ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱԴՐԵՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան առաջարկութեամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը իր նիստերուն օրակարգին վրայ հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն միջեւ «Համատեղ ֆիլմարտադրութեան Մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջրկին: Համաձայնագրին մէջ նշուած է, որ երկու երկիրներու համատեղ արտադրած ֆիլմերը պիտի ստանան ազգային ֆիլմի կարգավիճակ:
Նշենք, որ Ֆրանսա 52 երկիրներու հետ կնքած է համատեղ ֆիլմարտադրութեան համաձայնագիր:
«ՃԱՆԿՕ ԱՆՉԷՅՆՏ»Ի ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՐԳԻԼՈՒԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Չինական մեծ պաստառները մերժեցին Քուենթին Թարանթինոյի «Ճանկօ Անչէյնտ» արկախածնդրութեան ուեսթըրնին ցուցադրութիւնը: Սկզբունքով անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած էր 11 Ապրիլին: Չինական գրաքննութիւնը վերջին պահուն «Թեքնիքական պատճառներով» արգիլեց : Չինական իշխանութիւնները որեւէ կերպ չեն մեկնաբաներ այս որոշումը:
ԱՏՐԻԱՆ ՓՐՈՏԻ ԵՐԱԶՈՂԻ ԴԵՐՈՎ
Ամերիկացի տաղանդաւոր դերասան Ատրիան Փրոտի հաւանութիւն տուած է նկարահանուելու առասպելական անձնաւորութիւն՝ Հերրի Հուտինիի մասին հեռատեսիլային հաղորդաշարի մը մէջ: Ժպաւէնը կը պատմէ աղքատութենէն մինչեւ համաշխարհային ճանաչումի հասած ծագումով հրեայ Հերրի Հուտինիի կեանքը: Նշենք, թէ Փրոտի հռչակ ստացաւ՝ « Թին Ռէտ Լայն», « Տը Փիանիստ» ժապաւէններուն մէջ իր բարձր խաղարկութեամբ: «Տը Փիանիսթ» ին մէջ իր դերակատարութեան համար արժանացաւ լաւագոյն դերասանի Օսքար մրցանակին:
«ԹԱՐԶԱՆ»ԻՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄՆԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՆ
«Ուորնըր Պրոս» ընկերութիւնը անգամ մը եւս յետաձգեց անտառներու արքայ՝ «Տարզան» ի մասին նոր ժապաւէնին նկարահանումները: Յետաձգելու որոշումը երրորդն է: Թարզանի դերը պիտի կատարէ Ալեքսանտր Սքարսքարտը: Ժապաւէնին մէջ դերեր պիտի ստանձնեն Սամուէլ Էլ. Ճեքսընը եւ Ճեսիքա Չեսթէյնը:
ՍԱՌԱ ՃԵՍԻՔԱ ՓԱՐՔԸՐ ՝ ՄԱՐԻԱ ՎԱԼԵՆԹԻԱՆՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՄՔ
Ամերիկացի դերասանուհի Սառա Ճեսիքա Փարքըր դարձաւ Մարիա Վալենթինա ապրանքանիշի գովազդային արշաւին առաջին դէմքը:
Նկարահանումները կատարուեցան Պեվերլի Հիլզի մէջ: 48-ամեայ դերասանուհին հրապարակ դուրս եկաւ բազմերանգ նկարներով կարճ զգեստներով: Նկարահանումներուն ընթացքին, Փարքըրին կ’ընկերանային անոր երկու դուստրերը՝ Մերիոնը եւ Թապիթան:
ՉԱՐԼԻԶ ԹԵՐՈՆ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆԱԾ Է ԻՐ ԱՊԱՐԱՆՔԸ
Միացեալ Նահանգներու տնտեսական տագնապը հոլիվուտեան աստղերուն վրայ եւս կ’ունենայ իր ծանր հետեւանքը: Չարլիզ Թերոն վերջերս վաճառքի հանեց լոս անճելըսեան իր երեք ննջասենակէ բաղկացած առանձնատունը: Տան սեփականատէրը ժամանակին եղած է «Տը Պիթըլզ» երաժշտական խումբի կիթառահար Ճորճ Հերիսընը: Հերիսըն այս տան մէջ մշակած է իր հռչակաւոր «Պլու Ճէյ Ըուէյ» երգը: Թերոն, 2009-ին գնած էր սոյն ապարանքը, վճառելով ՝ 3.625 միլիոն տոլար գումար մը: Ներկայիս ան կը պահանջէ 3.8 միլիոն տոլար:
«ԿԵՍ» ՏԱՂԱՆԴՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
«Սուփըրմոտել» Գլոտիա Շիֆըրը բացայայտելէ 24 տարի ետք, «Կես» նորաձեւութեան ապրանքանիշը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ յայտարարած է տաղանդներու մրցում: «Կես» նաեւ բացայայտած է բնորդներ Քէյթ Ափթընը եւ Եւա Հերցիքովան: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանը բոլորած պարմանուհիներ:
«ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ 36 ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐ» ՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ
Հայ տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան հովանաւորութեամբ, Թիֆլիսի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Պատմութեան 36 Պահապանները» վաւերագրական ժապաւէնը: Ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցան Թիֆլիսի հայ համայնքի հասարակական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառի գործիչներ:
ՓՕԼ ՄԱՔԱՐԹՆԻ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐՈ ՑՈՒՑԱԿԸ
Հռչակաւոր «Տը Պիթըլզ» քառեակի անդամ Փօլ Մաքարթնի կը գլխաւորէ բրիտանական «շօ պիզնէս»ի ամենահարուստ դէմքերու ցուցակը: Փորձագէտներու գնահատութեամբ, Մաքարթնիի նիւթական ընդհանուր կարողութիւնը կը գնահատուի 680 միլիոն սթերլին: Նշենք, թէ երաժիշտը 1989-էն ի վեր անընդմէջ կը գլխաւորէ հարուստներու ցուցակը:
ԹՈՄ ԳՐՈՒԶ՝ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀՈԼՄԶԻ ՀԵՏ ԻՐ ԱՄՈՒՒՆԱԼՈՒԾՈՒՄԸ
Հոլիվուտեան աստղ Թոմ Գրուզի անսպասելի եւ կտրուկ ամուսնալուծութիւնը դարձաւ 2012-ի ամենաքննարկուող իրադարձութիւնը: Երկար ժամանակ, Գրուզ եւ անոր կողակիցը՝ Ճեթի Հոլմզ կը խուսափէին մեկնաբանութիւններէն: Սակայն վերջերս Գրուզ համաձայնեցաւ պատմել այդ մասին: «Ես այսպէս բան չէի սպասեր: Կեանքը ողբերգական կատակերգութիւն մըն է, այդ պատճառով անհրաժեշտ է ունենալ հիւմորի զգացում».դիտել տուաւ հանրածանօթ դերասանը:
ՄԷԹ ՏԵՄԸՆ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՐՈՍԸ
«Սոնի Փիքչըրզ» համացանցի վրայ տեղադրեց գիտաերեւակայական « Էլիզիում » ժապաւէնին պաշտօնական «թրէյլըր»ը: Ֆիլմին իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան 22-րդ դարուն: Մէթ Տեմընը կը մարմնաւորէ Մաքս Քոփերնի կերպարը, որուն յաջողութենէն կախուած է ոչ միայն իր, այլեւ՝ մարդկութեան ճակատագիրը: Ժապաւէնին գլխաւոր դերերուն մէջ նկարահանուած է Ճուտի Ֆոսթըրը: Անոր բեմադրիչն է Նիլ Պլոմքամպը, որ ծանօթ է «Տիսթրիքթ -9» արկածախնդրութեամբ:
ՕՏՐԻ ԹԱԹԱՈՒ՝ ՊԻՏԻ ՎԱՐԷ ԳԱՆՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՓԱԿՈՒՄԸ
Ֆրանսացի դերասանուհի Օտրի Թաթու պիտի գլխաւորէ Գաննի ֆիլմարուեստի փառատօնին բացման եւ փակման արարողութիւնները: 36-ամեայ դերասանուհին պիտի դառնայ փառատօնի նախագահ Սթիվըն Սփիլպըրկի խորհրդականը: Փառատօնին բացումը պիտի կատարուի 15 Ապրիլին՝ Պազ Լուհերմանի «Տը Կրէյթ Կեթսպի» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ:
ՍԱՌԱ ՄՈՆԹԻԷԼ ՄԱՀԱՑԱՒ
Անցնող քանի մը օրերուն մահացաւ 20-րդ դարու ամենագեղեցիկ դերասանուհիներէն՝ Սառա Մոնթիէլը: Ան 85 տարեկան էր: Մոնթիէլ, վաղ տարիքին, իր հայրենիքին՝ Սպանիոյ եւ Մեքսիքոյի մէջ մօտաւորապէս երեսուն ժապաւէն նկարահանուելէ ետք անցաւ Հոլիվուտ: Այս միջոցին ան հրապարակեց բազմաթիւ երգեր, ձայնասկաւառակներ: Իր բեղուն ասպարէզին ընթացքին, Մոնթիէլ նկարահանուեցաւ 75 ժապաւէններու մէջ
Անոր լաւագոյն ժապաւէններէն կարելի է յիշատակել «Լա Ռէնա Տէլ Շանթեքլէր», «Տը Լասթ Թորչ» , «Սերենատ» եւ «Վերա Գրուզ»ը:
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖԻԼՄՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԷՆ
Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Ապրիլ ամսուան ընթացքին հանդէս պիտի գայ հետաքրքրական համերգաշարով: Համերգները սկսան երէկ՝ ժամանակակից երեք հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններու կատարողութեամբ: Ապրիլ 19-ին պիտի հնչեն Մոցարտի եւ Հայտընի ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Ապրիլ 24-ին, ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն, նուագախումբը պիտի կատարէ Տիգրան Մանսուրեանի « Ռեքվիէմ»ը: Ապրիլ 30-ին, « Հայրենիք» խորագրով համերգը պիտի կրէ ցեղասպանութիւն ապրած եւ պատմական շատ արհաւիրքներ անցած հայ ժողովուրդի աննկուն կամքի, մեր հայրենիքի վերածնունդինխորհուրդը:
ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Թրեսենթա Հովիտի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Դաստիարակչական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 14-ին, կ.ե. ժամը 1-ին, յաւարտ Ս. Պատարագէն ետք, տեղի պիտի ունենայ «Իսլամացած Հայերը Թուրքիոյ Մէջ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմը պիտի ներկայացնէ Արմէն Արոյեանը, որ բազմաթիւ առիթներով ուխտաւորներու այցելութիւններ կազմակերպած է դէպի Պատմական Հայաստան: Անոր արձանագրած աւելի քան 400 ժամեայ տեսաերիզներու արգասիքն է սոյն ֆիլմը: