Հայաստան Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային, այդ պաշտօնին պիտի առաջադրուի կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանի թեկնածութիւնը:
Նշենք, թէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 կուսակցութիւններէ բաղկացած «Հայրենիքի Փրկութեան Խորհուրդ»ը վարչապետի պաշտօնին կ’առաջադրէ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը: