«Քրիստոնէական հաւատքէն մղում առնող
ծառայութիւնը ինքնընծայում է,
մինչ մարդասիրական ծառայութիւնը
սոսկ մեր ունեցածէն բան մը տալ է ուրիշին»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը երբ պիտի թերթատենք, այնտեղ անպայման պիտի տեսնենք ծառայական դաշտը Հայ եկեղեցւոյ, որուն կիզակէտը կը կազմէ հետեւելով մեծ վարդապետին` Քրիստոսի օրինակին եւ ուսուցումներուն, ապա ծառայական դաշտը կը տեսնենք նոյնինքն Հայ եկեղեցւոյ աւազանէն մկրտուած հայ քրիստոնեան: Հայ եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքին եւ հայ դպրոցին մէջ հասակ նետած հայորդին զինուած ծառայական վեհ գաղափարներով եւ ականատես ըլլալով շրջապատին մէջ մատուցուած ծառայութեամբ կը շարունակէ այս նուիրական երթը եւ կը զարդարէ իր հոգին ու կեանքը ամէնէն գեղեցիկ առաքելութեամբ` տալով իր նմանին, կարիքաւորին, աղքատին, լքուածին, տնանկին… Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ մենք չունենայինք ընկերային ծառայութեան կեդրոններ եւ ընկերային ծառայողներ: Պատասխանը այդքան ալ դրական կարելի չէ երեւակայել, որովհետեւ մեր կեանքը անջրդի պիտի ըլլար, իսկ կարիքները բազմազան եւ պարագաները` անլուծելի:
Լիբանանահայ համայնքի պատմութեան մէջ 1977 թուականը կը յատկանշուի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան հիմնադրութեամբ, որ կը նպատակադրէր, Հայ եկեղեցւոյ եւ միութիւններուն կողքին, հայ ածուին մատակարարել բարօր կեանքի պայմաններ եւ նպաստել հայ ընտանիքին ստանձնած ծանր բեռը թեթեւցնելու ճիգին: Եւ ահա այսօր Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը, Աստուածաշունչի բարի սամարացիի առակին նման, կը ծառայէ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն անխտիր:
Արդ, ընկերային ծառայողներու օրուան նշումին լոյս սփռելով եւ մեծարելու այն նուիրեալ վաստակաշատ ծառայողները` արժանի յարգանքի ձեռնարկ մը կայացաւ նախաձեռնութեամբ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան, երեք համայնքապետներու կողքին, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ զգացական է պահը, որովհետեւ կը նշուի աստուածահաճոյ այս տօնը` Ընկերային ծառայողներու տօնը: Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը կը գործէ 46 տարիներէ ի վեր, եւ անոր կ՛անդամակցին 68 ընկերային ծառայողներ` հայկական, տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ: Միութիւնը առիթ ընծայած է կառոյցներու միջեւ գործակցութեան եւ աշխատանքներու համադրումին` նպատակ ունենալով առաւելագոյն չափով ծառայելու հայորդիներուն ծով կարիքներուն: Ան նշեց, որ եկեղեցիները եւ հոգեւոր հայրերը, կրթական մշակները, կուսակցական մարմինները, օրաթերթերն ու ձայնասփիւռի կայանները ոչ մէկ ճիգ խնայած են ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու, ձեռք երկարելու եւ քաջալեր հանդիսանալու ծառայողական բոլոր ջանքերուն: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ Ազգային վարչութեան, ԱՖՀԻԼ ապահովագրական գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի արուեստագէտներուն, «Շիրակ» տպարանի տէր եւ տնօրէն Վիգէն Հաննէսեանին, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցեցան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Հանդիսութեան բացման աղօթքը կատարեց հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ներկայացուցիչ Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը:
Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան ըսաւ, որ ընկերային ծառայութիւնը մարդկային պատմութեան իւրաքանչիւր փուլի եղած է յատուկ արուեստ` լսելու, յոյս ներշնչելու եւ ամրութեան վահան հանդիսանալու կեանքի աղն ու համը կորսնցուցած անհատներու եւ հաւաքականութիւններու, թափանցելու անոնց առօրեայի թաքուն ծալքերուն, եւ փոքր ու ազնիւ արարքներով զանոնք դուրս բերելու մութ եւ անել փապուղիներէ: Ապա ան խօսեցաւ հայ իրականութեան մասին` ըսելով, որ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ ընկերային ծառայութիւնը եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման կարեւոր ազդակներէն մէկը:
Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան յայտնեց, որ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը Լիբանանի մէջ ծնունդ առած է 1977 թուականին, երբ հայ ժողովուրդի բարօր եւ արժանապատիւ կեանքի մը տեսլականը ունեցող բարեսիրական կազմակերպութիւններու գործիչներ ի մի խմբուելով` համայնքի ընկերային կեանքը կազմակերպելու միտումով ստեղծեցին միութիւն մը, որ պիտի համախմբէր ու հովանաւորէր լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող ընկերային ծառայողները: 1987-ին միութիւնը հիմնեց յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ գաղութին մէջ մասնագիտացած եւ ազգային-եկեղեցական արժէքներով զրահաւորուած հայ ընկերային ծառայողներու կարիքը, որպէսզի նոր սերունդին օգտակար հանդիսանան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ օրուան առիթին` Ընկերային ծառայողներու սենտիքայի հիմնադրութեան 31-ամեակին եւ Ընկերային ծառայողներու օրուան` վեր առնելով անոնց առաքելութեան նպատակը: Ան գօտեպնդեց ներկայիս գործող ընկերային ծառայողները, որոնք պայքար կը մղեն ընկերային ծառայութեան ճամբով արդարութեան, հաւասարութեան կամ կարօտեալներու իրաւունքներ ձեռք բերելու աշխատանքին: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան երախտագիտութիւն յայտնեց աւելի քան քառասուն տարիներ հայ ժողովուրդի բարօրութեան նուիրաբերուած երեք ընկերային ծառայողներու, յանձինս` Անի Պուճիքանեանի, Անի Գալուստի եւ Մարօ Թոնդեանի, որոնք իրենց առաքելութեան ճամբով իսկական օրինակը հանդիսացան քրիստոնէութիւնը կեանքի վերածող Քրիստոսի այն պատուիրանին, որ կ՛ըսէ. «Ինչ որ ըրիք իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս, Ինծի ըրած կ՛ըլլաք»:
Գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի արուեստագէտները` Արմէն Ճէնտէրէճեան` ջութակ, Սելլա Սվաքճեան` ջութակ, Գէորգ Քէշիշեան` սրինգ, Կասիա Լեւոնեան` սրինգ, ներկայացուցին հայկական երաժշտութեան գոհարներէն փունջ մը:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ ծառայութեան հիմնական գաղտնիքը խօսքերու մէջ չէ: Մարդիկ կը նախընտրեն կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնք սահուն կերպով եւ յաջողութեամբ կը գործուին իրենց ընկերութեան մէջ: Իսկ ընկերային ծառայողները կը կեդրոնանան այն բոլորին վրայ, որոնք լաւ չեն գործեր, անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծեն: Ընկերային ծառայողները միջնորդներ են ընկերութեան զանազան խաւերուն մէջ: Միջնորդութիւն` տկարին եւ անտեղեակին միջեւ, զրկուածին եւ կարելիութիւններով օժտուածին միջեւ, անզօրին եւ որոշում կայացնողին միջեւ: Ընկերային ծառայողներուն ծանրագոյն վիճակներէն մէկն է հաշտուիլ կամ չհաշտուիլը այն իրականութեան հետ, որ բնաւ չկայ բաւարար օժանդակութիւն, նիւթ, ժամանակ, մարդուժ, հնարաւորութիւն` հաւասարակշռելու համար ընկերութեան մէջ ընկերատնտեսական կացութիւնը: Վերապատուելին նշեց, որ այսօր լիբանանեան իրականութեան մէջ ծառայողները ունին երկու տեսակի զգացում. նախ` զգալ իրենց դերին անփոխարինելիութիւնը եւ անոր օրհնութիւնը, իսկ միւս կողմէ` այսօրուան մեր կացութեան մէջ զգալ իրենց կատարածին անբաւարարութիւնը: Վերջ ի վերջոյ այս գործին, ծառայութեան դաշտին տէրը Աստուած է: Տէրն է բաւարարութեան երաշխիքը, իսկ մենք խոնարհ տնտեսներն ենք իր դաշտին: Այսօրուան պարգեւատրեալներուն ենթահողին մէջ կը կայանայ իրենց կոչումը: Երբ մենք զիրենք կը պարգեւատրենք, օրինակ առնենք եւ շարունակենք իրենց երթը:
Այնուհետեւ Լիբանանէն դուրս գտնուող երեք ընկերային ծառայողներ` Ռիթա Մանճելիքեան, Թալին Լատոյեան եւ Քրիստին Խաչերեան իրենց վկայութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեցին տեսերիզի միջոցով:
Ապա պարգեւատրեալները իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Անի Պուճիքանեան իր խօսքին սկիզբը թուեց այն բոլոր նուիրեալները, յանձինս` Անահիտ եւ Նուպար Դաւիթեաններու, Հայկ Թիլպեանի, Անի Մագինիսեանի, վերապատուելի Ռոպէր Սարգիսեանի, Սեդա Թաշճեան- Փամպուքեանի, քոյր Նոել Տոմինիքի, որոնք այս միութեան սիւներն ու կաղնիները հանդիսացան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Նշան վրդ. Գարաքէհէեանի տիպարին: Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը առաջինը հանդիսացաւ Լիբանանի մէջ իր կազմակերպուածութեամբ եւ ծրագիր- կանոնագիրով: Մեր միութիւնը Լիբանանի այլ ընկերային ծառայողներու միութեանց օրինակ հանդիսացաւ` արհեստավարժ ծառայութիւն մատուցելով շրջապատին: Անի Պուճիքանեան նշեց, որ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը այլ բարեսիրական միութեանց եւ հայ համայնքներու հետ կապը եղած է արդիւնաւէտ:
Անի Գալուստ, որ երկրորդ պարգեւատրեալն էր, ըսաւ, թէ պահը յուզիչ էր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ երեք համայնքապետներուն եւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան` այս պարգեւատրումի առիթին համար, որ յստակ գնահատական մը տուած կ՛ըլլայ ընկերային ծառայողի դերին եւ նշանակութեան` լիբանանահայ գաղութին մէջ: Այդպիսով, անոնք շեշտած կ՛ըլլան եւ ոգեշնչող նկարագիր տուած կ՛ըլլան իւրաքանչիւր ընկերային ծառայողի, որուն օրինակին հետեւելու կոչուած են յատկապէս երիտասարդ-երիտասարդուհիները: Այս հանդիսութիւնը հրաւէր մըն է բոլորին` միանալու հանրային ծառայութեան գործերուն: Անի Գալուստ իր ծառայական կեանքի օրինակը նկատեց իր կեանքի մեծագոյն փորձառութիւններէն մէկը, որ հարստացուց իր հոգին: Իր կեանքին մէջ անջնջելի դրոշմ ձգեցին Քարիթասի 28 տարիներու ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայ կաթողիկէ բարեսիրական միութեան մէջ իր ծառայութիւնը: Ան 19 տարիներ հայ բանտարկեալներուն ծառայութիւն մատուցեց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իր գործունէութեան:
Երրորդ պարգեւատրեալը` Մարօ Թոնդեան, իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ իր ծառայական տարիներու գործունէութեան «Ճինիշեան» հաստատութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ ընկերային ծառայութիւնը կոչում մըն է եւ կը վերածուի առաքելութեան` նոյնանալով անձին էութեան հետ: Ան երկար տարիներ ծառայեց այս հաստատութեան մէջ եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները հոգեկան գոհունակութիւն կը պատճառեն: Ան յաջողութիւն եւ վերելք մաղթեց գաղութի բոլոր բարեսիրական միութիւններուն: Իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան` այս պարգեւատրման հանդիսութեան համար եւ ուժ, կորով մաղթեց իրենց:
Հուսկ, հոգեւոր պետերը բեմ բարձրացան եւ յուշանուէրներ յանձնեցին Անի Պուճիքանեանին, Անի Գալուստին եւ Մարօ Թոնդեանին:
Իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան յայտնեց, որ կ՛ապրինք մեր անհատական կեանքը` հանգիստը, ուրախութիւնը կեդրոնական համարելով: Բայց բարեբախտաբար մեր ընկերութեան մէջ կան անձեր, որոնք իրենց շուրջ գտնուող իրենց նմանը կը նշմարեն, մանաւանդ անոր ունեցած կարիքները կը զգան եւ կը փորձեն մարդկային բոլոր միջոցներով աստուածային սէրը փոխանցել անոր: Այս հանդիսութեամբ կը պատուենք վաստակաշատ երեք ընկերային ծառայողներ, որոնք օրինակելի աշխատանք տարած են մեր իրականութեան մէջ: Ան մաղթեց, որ անոնց վաստակը արդիւնաւոր դարձնէ, նաեւ մեր ընկերութեան ունեցած կարիքները նուազեցնէ ու մեզ վերադարձնէ բնականոն կեանքի: Ան շնորհաւորեց Ընկերային ծառայողներու օրը եւ անոնք, որոնք զօրակից կը դառնան մեր համայնքին մէջ ընկերային ծառայութեան բոլոր աշխատանքներուն եւ ճիգերուն:
Աւարտին պարգեւատրեալները հատեցին կարկանդակը եւ խմբանկար մը առնուեցաւ այս իւրայատուկ առիթը անմահացնելու համար:
Բարի Ընկերային ծառայողներու օր եւ բարի երթ` իրենց առաքելութեան եւ աշխատանքին: