Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին կը գումարէ իր նիստը, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին վրայ կ՛աւելնան 9 այլ պարագաներ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 41-ի: Անոնցմէ 37-ն կը գտնուին առողջական կայուն վիճակի մէջ, իսկ 4-ը` անկայուն:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 132 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 23-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 122 պարագաներ ենթարկեց բժշկական քննութեան. անոնցմէ 113-ին պարագային քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց չտուաւ, իսկ 9-ին քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց տուաւ:
Նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 16 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 26 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
Իսկ առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ գտնուող 30 պարագաներ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Նշենք, որ նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ Քումաթի «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: