Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի ընթերցուի խորհրդարանին յղուած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը: Ան կը վերաբերի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յապաղումին:
Խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 21 մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Նշանակեալ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Սաատ Հարիրի քանի մը ժամէն պիտի վերադառնայ Պէյրութ, եւ կը նախատեսուի, որ այդ մասին խօսք մը արտասանէ խորհրդարանին մէջ:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ հաստատեցին, որ նախագահ Աունի յղած նամակը իր ձեւին ու բովանդակութեան մէջ լեցուն է սխալներով եւ անիկա երկրին սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում կը նկատուի:
Անոնք հաստատեցին, որ նախագահ Աունի կեցուածքը յարգելի պիտի ըլլար, եթէ ան չարգելակէր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ խորհրդարանն ու քաղաքական ուժերը չներքաշէր այնպիսի քննարկումներու մէջ, որոնք երկրին մէջ լարուածութիւնը կը բարդացնեն: