Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպութեամբ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեակի Լիբանանի հանդիսութեան եզրափակիչ ձեռնարկը:
Ներկայ էին` հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները, նախկին ու ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական պաշտօնեաներ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բարձրագոյն եւ Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը, ուղեկից միութիւններ, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ մշակութային, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններ, արուեստագէտներ, համազգայնականներ եւ Համազգայինի բարեկամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անձնակազմէն Իզապէլ Տիարպի, որ յայտնեց, թէ 2023 տարուան ընթացքին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուեցան` յոբելենական ձեռնարկներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներ եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէսներ: Ան աւելցուց, որ յոբելենական հանդիսութիւններու շարքը տակաւին պիտի շարունակուի 2024 թուականին:
Իզապէլ Տիարպի ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի յարկին տակ` կատարելու շնորհահանդէսը 95-ամեակի առիթով պատրաստուած «Համազգայինը` յուշեր, վկայութիւններ, մտածումներ եւ խորհրդածութիւններ» գիրքին, ինչպէս նաեւ` ներկայացնելու մեր լիբանանահայ հանրութեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի այս ամրան Երեւանի մէջ կազմակերպած ցուցահանդէսին արուեստի գործերը»:
Յայտնենք, որ 86 արուեստագէտներու մասնակցութեամբ այս ամրան տեղի ունեցած ցուցահանդէսը լայն հետաքրքրութիւն ստեղծեց հայրենի արուեստագէտ եւ արուեստասէր հանրութեան մէջ եւ դարձաւ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու յաւելեալ սերտաճեցման:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակի հրատարակութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերած են` 53 մտաւորականներ, կրօնականներ, համազգայնականներ եւ Համազգայինի գործին ու առաքելութեան ծանօթ բարեկամներ:
Ձեռնարկին իրենց խօսքերը արտասանեցին` Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի մօտ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: (Խօսքերը կը հրատարակենք առանձին):
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու ցուցադրութեան դրուած արուեստի գործերուն: Աւարտին Նոր տարուան շնորհաւորանքներու եւ բարեմաղթութիւններու կատարումով ներկաները ապրեցան մշակութային մտերմիկ մթնոլորտ մը:
Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը
Այն պահուն, երբ մոմը մարի, կը զգանք, թէ խաւարը որքան ահաւոր է, իսկ այնքան ատեն որ մոմ կայ եւ լոյս կայ, խաւարը կը դադրի ցաւցնող ըլլալէ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք խաւարի մէջ էր հայ ժողովուրդը, սակայն ապագայատեսիլ անձնաւորութիւններ, պայծառ մտքեր անհրաժեշտ նկատեցին, որ Ցեղասպանութեան շարունակութեան առաջքը առնելու համար, միայն խաւար տարածելու փոխարէն, լոյս վարել, եւ այդ լոյսին 1928-ին Գահիրէի մէջ կայծ տրուեցաւ Համազգայինի հիմնադիրներու կողմէ, որոնք նկատեցին, որ հայը հայ պահելու հիմնական սիւն` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կողքին, հայ մշակոյթի պահպանումն էր:
Չենք գիտեր, թէ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան հիմնադիրները, երբ Գահիրէի մէջ կը հիմնէին այս միութիւնը, նախատեսած կրնայի՞ն ըլլալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս միութեան ապագան, որքան երկար պիտի ապրի, որքան պիտի տարածուի, որքան կարիքը կայ անոր, եւ ապագային ալ որքան կարիքը պիտի զգացուի այս միութեան գոյութեան ու զարգացման: Սփիւռքացած հայութիւնը, որ Ցեղասպանութենէն ետք արդէն 100-ամեակէ մը աւելի անհրաժեշտ նկատեց, որ Համազգայինը շարունակէ մնալ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս հիմնուած էր, այլ առաւել եւս տարածուի, ծաւալի, զարգանայ, բարգաւաճի եւ արտադրէ: Պահ մը, կ՛ենթադրեմ, բոլորիս միտքին մէջ կարելի է հարց տալ, որ եթէ չըլլար Համազգայինը, ի՛նչ հսկայական բաց եւ պակաս պիտի ըլլար մեր ազգային կեանքին մէջ, մեր հայապահպանման գործին մէջ, մեր հայրենասիրական ճիգին մէջ: Արդարեւ, Համազգայինի հիմնադրութեամբ բացուեցաւ ուղին հսկայական աշխատանքին, եւ այս ճամբուն վրայ հսկայ բանակ մը գործեց: Ընդհանրապէս սովորութիւն է խօսիլ հիմնական դէմքերուն, հիմնադիրներուն, կարկառուն դէմքերուն մասին: Բայց երբեմն կը մոռնանք, կամայ թէ ակամայ, յիշել խոնարհները: Այո՛, Համազգայինը իր 95 տարուան բեղուն գործունէութեան ընթացքին ունեցաւ պատասխանատուներ, ունեցաւ կեդրոնական վարչութիւններ, շրջանային վարչութիւններ, բայց ունեցանք մեծաթիւ խոնարհներ նաեւ: Ունեցանք կրթական հիմնարկներու մէջ պաշտօնավարող տնօրէններ, ուսուցիչներ, Հայագիտական հիմնարկին մէջ դասախօսներ, ամսաթերթերու թէ պարբերաթերթերու խմբագիրներ, յօդուածագիրներ, թատրոնի բեմադրիչներ, դերասաններ, քուլիսներու ետեւ աշխատող անանուն, չյիշուող անհատներ, երգչախումբի ղեկավարներ ու անդամներ, պարախումբերու պարուսոյցներ ու պարողներ, երաժշտական խումբերու խմբավարներ, նուագածուներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ նկարչական արուեստի հետեւողներ, տպարան ու հրատարակչատուն` իրենց խնամակալութեամբ, տնօրէններով, խմբագիրներով, սրբագրիչով, տողաշարով, տպագրողով, մինչեւ հրատարակուած գիրքը շալկող, ցրուող, բաշխող, ժամանակին նամակատուն տանող անհատներով, ֆորումականներով, առօրեայ գործերը դասաւորող երիտասարդներով-երիտասարդուհիներ, մայրիկներով, տնտեսներով: Բնականաբար այս բոլորը իրականութիւն չէին դառնար առանց Համազգայինի սրբազան գործին եւ հայապահպանման հաւատացող մեր բարերարներուն, որոնք լիաբուռն հոս եւ այլ տեղ իրենց քսակը բացին, որպէսզի հայ մշակոյթը ապրի: Իւրաքանչիւրը իր սիրած ոլորտով, մին հրատարակութեան մեկենաս կանգնելով, միւսը թատրոնի գրքոյկին մէջ յայտարարութիւն մը տալով, ուրիշ մը` դպրոց հաստատելով եւ բարերարութիւնը ընելով, օրինակները հսկայական են: Այլ խօսքով, Համազգայինի գործին հաւատացող բոլոր նուիրեալներուն 95-ամեակը կարելի է նկատել այսօր Լիբանանի մէջ, որովհետեւ Գահիրէի մէջ հիմնադրուած Համազգայինը մոմին պատրոյգը վառեց եւ փոխադրուեցաւ Լիբանան ու Լիբանանէն դէպի` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկաներ, Մոսկուա, Արցախ, Հայաստան: Նաեւ չենք կրնար մոռնալ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն ձեռքերէն բռնած` վարժեցուցին իրենց երեխաները` թատրոն յաճախելու, պարախումբի մաս կազմելու, մանկական երգչախումբերուն միանալու, գծագրութեան մրցանքներու մասնակցելու եւ Համազգայինի հաստատած դպրոցներուն մէջ աշակերտելու: Եթէ մտովին հաշիւ ընենք, պիտի նկատենք, թէ կը խօսինք 95 տարիներու ընթացքին քանի՜ տասնեակ հազարներու մասին, որոնք, եկան, ճգնեցան, ջանք ի գործ դրին, մեկնեցան, հսկաներ թէ խոնարհներ, որոնք, ամէնէն կարեւորը, պահեցին Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու, Իփէկեաններու եւ միւս հիմնադիրներուն ժառանգը: Կամաւոր բանակ մը` մշակոյթի հաւատացեալներ, նուիրեալ ծառաներ, պիտի նախընտրեմ ըսել` հայապահպանման մարտիկներ: Այո՛, եթէ 1928-ին հիմնադիրները մոմը վառեցին, մոմը 95 տարուան ընթացքին վերածուեցաւ ջահի` Համազգայինի հովանիին տակ գործողներով: Համազգային ջահի վերածուեցաւ եւ չսահմանափակուեցաւ միայն միութենական նեղ շրջանակի մէջ: Այս ջահը ժառանգ է, զայն բոցավառ պահելը սրբազան պարտականութիւն է, բոցը տարածելը եւ այդ բոցով շրջապատը վարակելը այսօրուան հրամայականն է: Վարձքը կատա՛ր բոլորին: Խաւարը լուսաւորող 95-ամեայ Համազգայինին նոր 100-ամեայ նուաճումներ կը մաղթենք ու մաղթանքներու մաղթանքը, որ ոչ շատ ուշ Համազգայինը վերադառնայ Արցախ:
Իսկ այս գիրքը, որ 95-ամեակի առիթով Համազգայինի հրատարակչատունը մեր բոլորին սեփականութիւնը կը դարձնէ, կ՛ենթադրեմ` իր բովանդակութեամբ, շատ բան կու տայ մեզի, բայց գիրքը սկիզբն է Համազգայինի 95-ամեայ եւ թերեւս մինչեւ 100-ամեակ իրականանալիք բազմահատոր հրատարակութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի Համազգայինի ամբողջ պատմութիւնը գրուի իբրեւ յուշամատեան: Գահիրէէն Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Պարսկաստան, արաբական երկիրներ, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Ռուսիա, Արցախ, Հայաստան, Ջաւախք եւ հոն, ուր հայ կայ, եւ որուն համար Համազգայինը իր սրտին մէջ տրոփող գոյութիւն է, եւ հոն, ուր Համազգայինը կը հասնի: Իւրաքանչիւր հատոր ըլլայ առանձին ոլորտի մը մասին` դպրոց, թատրոն, գեղարուեստ, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, երաժշտութիւն, նուագախումբ, ինչ որ Համազգայինը ըրած է եւ ինչ որ Համազգայինը պիտի մտածէ ընել:
Վստահ եմ, որ 95-ամեակը ոչ մէկ ձեւով կրնայ համազգայնական մեր ընկերներուն համար գործ մը ըրած ըլլալու եւ հանգիստ տուն երթալու տարեդարձ ըլլայ, այլ սկսած գործին ժառանգութիւնը իրենց ուսերուն վերցուցած, տքնաջան նոր աշխատանքի մը առաջին դուռը պէտք է ըլլայ: Վարձքերնիդ կատա՛ր, շնորհաւոր Նոր տարի ձեր բոլորին, ձեր ընտանիքներուն առողջութիւն, երջանկութիւն, ցաւ չտեսնէք:
Հրայր Գէորգեանին Խօսքը
Տարեդարձները միշտ առիթ ընծայած են մեր կառոյցներու գործուէութեանց վերարժեւորման, որպէսզի յաւելեալ կորովով ու պատրաստակամութեամբ եւ հիմնուած կառոյցներու սկզբունքներուն ու իտէալներուն վրայ ծրագրուին եւ գործադրութեան դրուին ամբողջական նոր ձեռնարկներ ու աշխատանքներ:
Համազգայինի 95-ամեակը անմասն չմնաց այս սկզբունքէն:
Մայիս 2022-ին Երեւանի մէջ կայացած Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը իր լիագումար առաջին նիստին իսկ որոշեց յատուկ բծախդրութեամբ ծրագրել եւ իրագործել Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակի նախաձեռնութիւններ` թէ՛ Կեդրոնական վարչութեան եւ թէ՛ շրջանային ու մեկուսի վարչութիւններու կազմակերպութեամբ:
Աւելի՛ն. հիմուած նախորդող կեդրոնական վարչութիւններուն գործուէութեանց վրայ` որոշուեցաւ զանոնք յաւելեալ կերպով ընդարձակել, կամքէ անկախ պատճառներով անաւարտ մնացած ծրագիրներն ու աշխատանքները ամբողջացնել եւ յաւելեալ կորովով դիմել նոր նախաձեռնութիւններու` աւելիով ամրապնդելու համար Համազգայինի կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը:
Կրթական մարզին մէջ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմանները եւ դրամանիշի արժեզրկումը մեծ հարուած հասցուցած էին հայ կրթական մշակներուն ապրուստի պայմաններուն` սպառնալով ընդհանրապէս հայ դպրոցին, եւ մասնաւորաբար` Մ. եւ Հ. Արսլեանեան ճեմարանի առաքելութեան, առաջին իսկ օրէն աշխատանք տարուեցաւ հանգրուանային կերպով նուազեցնելու տնտեսական եւ ելեւմտական տագապին հետեւանքները` ուսուցիչներուն եւ պաշտօէութեան համար: Միաժամանակ գործադրութեան դրուեցաւ ճեմարանի շէնքերուն անհրաժեշտ նորոգութեան փաթեթ մը, որ ընթացքի մէջ է:
Հիմնարկէքը կատարուեցաւ Մարսէյի ճեմարանի գործուէութեան ընդարձակման ծառայելու կոչուած նոր շէնքին կառուցման, որ մեծ թափով կը շարունակուի:
Շարունակցուեցաւ Մոսկուայի շաբաթօրեայ դպրոցներուն գործունէութիւնը:
Գործադրութեան դրուեցան մանկապարտէզի նոր գիրքերուն, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի ու միջնակարգի հայոց պատմութեան դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագիրը:
Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցաբար շարունակուեցաւ հայ ուսուցիչի պատրաստութեան ծրագիրը:
Մշակութային մարզին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը սատար հանդիսացաւ շրջաններու մշակութային դպրոցներուն եւ ձեռնարկութիւններուն կատարելագործման, իր բարոյական ամբողջական, ու հարկ եղած պարագային, նաեւ նիւթական օժանդակութիւնը բերելով բոլոր շրջաններուն, մասնաւորաբար` Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառոյցներուն, որոնք պայքարելով տեղական մեծ դժուարութիւններուն դէմ` անկարելին դարձուցին կարելի, հազարաւոր մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու ջամբելով հայ մշակոյթը` իր բոլոր երեսներով:
Հրատարակչական եւ գրական մարզերուն մէջ պատրաստուեցաւ գործունէութեան ընդհանուր ծրագիր մը: Այսօր ականատես կ՛ըլլանք «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ամիսներու գործունէութեան փայլուն աւարտին` Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած յուշագիրքին ներկայացումով, ինչպէս նաեւ` «Զաւարեան մատենաշար»-ի 6 հատորներու հրատարակումով:
Երեւանի ու Արցախի գրասենեակները իրենք եւս կատարեցին հրատարակչական կոթողային հրատարակութիւններ, որոնք Լիբանանի հանրութեան պիտի ներկայացուին յատուկ ձեռնարկով, յառաջիկայ ամիսներուն:
Յատուկ յիշատակութեամբ նշուեցաւ «Բագին»-ի հիմնադրութեան 60-ամեակը` ձեռնակներու եւ հրատարակութիւններու ճամբով, ինչպէս նաեւ` «Բագին»-ի 60-ամեայ հարուստ գրականութեան թուայնացումով:
Երիտասարդական մարզին մէջ շարունակուեցան ֆորումի եւ Եութլինքսի հաւաքները, ինչպէս նաեւ ընդարձակուեցան մանկական հրատարակչութիւններու եւ խաղերու ծրագիրները:
Քարոզչական եւ տեղեկատուական մարզերէն ներս վերկազմաւորուեցաւ Համազգայինի կայքէջը, լայն աշխատանք տարուեցաւ ընկերային ցանցերուն միջոցով Համազգայինի թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ շրջանային ձեռնարկներն ու աշխատանքները սեփականութիւնը դարձնել հայկական լայն խաւին:
Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, գործադրուեցան ակադեմական բարձրորակ կրթական եւ ուսումնասիրական համագումարներ, որոնց արդիւնքը ամփոփուեցաւ յատուկ հրատարակութիւններու մէջ:
Իսկ Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ աշխուժ գործունէութեամբ, մեծ թափ ստացաւ Արցախի մանուկներու ծրագիրը: Սեպտեմբեր 2023-էն ետք, Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանման իբրեւ հետեւանք, այս ծրագիրը իր ուսերուն վրայ առաւ գործունէութեան յաւելեալ պարտականութիւն` նեցուկ կանգնելով արցախի մանուկներուն եւ պատանիներուն կրթական եւ մշակութային աշխատանքներուն կարեւոր մէկ մասին:
Կազմակերպական մարզին մէջ, շրջաններուն կենդանի գործունէութեանց կողքին, հիմնուեցաւ Գիւմրիի գրասենեակը, վերաշխուժացաւ Քուէյթի շրջանը, կապեր հատատուեցան Հարաւային Ամերիկայի համազգայնականներուն հետ` վերակազմաւորելու համար շրջանի գործունէութիւնը: Բնականաբար տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք այս մարզին մէջ, յատկապէս` Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ հայաշատ գաղութներէն ներս:
Այս բոլորին առընթեր, բնական էր, որ 95-ամեակի միջազգային ձեռնարկներու մեկնարկը պիտի կատարուէր Լիբանանէն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած պաշտօնական ձեռնարկով:
Անոր կողքին, ամրան Երեւանի մէջ նաեւ կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, զուգահեռ 4 ձեռնարկներու, որոնցմէ մէկն էր «Լիւսի Թիւթինճեան» ցուցասրահին կազմակերպած աննախընթաց ցուցահանդէսը:
Յաւակնութինը ունինք յայտարարելու, որ այս բոլորով հանդերձ, իրագործուած են մեր ծրագիրներուն եւ իտէալներուն մէկ փոքր բաժինը միայն:
Դէպի 100-ամեակ եւ աւելի անդին` տակաւին շատ են իրագործուելիք աշխատանքները: Քաջ գիտենք, որ անոնք բոլորն ալ պիտի ունենան մեր բոլորիս ամբողջական նեցուկը:
Խօսքս փակելէ առաջ, փակագիծ մը բանալով, կ՛արժէ յիշել, որ օրերս կը զուգադիպին այս ձեռնարկի կազմակերպիչ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի պաշտօնավարութեան 25-ամեակին: Վարձքը կատա՛ր ընկերոջ:
Դէպի յարատեւ լոյս, Համազգա՛յին:
Յակոբ Հաւաթեանին Խօսքը
Նախ` շնորհակալութիւն, որ այս տօնական օրերուն, այս խճողուած ժամանակամիջոցին բոլորդ սիրայօժար ընդառաջեցիք մեր հրաւէրին, որովհետեւ բոլորիդ ալ սրտին, հոգիին խօսող աշխատանք է մեր ազգի հոգեմտաւոր արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքը, եւ այս համագաղութային զօրակցութիւնը մեզի կը դարձնէ յաւելեալ պարտաւորեցնող` մեր գործը շարունակելու աւելի վճռական, աւելի՛ ինքնավստահ եւ աւելի՛ սիրայօժար:
Նախ քանի մը խօսք` այս հրատարակութեան մասին: Երբ 95-ամեակը յայտարարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Համազգայինի հրատարակչատունը գաղափարը յղացաւ այս հատորի պատրաստութեան եւ, այս իմաստով, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մեր շրջաններու շրջանային վարչութիւնները տեղեակ պահելով, առաւել` անհատ մտաւորականներու, համազգայնականներու, հանրային գործիչներու տեղեկացնելով` աշխատանքի անցանք: Եւ պէտք է ըսել, որ բաւական մեծ էր ընդառաջումը, եւ քիչ ետք, երբ արդէն պիտի թերթատէք, 53 անհատներ իրենց վկայութիւնները, յուշերը, մտածումները արձանագրած են այս կարեւոր հատորին մէջ: Համազգայինը զանազան տարեդարձներու պրոշիւրի ձեւաչափով հրատարակութիւններ ունեցած է, բայց առաջին հրատարակութիւնը, որ եղած է, Համազգայինի 25-ամեակին առիթով է, եւ այդ հրատարկութենէն քանի մը նմուշներ տակաւին կը գտնուին մեր մօտ եւ այսօր, ահաւասիկ, այս հրատարակութիւնն է, որ կը դնենք մեր հանրութեան տրամադրութեան տակ: Ճիշդ է, որ յուշագրութիւններու, վկայութիւններու գանձարան մըն է, բայց իւրաքանչիւր անհատ ժամանակահատուածի մը շունչը, բոյրը, աշխատանքը, մթնոլորտն է, որ կը փոխանցէ նաեւ, ու ենթակայական գործօնը ընդհանրապէս նուազ է բոլոր վկայութիւններուն եւ գրութիւններուն մէջ: Համազգայնական շունչն է, որ կը բուրէ, ինչպէս ըսի, եւ կարելի է ըսել, որ նաեւ կրնայ հիմք դառնալ այն հրատարակութեան, որ շուտով պիտի ծրագրուի 100-ամեակին ընդառաջ եւ Համազգայինը անպայման 100-ամեակին պիտի ունենայ իր յուշամատեան-պատմագիրքը, որուն աշխատանքները եթէ այսօր սկսինք հազիւ թէ 5 տարիէն կարենանք աւարտել, որովհետեւ, ինչպէս որ դուք կը վկայէք, Համազգայինի գործը բազմերանգ եւ բազմաբեւեռ գործ է: Այս առիթով թոյլ տուէք այս հատորի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեանին շնորհակալութիւն յայտնելու, որ ձեռնհաս կերպով եւ բծախնդրօրէն կատարեց խմբագրական աշխատանքը, նաեւ` Անի Սարգիսեանին, որ էջադրումը կատարեց, Մեղրի Շամմասեանին, որ կազմի պատկերացումը յղացաւ, ու նաեւ` Յովիկ Գլընճիպաշեանին, որ կողքի ձեւաւորումը կատարած է: Բարի ընթերցանութիւն կը մաղթենք ձեզի: Վստահ եմ, որ ձեր կարծիքները վաղը միւս օր մեզի համար օգտակար կ՛ըլլան ու նաեւ թերեւս այս հատորը հիմք կը դառնայ ընթերցողին, որ ինքն ալ իր գրիչով Համազգայինի կամ ընդհանրապէս մեր մշակութային բնագաւառի մասին իր ըսելիքը ըսէ: Այս առիթով նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` Համազգայինի անանուն բարեկամ, մեր գործերուն միշտ զօրակցած համազգայնականի մը, որ յանձն առաւ հատորի հրատարակութեան մեկենասութիւնը: Հատորը արժանավեյել կերպով նուիրուեցաւ 30 տարի այս հաստատութեան մէջ ծառայած եւ ամբողջ 25-ամեակ մը լիբանանահայ գաղութի հասարակական կեանքին մէջ եւ ամէնէն ճգնաժամային օրերուն ղեկավարութիւն ստանձնած Երուանդ Մոնոֆարեանի յիշատակին, որուն մահուան 20-ամեակն է այս տարի: Յարգա՛նք իր վաստակին: Երկրորդ, ինչ կը վերաբերի ցուցադրութեան դրուած գործերուն, 86 արուեստագէտներ մասնակցեցան: Ուզեցինք նաեւ մեր լիբանանահայ արուեստասէր մարդիկ առնչուին այս գործերուն: Եւ ինչպէս օրին մամուլով հրատարակուեցաւ, այս ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ մեծ գնահատանք եւ ժողովրդականութիւն ունեցաւ, յատկապէս արուեստագէտ շրջանակներու կողմէ, որ մեզի համար նաեւ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պատճառեց:
Վերջապէս, 100-ամեակի ընդառաջ գործեր կատարուեցան, պատմութիւնը իր ըսելիքը կ՛ըսէ, կ՛արժեւորէ, բայց մենք կը գտնուինք շատ կարեւոր փուլի մը ընդառաջ, ու թէեւ զուգահեռներ գծելը երբեմն քիչ մը դժուար է, բայց արժէ նշել, որ Համազգայինի հիմնադիրները մեծեր էին, որոնք Հայաստանի առաջին անկախութիւնը կերտեցին, յետոյ, այդ կորուսեալ անկախութենէն ետք ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ճակատագիրին տէրը կանգնեցան, այսօր կարծէք յար եւ նման կացութեան մը դիմաց կը գտնուի Համազգայինը: Այսօր կորսնցուցած ենք Արցախը, կորսնցուցած ենք հոգեմտաւոր հսկայական ժառանգութիւն` անկախ մարդկային եւ ամէն տեսակի կորուստներէն եւ, ահաւասիկ, Համազգայինը Արցախի գծով նաեւ կը կատարէ աշխատանք, եւ այսօր եթէ այն օրերուն, այդ թուականներուն հայապահպանումը աւելի նուազ ճիգ ու ջանք կ՛ենթադրէր, բոլորս ալ պէտք է ըլլանք անկեղծ եւ հաստատենք, որ այսօր հայապահպանման գործը շատ աւելի դժուար, շատ աւելի ճիգ, քրտինք եւ զոհողութիւն ենթադրող գործ է, որովհետեւ մեր կեանքը օրէ օր օտարացման ճիրաններուն տակ կը տուայտի, կը դառնայ անորոշ, ազգային գիտակցութիւնը, ազգային ամէն տեսակ արժեամակարդ կը խամրի: Մեր միջավայրին մէջ ականատես կը դառնանք այդ բոլորին: Հոսանքն ի վեր թիավարելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք հաւաքաբար` մեր բոլոր միութիւններով, կառոյցներով, կազմակերպութիւններով, եկեղեցիով, որպէսզի դարձեալ կարողանանք վերակազմակերպուիլ եւ վերագտնենք մենք զմեզ, ու նաեւ պարզապէս չունենանք այն խաբկանքը, որ միայն ու միայն խօսինք, քննարկենք, այլ անպայման աշխատինք:
100-ամեակի ընդառաջ, իբրեւ հրատարակչատուն, անշուշտ կը գտնուինք պարտաւորութիւններու դիմաց: Առաջինը, արդէն ըսինք, Համազգայինի ընդհանուր 100-ամեայ երթի ամբողջական գիտական մօտեցումով հրատարակութեան աշխատանքն է, Համազգայինի 100-ամեայ հրատարակութիւններու մատենագիտական աշխատանքը, սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան արձագանգումը, հայրենիք-սփիւռք գրականութեան ճամբով յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտաճումը եւ տակաւին այլ աշխատանքներ, ասոնց կողքին նաեւ չմոռնանք առցանց նաեւ մեր ընթերցողներուն հասանելի դառնալու կարելիութեանց բազմացման անհրաժեշտութեան դիմաց գտնուելու մեր պարտաւորութիւնը: Բարի՛ երթ բոլորիդ: Կը խոստանանք, բայց խոստումը աշխատանքով է: Վերջապէս, քիչ առաջ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչի` 25-ամեայ իբրեւ տնօրէն ծառայութեանս մասին բարեմաղթութեանց, ըսեմ, որ Համազգայինի մէջ 33 տարեկան դարձայ եւ մինչեւ այսօր տակաւին Համազգայինը ինծի համար 2-րդ ընտանիք է: