-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Յուսանք, որ նոր ընտրութիւններէն ետք կարելի պիտի ըլլայ նոր սկիզբ մը դնել, կազմել նոր խորհրդարան՝ նոր մեծամասնութեամբ մը: Անշուշտ 44-օրեայ ծանր պատերազմը հայ ժողովուրդին համար շատ մեծ կորուստներ բերաւ, եւ անոր յաջորդեց հոգեբանական մեծ ընկճուածութիւն մը, բայց մենք պէտք է միշտ դէպի առաջ նայինք: Աշխարհի պատմութեան մէջ շատ եղած են երկիրներ, օրինակ՝ Գերմանիան, որ երկու պատերազմներուն հողին հաւասար եղաւ, սակայն դարձեալ կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ դարձաւ աշխարհի ամէնէն յաջող երկիրներէն մէկը: Մէկ խօսքով մեզի համար այսօր կարեւորագոյնը ծանր պատերազմէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնիլն է։
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Հայաստանի համար ամենակարեւոր անհրաժեշտութիւնը կը կարծեմ որ առաջին հերթին ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնն է, սահմաններու ապահովութիւնը, պատերազմի վտանգը կանխելը, եւ ատոր համար կարեւոր է, որ Հայաստանը ունենայ ամենանորագոյն արհեստագիտութիւնը եւ վստահելի դաշնակիցներ: Երկորդ կարեւոր հարցը՝ ներքին կազմակերպման հարցն է. պէտք է վերջ դրուի ժողովուրդի թալանին, ընտրակեղծիքներուն, կեղեքիչ համակարգին եւ պէտք է Հայաստանը վերածուի օրինական, արդար պետութեան մը, ուր հայ մարդը իրապէս կարենայ ապրիլ եւ ստեղծագործել: Այս է իմ փափաքներս: Ես անշուշտ հաւատացող մըն եմ ժողովրդավարութեան, ժողովրդավարութիւնը միշտ աւելի լաւ համակարգ է, քան բռնակալութիւնը, եւ այստեղ ժողովուրդը առիթ ունի իր կամքը արտայայտելու:
Անշուշտ չեմ կարծեր, որ ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի բոլոր հարցերը պիտի լուծուին, բայց յոյս ունիմ, որ մէկ քայլ դէպի առջեւ պիտի երթայ, դէպի ապագայ:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ հայ ժողովուրդը ճիշդ ընտրութիւն պիտի ընէ: