիցքաւորուին: Ի վերջոյ, մայրավանքի պարտէզին մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ խումբ մը փոքրիկներ տնկեցին մշտադալար ծառ մը` որպէս խորհրդանիշ իրենց հաւատքի արմատաւորման: