ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 28-29 Մարտ լուսցող գիշերը եւ օրուան ընթացքին, շփման գիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չարձանագրուեցան, եւ իրադրութիւնը մնաց լարուած` մարման որոշ դրական միտումով։ Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագուլխի` Փառուխի յարակից հատուածի նոյն յենակէտերուն մէջ:
Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի «Թելեկրամ»ի ալիքը յայտնեց, որ որոշում տրուած է խաղաղապահներու պահեստային ուժեր կեդրոնացնել Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ` ատրպէյճանական զօրքի հետագայ առաջխաղացքը արգելափակելու համար:
Շփման գիծի վերջին սրացումներուն առիթով, ուժային կառոյցներուն հետ հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահը: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Արցախի զինուած ուժերու եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական գործիքակազմերով կը շարունակուին գործադրուիլ բոլոր ջանքերը՝ խաղաղութիւն ապահովելու եւ շփման գիծի արեւելեան հատուածէն ատրպէյճանական զօրքերը ելման դիրքերը վերադարձնելու համար:
Արցախի նախագահը այլ խորհրդակցութիւն ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ: «Անդրադառնալով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերջին զարգացումներին` Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտադրել է, որ յատկապէս վերջին օրերին Արցախի բնակավայրերի ու խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ադրբեջանի կողմից սաստիկ կերպով կիրառուող ռազմական եւ հոգեբանական բնոյթի յարձակումը պայմանաւորուած է առաջնահերթօրէն արտաքին քաղաքական գործընթացներով: Ներկաներին ներկայացուել են այն հիմնական աշխատանքները, որոնք Արցախի իշխանութիւնները շուրջօրեայ դրութեամբ ու տարբեր մակարդակներում իրականացնում են իրավիճակը կայունացնելու, լիցքաթափելու եւ ադրբեջանական զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ», կ՛ըսուիպաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ ապահովական վերջին հարցերը Արցախի մէջ աւելի եւս վատթարացուցին մարդասիրական հարցերը: Ըստ պաշտօնական տուեալներու` շուրջ 200 կիներ, եմանուկներ եւ տարեցներ Փառուխէն եւ Խրամորթէն տեղահանուեցան: Ըստ Բեգլարեանի՝ ինք յանձնարարեց գնահատել բնակիչներուն կարիքները եւ առաջին աջակցութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ ժամանակաւոր կացարաններով ապահովել տեղահանուած կիները մինչեւ իրավիճակի կարգաւորումը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը եռանդուն ջանքեր գործադրեն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան լիցքաթափման ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ ռուս խաղաղապահները կը գործեն` խստօրէն հետեւելով 9 Նոյեմբերի եռակող յայտարարութեան դրոյթներուն:
«The Moscow Post» օրաթերթի լրագրողը հարցուց, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիի շփման գիծին մէջ եւ արդեօք անիկա կրնա՞յ սադրանք ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ, թերեւս ալ նոյնիսկ Թուրքիոյ հրահրումով` «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» նպատակով, քանի դեռ Ռուսիան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ վրայ՝ Զախարովան պատասխանեց. «Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերուն վերաբերեալ մեր երկրի դիրքորոշումը արտայայտուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 26 Մարտի յայտարարութեան մէջ: Եթէ նայիք այդ յայտարարութեան` կը տեսնէք, որ մենք թախանձագին կոչ յղեցին կողմերուն՝ ապահովելու 9 Նոյեմբեր 2020ին բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի եւ ռազմական բոլոր գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման մասին»:
Զախարովա դիտել տուաւ, որ մնայուն կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ տեղւոյն իրավիճակին մասին ամէնօրեայ դրութեամբ թարմ տեղեկատուութիւն կը հրապարակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրամիաւորման պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ: