ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս ես պատասխանեցի Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի՝ թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին, որուն մէջ ան քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը:
Այդ օրէն ի վեր, հայոց աշխարհը անհանգստացած է պատրիարքին՝ թրքական լրատուական միջոցներուն շարունակ հարցազրոյցներ տալը՝ կատարելով թրքամէտ եւ հակահայկական մեկնաբանութիւններ: Ինչպէս գրած էի նախապէս, հասկնալի է, որ Պոլսոյ հայկական համայնքին մնացորդները պատանդ բռնուած են թրքական վարչակարգի դաժան ձեռքերուն մէջ: Հետեւաբար, մենք պէտք է յստակ ըմբռնումով մօտենանք անոնց կասկածելի արտայայտութիւններուն:
Այսուամենայնիւ, ոչ բոլոր յայտարարութիւնները կը կատարուին ճնշման տակ: Անոնց ժխտական յայտարարութիւններէն մէկ քանին կը կատարուին իրենց կամքով՝ առանց թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ տեսակի ճնշումի:
Երբեմն, Թուրքիոյ կարգ մը հայեր հակահայկական յայտարարութիւններ կ՛ընեն պաշտպանելու համար թուրք պաշտօնեաներու հետ իրենց ունեցած գործարար ձեռնարկները կամ պահպանելու համար իրենց աթոռները՝ սիրաշահելով թրքական իշխանութիւնները: Ուստի, ինքնաբերաբար պէտք չէ գալ այն եզրակացութեան, որ պէտք է զերծ մնալ անոնց թրքամէտ յայտարարութիւնները քննադատելէ միայն այն պատճառով, որ անոնք Թուրքիա կ՛ապրին: Ամէն ինչ կախուած է յայտարարութեան հանգամանքներէն եւ այն աստիճանէն, թէ որ թափով պոլսահայը կը յարձակի հայ ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական պահանջներուն վրայ:
Թրքական «Միլլիեթ» եւ «Սապահ» թերթերուն հարցազրոյցներ տալէն ետք, Մաշալեան պատրիարքը շարունակեց մնալ թրքական լրատուական միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը: 2 Յունուար 2020ին ան «Աքշամ» թերթին ըսաւ, որ սփիւռքահայերը եւ պոլսահայերը կապ չունին իրարու հետ եւ թէ Սփիւռքը հարիւր տարի ետ մնացած է:
«Թուրքիոյ մէջ բոլոր փոքրամասնութիւնները համակարծիք են, որ մենք մեր ամէնէն հանգիստ ժամանակաշրջանը կ՛ապրինք նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն», ըսաւ Մաշալեան պատրիարքը։ Պատրիարքը կարծես թէ մոռցած է, որ վերջին 12 տարիներուն հայ համայնքին թոյլ չեն տուած փոխարինող պատրիարք ընտրել այն բանէն ետք, երբ նախկին պատրիարքը կը գտնուէր մահաքունի մէջ: Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ արգիլած էր Թուրքիոյ մէջ շարք մը հայ հոգեւորականներու մասնակցութիւնը պատրիարքական ընտրութիւններուն՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք կը ծառայէին Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս գտնուող եկեղեցական ծուխերու մէջ: Մաշալեան պատրիարքը մեծ հաւանականութեամբ չէր ընտրուեր, եթէ միւս թեկնածուներուն թոյլ տրուէր մասնակցիլ ընտրութիւններուն:
«Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն ի վեր փոքրամասնութիւններու հարցերը օգտագործուած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար: Մենք չենք ուզեր, որ այս հարցին պատճառով Թուրքիա վնասներ կրէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Մենք այս երկրին քաղաքացիներն ենք, եւ այս երկրին դէմ ուղղուած որեւէ խօսք մեզ եւս կը վիրաւորէ», ըսաւ պատրիարքը «Աքշամ» թերթին:
Աւելին, Պոլսոյ պատրիարքը յայտարարեց հետեւեալը. «Հայկական Սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի: 1915ը եւ անոր յաջորդող յիշողութիւնները փոխանցուած են սերունդէ սերունդ: Անոնք տեսած են, որ այս հարցը առնուազն կը պահպանէ իրենց միասնութիւնը եւ կը ստեղծէ ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն: Ստեղծուած է ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտակցութիւն: Անոնք չեն ուզեր կորսնցնել զայն: Իսկ մենք այդ դէպքերէն ետք մնացած ենք այս հողերուն վրայ: Մենք որոշեցինք ապրիլ այլ ներկայացուցիչներու հետ միասին: Սփիւռքը հարիւր տարի ետ մնացած է…: Մեր եւ Սփիւռքին կողմէ իսլամութիւնը հասկնալու ձեւին մէջ տարբերութիւն կայ: Իրականութեան մէջ, ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ան այս մասին կը յիշէ Ապրիլ 24ին եւ կը մոռնայ մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24»:
Շարունակելով իր հակահայկական խաչակրութիւններուն արշաւանքը, Սահակ պատրիարքը 2 Յունուար 2020ին թրքական NTV-ին ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին բանաձեւը «վիրաւորած է զիս»: «Մենք Սփիւռք չենք: Մենք միշտ եղած ենք հոս եւ մնացած ենք այս երկրին մէջ: 1915ի դառն իրադարձութիւններէն ետք մենք որոշեցինք հոս մնալ: Մենք 105 տարի ապրած ենք այլ ձեւով, քան սփիւռքահայերը: Անոնք գոյատեւած են 1915ի ցաւի դառն յիշողութիւններով, զորս փոխանցած են սերունդէ սերունդ: Մենք վերապրած ենք այդ ցաւը: Մենք զայն չենք մոռցած, սակայն վերապրած ենք զայն: Տեղի ունեցած է համակեցութեամբ ապրելու կախարդանք», յայտնեց պատրիարքը:
Սահակ պատրիարքը ունեցած է հակասական անցեալ՝ տարօրինակօրէն տարբեր միջադէպերով: Սակայն հիմա ես կը նախընտրեմ չանդրադառնալ այդ հարցերուն: Հաճելի չէ յարձակիլ բարձրաստիճան հայ հոգեւորականի մը վրայ: Պարզապէս կը փափաքիմ հակիրճ մէջբերում ընել պատրիարքին 2017ին գրածէն. «Եկեղեցւոյ նուիրած եմ իմ կեանքը, իմ երիտասարդութիւնը եւ իմ տղամարդկութիւնը: Ես ընտանիք չունիմ: Վեց տարի ապրած եմ պատրիարքարանին 20 քառակուսի մեթրնոց սենեակին մէջ»:
Սահակ պատրիարքին՝ թրքական լրատուական միջոցներուն կատարած յայտարարութիւնները, իր պաշտօնավարման ժամկէտին սկիզբը, նոյնիսկ նախքան գահակալութեան հանդէսը, լաւ նշաններ չեն: Բազմաթիւ հայեր Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս, կը բողոքէին, որ անոր մրցակիցը՝ Արամ արք. Աթէշեան, շատ ենթակայ էր թրքական իշխանութիւններուն: Թէեւ այսպիսի պահուածք մը որոշ չափով հասկնալի է՝ նկատի ունենալով թրքական իշխանութիւններուն կեղեքիչ բնոյթը, սակայն նորընտիր պատրիարքը շատ աւելիով գերազանցեց իր մրցակիցին հնազանդ պահուածքը:
Սահակ պատրիարքին ինքնանուաստացուցիչ խօսքերը թրքական լրատուական միջոցներուն պարզապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան կրկնութիւնն են եւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ վերջերս տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումը: Աւելին, համադրուելով թրքական կառավարութեան հետ՝ պատրիարքը ինքզինք եւ Թուրքիոյ հայ համայնքը կը հեռացնէ Սփիւռքէն, ինչպէս թուրք իշխանաւորները արգիլեցին Սփիւռքի մէջ ծառայող թրքահայ հոգեւորականներուն մասնակցիլ պատրիարքական ընտրութիւններուն:
Սահակ պատրիարքը կ՛ապրի իր նոր պաշտօնին մեղրամիսը: Այսուամենայնիւ, ինչպէս տեսանք նախապէս, Թուրքիոյ կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ ուժեղացնել ճնշումը տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Երբ նման բան տեղի ունենայ, հայկական Սփիւռքն է, որ պիտի փորձէ օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ հայ համայնքին՝ անտեսելով Սփիւռքի դէմ պատրիարքին անբաղձալի խօսքերը։ Աւելին, ես գիտեմ, որ պատրիարքը Սփիւռքի նկատմամբ քննադատական յայտարարութիւնները կ՛օգտագործէ թրքական իշխանութիւններուն մօտ բարենիշներ շահելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ