Աշխարհահռչակ թենիսմեններ ռուսահայ Կարէն Խաչանով եւ ռուս Անտրէ Ռուպլեւ մասնակցեցան թենիսի բարեգործական մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ այս մրցումին հասոյթը, որ 100 հազար ամ. տոլար էր, տրամադրուեցաւ արցախահայութեան: Անիկա տեղի ունեցաւ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի Լոս Անճելըսի թենիսի կեդրոնի դաշտին վրայ:
Մրցումին Խաչանով 6-3, 4-6 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ, բայց անոր արդիւնքը կարեւոր չէր, այլ նպատակն էր կարեւորը:
Մրցումէն առաջ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները քայլարշաւ մը կատարեցին` բարձրացնելով Հայաստանի, Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու դրօշակները: Մարզիկները դաշտ ներկայացան հանդիսատեսներու բուռն ծափահարութիւններով, որոնք ներկայ եղան անմոռանալի մրցումի մը:
Մրցումէն առաջ Խաչանով եւ Ռոպլեւ, որոնք զոյգի մրցումներու խմբակից են, տաքցան Թիֆանի Փափազեանի, Լիլի Չամրասի, Օլեկ Սիմոնեանի եւ Վեմ Թարասեանի հետ, որոնք ախոյեան եւ փոխախոյեաններ էին այս տարուան «Արարատի» թենիսի մրցաշարքին:
Մրցումի պահուն օրուան խօսնակ Սիլվա Հայրապետեան մթնոլորտը աւելի բարելաւեց, երբ մարզիկներուն եւ հանդիսատեսներուն միջեւ «կամուրջ» մը ստեղծեց հարցումներ ալ հարցնելու: Ռուպլեւ, որ Կարէնը կը կոչէ «Հայ ռազմիկ» (Ուորիըր), կը սիրէ հայկական խորովածը, մինչ Խաչանով կը նախընտրէ Լիցքը:
Խաչանով եւ Ռուպլեւ խօսեցան նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կրնան քաջալերել հայ նոր սերունդին զաւակները` զանոնք ֆիզիքական եւ բարոյական ձեւով կրթելու եւ մարզելու:
ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը, որ 1978-ին հիմնադրուած է, ոչ հասութաբեր միութիւն մըն է, ինչպէս` ՀՄԸՄ-ը ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ կ՛աշխատի ամէն ձեւով կրթել Կլենտէյլի աւելի քան 10 հազար պատանիները, պարմանուհիները եւ երիտասարդները տարիներէ ի վեր: Շաբաթավերջին կազմակերպուած հաւաքներով «Արարատ» մասնաճիւղը ընկերային ջերմ մթնոլորտ կը ներշնչէ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան համար:
Նշենք, որ մրցումէն քանի մը օր առաջ, Խաչանով հանդիպած էր նախկին թիւ 1 թենիսմեն Անտրէ Աղասիի հետ, որ իր կարգին մրցումին ներկայ գտնուելու տոմս մը ունէր եւ ներկայ եղաւ քաջալերելու արցախահայութեան օգնութեան նպատակը: Աղասիի հայրը պարսկահայ բռնցքամարտի ողիմպիական մարզիկ եղած է եւ ունի հայ-ասորի արմատներ: Կարէնի հայրն ալ անշուշտ հայ է Աբգար անունով, իսկ մօրը ընտանիքն ալ հայկական արմատներ ունի:
Աղասի եւ Խաչանով միասին նկար մըն ալ նկարուեցան մրցումէն ետք: Խաչանով հրապարակեց նկարը` տակը գրելով. «Պզտիկ Հայաստանէն` սէր: Շնորհակալ եմ ներկայ գտնուելով եւ քաջալերելով այս ելոյթը. Անտրէ»: