Գրող, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պապենական տոհմիկ բակին
Գեղուհին էր խնձորենին
Պճնազարդուած կանաչ փէշով
Ուլունք-ուլունք խնձորներով …
Ու շէն կեանք կար շուրջը ծառին
Ծլվլոցով ճուտիկներու
Եռուզերով վարը բակին
Շուրջպար եկող փոքրիկներու …
Երջանկաշաղ այդ օրերուն
Երազանք կար հոն թռչկող
Երազանքներ նոր օրերու
Կապոյտներով պատմուճանուող …
Է՜հ այդպէս էր կեանքը զուարթ,
Լաւ օրերը բայց չեն մնար …
Հիմա այնտեղ բակին մէջ փակ
Խնձորենին է մնացած
Հմայքաթափ կարօտաբաղձ
Մեծ մօր մը պէս մեկուսացած…
Գրող, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորումը՝ Շաքէ Մանկասարեանի