ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատունը արձագանգեց Երեւանի Կապոյտ մզկիթ այցելած ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն, որոնք իրանեան ճարտարապետական կոթողը կոչած էին «ատրպէյճանական յուշարձան»:
Դեսպանատունը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն գրութիւններով հրապարակեց մզկիթին եւ հոն պարսկերէնով կատարուած պատմական արձանագրութիւններուն լուսանկարը: «Իրանեան արուեստի խորհրդանիշը` Կապոյտ մզկիթը, վերջին երեք տասնամեակներուն աշխուժօրէն գործած է իբրեւ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամներու աղօթատեղի եւ հաւաքատեղի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային գրաւչութիւն», կը նշուի դեսպանատան էջին վրայ անգլերէնով կատարուած գրառման մէջ:
Իսկ հայերէն գրառման մէջ կը նշուի. «Պատմութեամբ հետաքրքրուողները շատ լաւ ընկալում են աւելի քան երկու հարիւրամեայ վաղեմութեամբ պարսկական արձանագրութիւններ ունեցող Կապոյտ մզկիթի ճարտարապետութեան բարձր մշակութային արժէքը եւ ինքնութիւնը: Մեծ բարեբախտութիւն է, որ այս պատմական արձանագրութիւնները պահպանուել են»: