Յստակ է, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի ոտնձգութիւն գործելու Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ` նկատի ունենալով, որ ան տակաւին վիճելի շրջան նկատուող լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթ ու կազ պեղելու բացայայտ փորձեր կը կատարէ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց «Էներճիյըն փաուըր» նաւուն մուտքը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճելի շրջան նկատուող սահմանագիծէն ներս:
Նախագահ Աուն բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց յաւելեալ մանրամասնութիւն եւ պաշտօնական տեղեկութիւն ներկայացնել այդ մասին, որպէսզի ըստ այնմ որոշումներ տրուին:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան-իսրայէլեան ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, «հետեւաբար վիճելի շրջանին մէջ կատարուող որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն կը նկատուի թշնամական եւ ընդվզեցնող աքթ», յայտնեց ան:
Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ Լիբանանի բնական հարստութիւնը յափշտակելու եւ վիճելի շրջանին մէջ կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելու քայլը շատ վտանգաւոր կը նկատուի:
«Նման փորձեր եւ քայլեր կրնան ստեղծել այնպիսի լարուածութիւններ, որոնց հետեւանքները ոչ ոք կրնայ կռահել», շեշտեց Միքաթի:
Ան կոչ ուղղեց ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնին բանակցութիւններուն վերսկսելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին թելադրելու Իսրայէլի` ընդվզեցնող իր քայլերուն վերջ տալու:
Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վիճելի շրջանին մէջ Իսրայէլի ձեռնարկած քայլերը կը նկատուին մարտահրաւէր եւ ապահովական կայունութեան խախտում:
Սլիմ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջապէս վերջ տալու իսրայէլեան քայլերուն եւ գործադրելու միջազգային օրէնքը` պահպանելու համար շրջանին կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, նշենք, որ խորհրդարանի յանձնախումբերուն ընտրութեան, ապա վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն առումով կ՛արձանագրուին շարժումներ, որոնք կը յանգին որոշ զարգացումներու:
Այդ շրջագիծին մէջ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ Նեժիպ Միքաթի դարձեալ պիտի նշանակուի վարչապետ` ստանալով 65 քուէ, որ կրնայ նաեւ 70-ի հասնիլ:
Նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարուին կիրակի, 12 յունիս 2022-ին: