Ուրբաթ, 26 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Ծաղկազարդի Տօնին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քուէյթի Սբ. Վարդանանց եկեղեցիէն ներս:
Հոգշ. Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի պատմութենէն բխող հետեւեալ երեք կարեւոր կէտերը.
«Ա.-Ծաղկազարդը հոգեւոր մաքրութեան տօն է. Քրիստոս Երուսաղէմ մուտքով մաքրագործեց տաճարը՝ բոլորին յիշեցնելով, թէ անիկա աղօթքի տուն է, եւ ոչ առեւտուրի: Այսօր մենք եւս պարտաւոր ենք մեր սրտերն ու հոգիները սրբելու եւ զանոնք վերածելու Աստուծոյ բնակարանի, աղօթքի ու փառաբանութեան վայրի, որպէսզի Քրիստոս գայ եւ հոն բնակի որպէս մեր Տէրն ու Թագաւորը:
Բ.-Ծաղկազարդը հոգեւոր խանդավառութեան տօն է. Այսօր մենք ալ պէտք է խանդավառութեամբ եւ հոգեւոր ուրախութեամբ դիմաւորենք Ծաղկազարդի տօնն ու խորհուրդը, ինչպէս չորս աւետարանիչները կը յիշեն, թէ ժողովուրդը խանդավառութեամբ ընդունեց Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը:
Գ.-Ծաղկազարդը մանուկներու տօն է. Քրիստոսի դիմաւորող ժողովուրդին մէջ աւետարանիչները յատկապէս կը յիշեն մանուկներու ներկայութիւնը: Ծաղկազարդը բոլորիս, մանաւանդ ծնողներուն կը յիշեցնէ այն պարտականութիւնները, զորս ունինք մեր մանուկներուն հանդէպ: Մանուկին ուղիղ, ճշմարիտ եւ Աստուածահաճոյ գիտութեամբ եւ հաւատքով կրթելն ու դաստիարակելը ծնողներուն նուիրական պարտականութիւնն է:»
Մինչ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը տեղի կ’ունենար եկեղեցւոյ մէջ, դուրսը, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Տիկնանց Յանձնախումբի տիկիններու աշխատանքը կը շարունակուէր. կը վաճառուէին երկար օրերու աշխատանքով պատրաստուած՝ մանուկներու Ծաղկազարդի յատուկ մոմերը եւ գեղեցիկ ձեւով յարդարուած տուրմերը:
Անշուշտ, եկեղեցւոյ մէջ կը պահպանուէին համաճարակի կանխման միջոցները. ներկաները կը կրէին դիմակներ եւ իրարմէ հարկ եղած հեռաւորութիւնը պահելով կը հետեւէին Ս. եւ Անմահ Պատարագին:
Այնուհետեւ, Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի թափօրին հետեւեցաւ փոքրիկներու եւ ծնողներու շարքը, որ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ազատ արձակուեցան երկու աղաւնիներ՝ որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ: Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մանուկներուն տրուեցան նաեւ այս առիթով եկեղեցւոյս նուիրուած փուչիկները: