ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք առաջին հարցազրոյցը ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ ընտրական օրէնքը բացթողումներով լեցուն է:
Ան հաստատեց, որ ընտրական ներկայ օրէնքը լաւագոյն օրէնքը չէ` յայտնելով, որ անիկա կը մղէ, որ նոյնիսկ նոյն ընտրացանկին վրայ գտնուող թեկնածուները իրարու դէմ մրցին` իրենց գործընկերոջ հաշուոյն անցման շեմը ապահովելու համար:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Մեթնի մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընտրական դաշինք մը գոյացուց Միշել Մըրի հետ, իսկ Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ դաշինք գոյացուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կրցաւ պահել երեք երեսփոխաններ` աւելցնելով, որ ընտրական դաշինքները ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդեն կուսակցութեան քաղաքական դաշինքներուն վրայ:
Ակնարկելով ժողովրդային իրավիճակին` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք միշտ զգուշացուցած է բարձր առաստաղով քաղաքական յայտարարութիւններէն` շեշտելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ քաղաքական այդ բոլոր յայտարարութիւնները կը մոռցուին:
Լիբանանեան Իրականութեան Մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Այսօր Ո՞ւր Կը Գտնուի
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ներկայ լիբանանեան իրավիճակին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները ծանօթ են բոլորին:
«Լիբանանի շահերը մեզի համար կը մնան առաջնահերթութիւն: Կը մերժենք պատերազմն ու զէնքի դիմելը, հաւասարակշռուած է մեր քաղաքականութիւնը եւ երկխօսութիւնը կը նկատենք երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցը: Մենք կ՛ապահովենք քաղաքական հակադրուած ուժերու տեսակէտներուն կամրջումը: 2005-ին դաշնակցեցանք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ` պահպանելով մեր իւրայատկութիւնները, բայց եւ այնպէս ընդհանուր սկզբունքներուն մէջ մենք տարբերութիւններ չունինք», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը` հակառակ Միքաթիի դերակատարութեան նկատմամբ մեր վերապահութեան: «Բայց եւ այնպէս Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրեցինք` մրցակից սիւննի այլ թեկնածուի մը գոյութիւն չունենալուն պատճառով», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան այսօր փորձանքի մէջ է: Ան ըսաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կան խորհրդակցութիւններ, որոնք կրնան մեղմացնել ժողովուրդին բեռը, «եւ նկատի ունենալով, որ կայ անձնաւորութիւն մը, որ կրցաւ այս հարցին շուրջ համախոհութիւն մը գոյացնել, ուրեմն թերեւս պէտք է զօրակցիլ այդ անձնաւորութեան եւ անոր շնորհել մեր քուէները», շեշտեց ան:
Կառավարութեան Կազմութիւն
Կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է, եւ մենք կը փափաքինք, որ կառավարութիւնը կազմուի` հեռու պայմաններէ եւ հակասող պայմաններէ: «Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան, եւ մենք մաս պիտի կազմենք անոր` նկատի ունենալով, որ նախարարը կը ներկայացնէ համայնք մը, եւ այդ ներկայացուցչութիւնը երեսփոխանական ներկայացուցչութենէն կը բխի: Հետեւաբար իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք մաս պիտի կազմենք կառավարութեան` ներկայացնելով լիբանանահայութիւնը», ըսաւ ան:
Ինչո՞ւ ՀՅԴ–ն Քաղաքացիական Ընկերութեան Հետ Մերձեցում Չկրցաւ Ապահովել
Հետեւեալ հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, մենք կառավարութիւններու մաս կազմած ենք, սակայն արտաքին հրահանգներու եւ ցուցմունքներու չենք ենթարկուած, ինչպէս նաեւ մեր գործունէութեան շուրջ փտածութեան կասկածներ չկան: Քաղաքացիական ընկերութիւնը բաղկացնող կարգ մը խմբաւորումներու հետ երկխօսութեան մէջ էինք, սակայն որեւէ համաձայնութեան չկրցանք յանգիլ` ընտրական հաշիւներու պատճառով: Իսկ խորհրդարանին մէջ կայ գործակցութիւն: Օրինակ` իբրեւ գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, պահանջեցի երեսփոխաններ Մարք Տաուի եւ Նեպիլ Պատըրի անդամակցութիւնը սոյն յանձնախումբին»:
Լիբանանի Նաւթային Իրաւունքները
Լիբանանի նաւթային իրաւունքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նաւթի եւ բնական կազի առումով Լիբանան արդէն իսկ ուշացած է` աւելցնելով, որ իր մտահոգութիւնը այն է, որ նաւթն ու բնական կազը փոխարինուին այլընտրանքային ուժանիւթով:
«Նաւթը եւ բնական կազը մեր իրաւունքներն են, եւ Լիբանանի իրաւունքն է պաշտպանել իր իրաւունքները: Երանի Լիբանան կարենայ պաշտպանել իր իրաւունքները, սակայն պետութեան բացակայութեան Դիմադրութիւնն է, որ կը պաշտպանէ մեր իրաւունքները: Բայց եւ այնպէս դէպի վիճելի ծովային շրջաններ անօդաչու թռչող սարքերուն արձակումը ուղղակիօրէն առնչուեցաւ հիւլէական թղթածրարի համաձայնութեան եւ Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի գործած ռմբակոծումներուն. ինչո՞ւ անիկա ուղղակիօրէն չի կապուիր մեր իրաւունքներուն», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ նաւթը Լիբանանի իրաւունքն է եւ անոր դէմ ոտնձգութիւն կը գործուի:
«Դիւանագիտութիւնը փաստեց, թէ անկարող է առանձինն հարցեր լուծել, յատկապէս տկարին համար: Մենք ուժի կարիք ունինք` յաջողելու համար: Չեմ կարծեր, որ Դիմադրութիւնը պատերազմի կամ նահատակուելու նախասիրութիւն ունի, իսկ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ` պատերազմ մը չեմ նախատեսեր: Եթէ ամերիկացի բանագնացը յաջողեցաւ հարցը լուծել, ողջունելի է, սակայն բանակցութեան պայմանները եւ մակարդակը բարելաւելու համար մենք կարիքը ունինք ուժի: Մեզի ծունկի բերած են, քաղաքացին այսօր հետաքրքրուած չէ նաւթային իր իրաւունքներով կամ բարեկարգումներով: Ան հետաքրքրուած է իր օրուան հացով եւ քանի մը ժամ ելեկտրականութեամբ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ արդեօք կա՞ն երկիրներ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանին նաւթ հորատելու: Այդ երկիրներու շահերուն կը ծառայէ՞ անիկա:
«Նաւթի արտահանումը տնտեսական կացութեան բարելաւման կ՛օժանդակէ, սակայն երկարաժամկէտ դրութեամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր մտահոգութիւնը այն է, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնը ըլլայ ապագային դրուելիք աւելի լուրջ պայմաններու փոխարէն` ճնշում բանեցնելու Լիբանանի վրայ, որպէսզի ան ընդունի նաւթէն շատ աւելի կարեւոր հարցեր:
«Փորձառութիւնը եւ ժամանակը ցոյց տուին, որ պատերազմը չազդեց գոյատեւելու եւ դիմադրելու լիբանանցի քաղաքացիին կամքին վրայ, սակայն մեղմ քաղաքականութիւնը քանդեց անոր տոկալու կամքը: Տնտեսական կացութիւնը իր ազդեցութիւնը բանեցուցած է լիբանանցիին ձգտումներուն, անոր գերիշխան եւ անկախ միտքին վրայ: Անցեալին կ՛ըսէինք. «Մեզի խաղաղութիւն տուէք, փոխարէն կ՛առնէք ձեզ առինքնող արդիւնքներ: Այսօր լիբանանցին կ՛ըսէ. «Ի՛նչ կ՛ուզէք առէք, բայց մեզի հաց, մազութ եւ ելեկտրականութիւն տուէք», հաստատեց ան:
Ներկայ Իրավիճակ
Ապաքինման ծրագիրին համաձայն, կան առաջարկներ, որոնք սակայն կարելի չէ ուշացնել:
Այս շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չնախաձեռնեց հարցաքննել գումարներ փոխանցած դրամատէրերը:
«Ո՛վ որ գումարները փախցուց եւ դուրսը փոխանցումներ կատարեց, այսօր կ՛որոշէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն ճակատագիրը: Այսօր դատական իշխանութիւնները, պետութիւնն ու կառավարութիւնը իրենց պարտականութիւնը չեն կատարեր: Հետեւաբար պէտք է արագ կազմենք կառավարութիւնը, անկախ անկէ, որ կառավարութեան կազմութեան պայմաններն ու նախադրեալները յոյս չեն ներշնչեր, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը յոյսի նշոյլ է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ինք ժողովուրդին հետ կ՛ապրի` աւելցնելով, որ երբեմն ինք չի կրնար իր գրասենեակը մուտք գործել` նկատի ունենալով նեցուկի կարիք ունեցող բազմութիւնը, որ երեսփոխանական գրասենեակ դիմած կ՛ըլլայ ելեկտրականութեան, հիւանդանոցի կամ ապրուստի ստացագիր մը վճարելու օժանդակութեան համար:
Արեւելքէն Եկած Օժանդակութեան Առաջարկները
Յ. Բագրատունի նշեց, որ արտաքին աշխարհը կը շարունակէ լիբանանցի քաղաքացին ծունկի բերելու քաղաքականութիւնը, «սակայն լիբանանցին պէտք է գիտնայ իր ընտրանքներուն մասին, պէտք է իմանայ, թէ ո՛վ իր կարիքները կրնայ աւելի նուազ սակով ապահովել: Լիբանանցիները ուաթսափի 6 սենթին համար բողոքի ցոյցեր բռնկեցուցին. այսօր պենզինի թիթեղին սակը 700 հազար լ. ոսկի է, ո՞ւր է լիբանանցին, ո՞ւր է տեղեկատուութեան մարզը», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ լիբանանցիները ծունկի բերելու եւ զանոնք նուաստացնելու բոլոր քաղաքականութիւններուն պատճառը այն է, որ լիբանանցին կը պաշտպանէ իր իրաւունքները եւ հայրենիքին գերիշխանութենէն եւ Լիբանանի արժանապատուութենէն ինչ որ մնացած է: «Լիբանանցիին աւուր հացը ամէն ինչէ կարեւոր է եւ առաջնահերթութիւն», շեշտեց ան:
Պետական Մարզի Բաց Գործադուլ
Անդրադառնալով պետական մարզի պաշտօնեաներու բաց գործադուլին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, որ պաշտօնեաները չեն կրնար իրենց աշխատանքին հասնիլ:
«Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ինքնաշարժները ապահովագրութիւն չունին: Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ գտնուող ինքնաշարժներուն ապահովագրութիւնը ստանձնած է», ընդգծեց ան:
Նախագահական Ընտրութիւններ
Նախագահական ընտրութիւնները կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց նախքան 31 հոկտեմբեր 2022 նախագահական ընտրութիւնները կատարելու կարեւորութիւնը: «Արդեօք տակաւին գրա՞ւ դրած ենք հիւլէական համաձայնութեան կամ Ուքրանիոյ կացութեան վրայ: Ի՞նչ պիտի փոխուի», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ թեկնածուները յստակ են:
Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անցեալ ամսուան ընթացքին ինք ընկերակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Սուրիա կատարած այցելութեան, որուն նպատակն էր այցելել Թուրքիոյ պայթեցուցած ցեղասպանութեան հայկական համալիրը, ուր զետեղուած էին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մասունքները, Տէր Զօրի մէջ: «Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէի, հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատին մաղթեցի, որ Սուրիոյ պատերազմը մօտիկ ապագային աւարտի: Ան ըսաւ. «Պատերազմը երկարատեւ է, եւ ձեր գրաւը Սուրիոյ վրայ մի՛ դնէք, այլ` կատարեցէ՛ք այն, ինչ որ յարմար է Լիբանանին: Շրջանին մէջ կան հարցեր, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը կամ կառավարութեան կազմութիւնը»:
Շրջանին Մէջ Թրքական Ներթափանցում
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Սուրիոյ նախագահին հետ քննարկա՞ծ է դէպի շրջան Թուրքիոյ ներթափանցումի հարցը, Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Անշուշտ խօսեցանք շրջանին մէջ թրքական ներթափանցումին մասին: Այս իմաստով Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքը յստակ է: Անոնք Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութիւնը կը նկատեն բռնագրաւում, ինչպէս նաեւ սուրիական հարստութեան բռնազաւթում: Ժամանակի ընթացքին սակայն Սուրիա պիտի ազատագրէ բռնագրաւուած իր հողերը», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձ
Անդրադառնալով այս հարցին` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մեծ ուշացում արձանագրած է` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով: «Այս մասին անվարան պէտք է խորհրդակցութիւն կատարուի Սուրիոյ հետ, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար առանձինն լուծում գտնել այս հարցին: Պէտք է խորհրդակցիլ ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ միջազգային ընտանիքին հետ, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութիւն հասնի անոնց հայրենիքին մէջ, բացի եթէ հարցին մէջ դաւադրութիւն մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին նախագահ Պաշշար Ասատ զիրենք տեղեակ պահած է, թէ կայ սուրիական կեդրոնական որոշում մը` արտօնելու տեղահանուածներուն տունդարձը:
Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ նոյնիսկ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի տեղահանուածները, որոնք սուրիական վարչակարգին դէմ էին, կը վերադառնան իրենց հայրենիքը:
Իսկ պատասխանելով հաղորդավարին
կատարած այն հաստատումին, թէ սուրիացի գաղթականները Թուրքիոյ մէջ ահաւոր վարուելակերպի ենթարկուած են, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք այդ մասին լաւ գիտենք, կարեւորը արաբները գիտնան: Համոզուած եմ, որ ժամանակի ընթացքին կը գիտնան», եզրափակեց ան: