Յարութիւն Իսկահատեան,Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ -205
Հայասպանութեան վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պաշտօնական փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան լոյսին տակ- թիւ 6
Տուեալներու սակաւութեան կամ զանոնք պեղելու անհնարութեան պատճառով, դաշնակիցներու եւ մասնաւորաբար Մեծն Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի Տարտանէլի մէջ թուրքերուն դէմ Ա. Համաշխարհային պատերազմի արդիւնքին մասին եղած եզրակացութիւնը առեղծուածային կը թուէր: Սակայն պրպտելով եւ ուսումնասիրելով աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական նախապէս գաղտնի, այժմ բացայայտ արխիւները, դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կը պարզաբանէ ու կը յստակացնէ այդ հարցը:
Զինուորական պատասխանատուներ, քաղաքական ու դիւանագիտական դէմքեր այս հարցը պարզած են ըսելով, թէ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները Տարտանէլի մէջ օսմանեան եւ գերմանական ոյժերը ջախջախելէ անմիջապէս ետք՝ քաշուած ու հեռացած են պատերազմի գօտիէն կռնակ տալով իրենց տարած յաղթանակին: Իբրեւ պատճառ անգլիական ու ֆրանսական զինուորական ղեկավարութիւնները յստակօրէն ըսած են, թէ չէին ուզեր որ Ռուսիա իրենց յաղթանակը կլլեր եւ Կ. Պոլիսը գրաւէր: Անոնք միշտ արգելք կը դնէին Ռուսիոյ առջեւ որպէսզի վերջինս չկարենայ տաք ջուրերը իջնել:
Այս հարցը դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կը վերլուծէ իր «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերնագրեալ ութերորդ գլուխին (էջ 116-149) մէջ (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Այս գիրքը անգլերէն ամփոփումն է պատմաբան դոկտոր Արտեմ Օհանջանեանի 1995-էն 2011 ուսումնասիրած՝ Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պաշտօնական փաստաթուղթերու 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը:
1915-ի սկիզբը դաշնակիցներու կողմէ Տարտանէլի գրաւումը շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարց մըն էր Օսմանեան պետութեան քրիստոնեաներուն՝ մանաւանդ հայոց համար: Թրքական իշխանութիւնները Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասի հեռագրատան միջոցով յայտնաբերած էին դաշնակիցներու ուղղուած հեռագիր մը՝ գրուած Կ. Պոլսոյ իտալացի եւ ֆրանսացի կղերականներու կողմէ: Այդ հեռագիրով կղերականները իրենց նեցուկը կը խոստանային դաշնակիցներուն՝ թուրքերու դէմ Տարտանէլի եւ Կ. Պոլսոյ գրաւման պայքարին մէջ: Երբ թրքական իշխանութիւնները կը յայտնաբերեն այդ հեռագրին բովանդակութիւնը, անմիջապէս քառասուն կաթողիկէ կղերականներ եւ քսան իտալացի ու ֆրանսացի մայրապետներ կը ձերբակալեն: Այս իրողութիւնը թուրքերուն առիթ ու պատրուակ կ’ընծայէ բանակին մէջ բոլոր քրիստոնեայ զինուորները՝ հայ, յոյն եւ ասորի, զինաթափ ընելու եւ զանոնք միայն ճանապարհաշինութեան մէջ չարաչար օգտագործելու:
Այդ միջոցին դաշնակիցները 19 Փետրուար 1915-ին կը սկսին ռմբակոծել Տարտանէլի թրքական դիրքերը: Եթէ Տարտանէլը իյնար անոնց ձեռքը, ֆրանսացիները, անգլիացիներն ու ռուսերը Կ. Պոլիսը գրաւելով հոն պիտի խմբուէին եւ իրար միջեւ պայքար մղէին: Արեւմուտքը բնաւ չէր ուզեր որ ռուսերը Կ. Պոլիսը գրաւեն:
Տարտանէլի ճակատամարտի սկիզբը Ուինսթըն Չըրչիլ, որ բրիտանական բանակին մէջ բարձրաստիճան սպայ էր այն ժամանակ կ’ըսէ. «Մարտ ամսուն սկիզբը արդէն Տարտանէլի թրքական վանդակորմը քանդուած էր: Թրքական թնդանօթները լռութեան մատնուած էին: Ականներու շրջանէն թրքական բանակի գունդերը նահանջած էին եւ կը մնար դաշնակիցներուն ականները մաքրելով յառաջանալ» (էջ 121):
Թուրքերը Մարտ ամսուն վերջերը արդէն շատ քիչ ռազմամթերք ունէին եւ այլեւս չէին կրնար շարունակել ճակատամարտը: Անոնք իրենց յարձակողական դիրքերէն կը նահանջեն: Գերմանացի զօրավար Լիման ֆոն Սանտերս այս հարցին մասին կ’ըսէ. «Թրքական զինուորական ղեկավարութիւնը Փետրուարի վերջերը կը սպասէր որ դաշնակիցները իրենց յաղթանակը յայտարարեն: Այս պատճառով անոնք կը պատրաստուին նահանջել… եւ ծրագրած էին սուլթանի նստավայրը եւ թրքական քաղաքական ու զինուորական հրամանատարութիւնն ու պաշտօնէութիւնը տեղափոխել Փոքր Ասիա…» (էջ 121):
Երբ թրքական ոյժերուն մեծ մասը Տարտանէլի մէջ ջախջախուեցաւ, դաշնակիցներու հրամանատարութիւնը կրակը դադրեցնելու զարմանալի եւ անակնկալ հրահանգը տուաւ: Այս կրակմարի մասին բրիտանական բանակի ականահաւաք ջոկատի հրամանատար՝ Ռոճըր Քիզ ճակատամարտի աւարտէն ետք կ’ըսէ. «Կասկած չունէի այն ատեն եւ հիմա ալ թէ Ապրիլ 1915-ին եթէ մեր ոյժերը Մարմարայի նեղուցը խուժէին, չնչին վնասով, որ շատ աւելի պակաս պիտի ըլլար քան թրքականը, պիտի կարենայինք Մարմարան գրաւել եւ կործանել հոն խարսխող թրքօ-գերմանական նաւատորմը: Մեր այդպէս չընելը պատճառ դարձաւ յաւելեալ մէկ միլիոն զոհերու իյնալուն եւ պատերազմին երեք տարի եւս շարունակուելուն» (121-122):
Միւս կողմէ Չըրչիլ բրիտանական Ծովային հրամանատարութեան բողոք կը ներկայացնէ Տարտանէլի հարցին անակնկալ զարգացման նկատմամբ ըսելով. «18 Մարտի Կալիփոլիի ճակատամարտը մինչեւ վերջ չմղուեցաւ: Եթէ մղուէր, մեր նաւատորմը պիտի մտնէր նեղուցը» (էջ 122):
Բազմաթիւ հմուտ զինուորականներ կը բողոքեն քաղաքական այդ նենգ որոշումին դէմ: Չըրչիլ աւելի առաջ երթալով կը բացատրէ իր կեցուածքը աւելցնելով. «Մենք տեղեկութիւն ստացանք թէ թրքական ոյժերը զինամթերքի պակասէն կը տառապին: Գերմանացի բարձրաստիճան սպաներ յուսահատ կոչերով դիմած են իրենց իշխանութեան՝ թրքական բանակին յաւելեալ զինամթերք հայթայթելու … Յարձակումը պէտք է շարունակէինք գիշեր ցերեկ առանց նկատի առնելու մեր հաւանական մանր վնասները» (էջ 122):
Իբրեւ բացատրողական եզրակացութիւն դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ, թէ Կ. Պոլիսը գրաւել եւ զայն Ռուսիոյ թողուլ հակառակ է անգլիական երկարամեայ քաղաքականութեան «սկզբունքներուն»: Բացայայտ է ամենուն թէ Անգլիա յարատեւ ջանք թափած է Ռուսիան հեռու պահելու Միջերկրական Ծովէն: Այս պատճառով է որ ան սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հետ գաղտնի համաձայնութիւն մը կնքելով գրաւած է Կիպրոսը, որպէսզի հոնկէ աւելի դիւրին ղեկավարէ Ռուսիան հեռու պահելու գործը: Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’աւելցնէ թէ Կալիփոլիի ճակատամարտը Թուրքիոյ ինքնավստահութիւնը վերականգնեց եւ ան յանդգնութիւնը ունեցաւ հայերը կոտորելու:
Անկախ վերոյիշեալ տուեալներէ թրքական բանակին ծառայած եւ Կալիփոլիի պատերազմին մասնակցած ականատես վկայ, հայ սպայ Սարգիս Թորոսեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Տարտանէլի ճակատամարտը իր յուշագիրքին մէջ՝ «Տարտանէլից Մինչեւ Պաղեստին», անգլերէն բնագիրէն թարգմանեց Լիլիթ Թութխալեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. հրատ. , Երեւան, 2012, միջակ չափի 208 էջ: Այս գիրքին մէջ Կալիփոլիի պատերազմին մասին իբրեւ եզրակացութիւն հեղինակը կ’ըսէ. «Կալիփոլիի թերակղզիի Էրթուղրուլի բերդամասում թուրքական հրետանային մարտկոցի հրամանատար էի եւ տեսել եմ մեր պաշտպանողական դիրքերը` ամրակէտ ամրակէտի հետեւից, որոնց ծուէն-ծուէն արեցին անգլիական եւ ֆրանսական ռազմանաւերը: Եւ տեսայ թէ ինչպէս յաղթողները թիկունքով շրջուեցին դէպի այդ յաղթանակը, հեռացան ու այլեւս չվերադարձան» (էջ 13):
Հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեան կը հաստատէ, թէ անգլիացիք ու ֆրանսացիք յաղթանակի չէին ձգտեր, այլ պարզապէս չէին ուզեր, որ ռուսերը Տարտանէլին տիրանային, որպէսզի Հնդկաստանը շահագործելու Անգլիոյ ծրագիրները չխանգարուին եւ Ֆրանսայի ազդեցութիւնը չտկարանայ Միջերկրականի մէջ: Այս պատճառով միլիոնաւոր հայեր նահատակուեցան: Հեղինակը կ’աւելցնէ. «Համաշխարհային Պատերազմը կարող էր աւարտուել` դեռ չսկսած, եթէ անգլիացիները ցանկանային յաղթել Տարտանէլում» (էջ 13):
Վերոնշեալ պատմական փաստացի տուեալներէն յստակօրէն կը պարզուի, որ թէեւ հայ ժողովուրդը կոտորողները ֆիզիքապէս թուրքերն են, այդուհանդերձ բուն հայասպանները Անգլիան ու Ֆրանսան եւ Գերմանիան ու Աւստրօ-Հունգարիան են: