ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՓԱՍԻԱՆԻ ՈՐՍՈՐԴԸ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ ՄԵԾ ՊԱՍՏԱՌԻ ՎՐԱՅ
Բեմադրիչ Մարինէ Զաքարեանի՝ Ուիլիյըմ Սարոյեանի համանուն պատմուածքի հիման վրայ նկարահանած «Փասիանի Որսորդը» ժապաւէնը ընդգրկուեցաւ ֆիլմարուեստի Մոսկուայի 35-րդ միջազգային փառատօնի կարճամեթրաժ ժապաւէններու մրցոյթին մէջ: Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 20 -29 Յունիսի միջեւ: «Փասիանի Որսորդը» Զաքարեանի առաջին ժապաւէնն է: Ժապաւէնին նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի մէջ: «Փասիանի Որսորդը» 2013-ին արժանացաւ ազգային ժապաւէնի «Հայակ» լաւագոյն սկսնակ բեմադրիչի մրցանակին:
ՆԱՈՄԻ ՈՒԱՑ՝ ՏԻԱՆԱՅԻ ԴԵՐՈՎ
Քանի մը օր առաջ հրապարակուեցաւ աւստրալիացի դերասանուհի Նաոմի Ուացի մասնակցութեամբ՝ «Տիանա, Լաւ Սթորի» ժապաւէնին կարճ տեսահոլովակը: Տեսագրութիւնը կը սկսի արքայադուստր Տիանայի կերպարով: Ուաց՝ այնքան ալ նման չէ Տիանային, սակայն փայլուն կերպով կը ներկայացնէ անոր կերպարը: Ժապաւէնը մեծ պաստառներու վրայ պիտի բարձրանայ 20 Սեպտեմբերին: Քննադատներու կարիքով, Նաոմի Ուաց այժմէն իսկ լուրջ յաւակնորդ մըն է լաւագոյն դերասանուհիի Օսքար մրցանակին:
ՍԹԻՎ ՃՈՊԶԻ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ 16 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ
Էշթըն Քուչէրի խաղարկութեամբ Սթիվ Ճոպզի մասին ժապաւէնը մեծ պաստառներու վրայ պիտի բարձրանայ 20 Օգոստոսին: Կենսագրական «Ճոպզ» ժապաւէնը սկզբունքով Ապրիլին պիտի ներկայացւոէր հանդիսատեսներուն, սակայն ժապաւէնին արտադրիչները նախընտրեցին յաւելեալ տեսարաններ աւելցնել, որովհետեւ նախնական տարբերակին շուրջ բարձրացան ծանր քննադատութիւններ: Առաջին բողոքողե եղաւ Apple-ի համահիմնադիր Սթիվ Վոզնիաքը: Ան յայտարարեց, թէ ժապաւէնը բաւական հեռու էր իրականութենէն:
ՃԵՆԻՖԸՐ ԷՆԻՍԹԸՆԻ ԲԱՐԵԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Եթէ կը ցանկանաք ունենալ այնպիսի տեսք, ինչպէս Ճենիֆըր Էնիսթընը, ապա պէտք է զբաղիք եոկայով: Դերասանուհիին սիրած մարզաձեւին մասին պատմեց անոր անձնական մարզիչ Մենտի Ենկպըրը: Արդէն ինը տարի է, Ենկպըր կ’աշխատի Էնիսթընի հետ: Մարզիչը կը վստահեցնէ, որ 44-ամեայ դերասանուհիին սիրած դիրքերն են՝ ծառը, պարողը եւ եռանկիւնը: Այս երեք դիրքերը դարձած են Էնիսթընի գեղեցիկ կազմուածքին գրաւականը:
ԷՄՄԱ ՈՒԱԹՍԸՆ ԿԸ ԳԵՐԷ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐԸ
Նիւ Եորքի մէջ 11 Յունիսին տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Սոֆիա Գոփոլայի «Տը Պլիկ Ռինկ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Քննադատներուն ուշադրութեան կեդրոնը դերասանուհի Էմմա Ուաթսընն էր:
Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարներէն, 23-ամեայ Ուաթսըն, ընդունելութեան արարողութեան ընթացքին իր վրայ կը կրէր սեւ կարճ զգեստ եւ կիսաթափանցիկ շապիկ մը: Դերասանուհիին գրաւիչ եւ ճաշակաւոր զգեստը արժանացաւ նորաձեւութեան քննադատներուն հիացմունքին: «Հերրի Փոթըրի հերոսուհին ցուցադրեց իր գրաւչութիւնը» նման խորագիրով յօդուածներ սկսան լոյս տեսնել ամերիկեան եւ բրիտանական մամուլին մէջ:
Գաննի 66-րդ՝ վերջին փառատօնին ընթացքին, Էմմա Ուաթսըն հաստատեց, թէ իր տարեկիցներուն մէջ կը մնայ ամենաոճային աստղերէն մէկը:
ՔԵՐԻ ՄԱԼԻԿԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՀԻԼԱՐԻԻ ԴԵՐԷՆ
Քերի Մալիկան հրաժարեցաւ Հիլարի Գլինթընի կեանքը պատմող «Ռոտհամ» ժապաւէնին գլխաւոր դերէն: Հրաժարելու յստակ պատճառները կը մնան անորոշ: Դերասանուհիին ներկայացուցիչները յայտարարեցին, թէ Մալիկան պատրաստ չէ նուիրուելու այդ դերին: Ֆիլմին արտադրիչները արդէն լծուած են փոխարինող մը փնտռել: Հիլարի Գլինթընի դերին գլխաւոր թեկնածուներ են Սքարլէթ Եոհանսընը, Ճեսիքա Չեսթէյնը եւ Էմմա Սթոնը:
Ժապաւէնը պիտի պատմէ Հիլարի Գլինթընի երիտասարդութեան եւ քաղաքական ասպարէզ մուտքին մասին: Ռոտհամ մականունը մինչեւ ամուսնութիւնը անոր կրած մականանունն է:
ԹԵՐՄՆԻՆԷՅԹԸՐ -5՝ ՃԱՄԲՈՒ ՎՐԱՅ
Փարամաունթ ընկերութիւնը ձեռք բերաւ Թերմինէյթըր ժապաւէններու շարքին, հինգերորդ եւ նորագոյն արկածախնդրութեան ցրւումի իրաւունքը: Ընկերութիւնը ծանօթ սենարիստներու թելադրած է պատրաստել գերարկածախնդրական սենարիօ մը: Բնականանաբար, նախորդներուն նման, ժապաւէնին գլխաւոր հերոսը պիտի ըլլայ Առնոլտ Շուարցընեկըրը:
ԹԱՓ ԿԱՆ-Ը ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Բեմադրիչ Թոնի Սքոթի մահը կասկածի տակ առած էր «Թոփ Կան» ժապաւէնին շարունակութիւն մը նկարահանելու բանակցութիւնները: Հանրածանօթ ֆիլմարտադրիչ Ճերի Պրուքհայմըր վճռած է նոր շարունակելի մը նկարահանել.« Երեսուն տարիէ կը խօսինք շարունակելի մը պատրաստելւո մասին: Այսանգամ ոչինչ պիտի կասեցնէ մեզի». Խոստացաւ ան: Պրուքհայմըր յայտարարեց, թէ ժապաւէնին գլխաւոր հերոսը Թոմ Գրուզ նոյնպէս շահագրգռուած է «Թոփ Կան»ի նոր արկածախնդրութեան մը պատրաստութեամբ:
ՌԱՆԸՐ, ՌԱՆԸՐ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ՄԵԾ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Ֆոքս ընկերութիւնը բաժնեց բախտախաղի երկու ընկերներու արկածախնդրութիւննները նկարագրող «Ռանըր, Ռանըր» ժապաւէնին օրինակները: Գլխաւոր դերերուն մէջ կարելի է տեսնել Պէն ԱՖլէքը եւ Ճասթին Թիմպըրլէքը: Բրիտանական սրահները որոշած են Սեպտեմբերի վերջաւորութեան հանդիսաստեսներուն մատուցել այս ժապաւէնը:
ՊՈՂՊԱՏԷ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆ
Լոնտոնի մէջ Հինգշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գերմարդ՝ Սուփըրմէնի նորագոյն ժապաւէնին՝ «Մէն Օֆ Սթիլ» բացման արարողութիւնը: Ժապաւէնին գլխաւոր դերասանները՝ Հենրի Գէյվիլ, Էմի Ատամզ, Ռասըլ Գրօ, Միշէլ Շենըն, երաժիշտ Հանս Զիմըր, բեմադրիչ՝ Զաք Տնայտըր, սենարիստ Տէյվիտ Կոյըր մասնակցեցան հանդիսաւոր ընդունելութեան: Ժապաւէնը լայն ընդունելութիւն գտաւ Բրիտանիոյ մէջ եւ անմիջապէս սկսաւ գլխաւորել կիշէները: Ժապաւէնը արդէն իսկ վերադարձուցած է իր պատրաստութեան ծախսերուն երկու երրորդը: «Մէն Օֆ Սթիլ» վստահաբար լայն ընդունելութիւն պիտի գտնէ լիբանանեան պաստառներուն վրայ:
300 ՍՓԱՐԹԱՆԶԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Միացել Նահանգներու մէջ աւարտին կը մօտենան 2006-ին պատրաստուած «300 Սփարթանզ» երգիծական ժապաւէնին շարունակութեան նկարահանումներ: Ան կը պատմէ զօրավար Թեմիսթոկլէի եւ պարսից թագուհի Արտեմիսի ապստամբութեան մասին: Արտեմիսի դերը կը կատարէ Էւա Կրինը, իսկ Թեմիսթոկլէի դերը՝ Սալիվան Սթենթլթընը: Անոր բեմադրիչն է Նոամ Մուրօն: Ժապաւէնին հիմքը Ֆրենք Միլըրի «Քսերքըսես» կենդանի գծանկար պատմութիւններուն շարքն է: «300 Սփարթանզ» լիբանանեան պաստառներուն վրայ կը սպասուի Մարտ 2014-ին:
ՈՒՈՐՆԸՐ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՏԱՄ ԷՆՏ ՏԱՄԸՐ-ԷՆ
«Ուորնըր Պրատըրզ» ընկերութիւնը հրաժարեցաւ նկարահանել 1990-ականներուն լայն ընդունելութիւն գտած «Տամ Էնտ Տամըր» կատակերգութեան երկրորդ մասը: Ծրագիրէն հրաժարելու պատճառները տնտեսական են: Քննադատներուն կարծիքով ժապաւէնը կրնայ հազիւ սահմանափակ քանակութեամբ եկամուտ ապահովել կիշէներէն: Անոր նկարահանման ծախսերը կը գնահատուին 30 միլիոն տոլար: Ժապաւէնին առաջին մասը «Ուորնըր» ընկերութեան արժած էր 17 միլիոն տոլար, բայց 247 միլիոն տոլարի եկամուտ մը ապահովեց: Ընկերութեան կարծիքով գլխաւոր դերասան Ճիմ Քերրի չի վայելէր իր երէկի հմայքը:
ՎՈՒՏԻ ԱԼԷՆԻ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ է
Վուտի Ալէնի վերջին ժապաւէնը « Ռոման Էտվենչըրզ»ն էր, 2012-ին: Այժմ, ծագումով հրեայ բեմադրիչը նոր ժապաւէնով մը՝« Պլու Ճասմին» կը վերադառնայ մեծ էքրաններուն: Ժապաւէնին հերոսուհին ՆիւԵորքի մէջ ապրող տնային տնտեսուհի Ժասմինն է(Քէյթ Պլանչէթ): Ան շատ անակնկալօրէն կը պարզէ, թէ ամուսինը (Ալէք Պալտուին) խաբեբայ մըն է: Ժասմին կը փոխադրուի իր քրոջ բնակարանը: Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունեանյ 26 Յուլիսին, Լոս Անճելոսի մէջ:
ՄԱՐԹԻՆԷԶ- ՊԵՐՐԻ ԱՄՈԼԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՌՋԻՆԵԿԻՆ
Ֆրանսացի դերասան Օլիվիյէ Մարթինէզ յայտարարեց, թէ ինք եւ Հալէ Պերրի նորածին մը կը սպասեն յառաջիկայ աշնան: Ծննդաբերութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելոսի մէջ: «Զաւակս ամերիկացի պիտի ըլլայ, իսկ ես՝ ֆրանսացի». լրագրողներուն յայտնեց Մարթինէզ: Ֆրանսացի դերասանը վերջին երկու տարիներուն կ’ապրի Լոս Անճելոս,46-ամեայ Հալէ Պերրիի մօտ: Պերրի հինգամեայ դուստր մը ունի իր նախորդ ամուսնութենէն: Ամոլը կը մերժէ նախապէս գիտնալ լոյս աշխարհ գալիք նորածինին սեռը:
ՇԱՔԻՐԱ՝ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հանրածանօթ Elle ամսաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Շաքիրա կը խօսի զաւակին, սիրեցեալին, մայրութեան եւ ասպարէզին մասին: Շաքիրա կը յայտնէ, թէ ամուսինը՝ Փիքէ ունի իր սեփական աշխարհը, որ չի վերաբերիր իրեն: Շաքիրայի կարծիքով, անիկա փոխյարաբերութիւններու իտէալական տարբերակ է: «Ես գիտեմ, թէ ան միակ տղամարդն է, որ իմ հետ կ’ապրի ոչ թէ շահերու համար, այլ՝ որովհետեւ իսկապէս կը սիրէ զիս». կը խոստովանի ծագումով լիբանանցի երգչուհին: Խօսելով մայրանալու մասին, ՝ երգչուհին կը նշէ, թէ տակաւին չի գիտակցիր իր հետ կատարուածը:« Ես կարծես, թէ սկսած եմ բացարձակապէս նոր կեանք, փոփոխութիւնները անդրադարձած են բոլոր ոլորտներու վրայ». կ’ըսէ ան: Շաքիրայի խօսքերով, տակաւին պատկերացում չունի, թէ որ ուղղութեամբ պիտի շարժի ապագային.« Ես շատ յարմարաւէտ կը զգամ իմ կերպարիս մէջ եւ գոհ եմ ընտանեկան բոյնիոս մէջ». կը նշէ փնտռուած երգչուհին:
ՄԸՐԱՅԱ ՔԵՐԻ ԿԸ ՀԱՄԱԼՐԷ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱԼՊՈՄԸ
Հանրածանօթ երգչուհի Մըրայա Քերի նոր լուսանկարով մը համլրեց իր ընտանեկան ալպոմը: Քերի ընտանեկան ալպոմին մէջ զետեղեց իր երկու տարեկան զաւակին՝ Մարաքօն Սքոթ Քենոնի լուսանկարը: Երջանիկ մայրը նկարին տակ գրած է.« Ծնած է, ճանապարհորդելու համար»: Երգչուհին մտադրած է վերադառնալ ասպարէզ եւ նոր երգեր աւելցնել իր հարուստ երգացանկին վրայ: