Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որ մինչեւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00 գրեթէ կազմուած վիճակի մէջ կը նկատուէր, երկու ժամ ետք դուրս եկաւ այնպէս մը, որ ան դարձեալ արգելքներու դիմաց կը գտնուի:
Հիմնական հարցերը արծարծուեցան Մարատա հոսանքին կողմէ, որ երկու նախարարութիւն պահանջեց:
Իսկ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ նոր կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին համար ճշդուած չափաբաժինը անընդունելի է:
Մինչ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին, ժողովրդային շարժումը իր քայլերը կը շարունակէ` հիմնականօրէն իր արշաւը կեդրոնացնելով դրամատուներուն դէմ:
Երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ խորհրդարանին շրջակայքը ողողած ցուցարարները ժամ մը ետք ուղղուեցան Համրա, ուր փակեցին Կեդրոնական դրամատան փողոցը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետարանի ճամբան:
Ապա անոնք երեկոյեան ժամը 7:00-էն ետք ցոյց-քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն` բողոքելու համար ցուցարարներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն բանեցուցած անհամաչափ ուժին դէմ:
Ապա անոնք ուղղուեցան փակելու Ռինկի կամուրջը, Վերտանի ճամբան ու Քորնիշ Մազրաան:
Ռինկի կամուրջը փակող ցուցարարները, որոնք ուշ գիշերին ուղղուեցան Համրա, բազմաթիւ դրամատուներու ցուցափեղկերը քանդեցին:
Դրամատուներէն մէկուն ցուցափեղկին վրայ ցուցարարներ քոքթէյլ մոլոթով նետեցին:
Կէս գիշերին ցուցարարները հրկիզեցին «Ֆրանսապանք»-ի Համրայի մասնաճիւղը:
Համրայի մէջ ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ կէս գիշերին բախումներ արձանագրուեցան:
Միւս կողմէ, ցուցարարներ փակեցին Թրիփոլիի Փալմա մայրուղին, Պըհսասի եւ Մընիէի մայրուղիները, գիշերուան ժամը 11:00-ին ժամանակաւոր կերպով փակուեցաւ նաեւ Ճիւնիի մայրուղին:
Նշենք, որ երէկ գիշեր ցուցարարներ հաւաքուեցան նաեւ Սուրի, Նապաթիէի եւ Ռաշայայի մէջ եւ բողոքեցին տիրող տնտեսական իրավիճակին դէմ:
Իսկ առաւօտեան, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ Ֆըրն Շըպպեքի մէջ փակեցին կարգ մը լումայափոխներու վաճառատուներ, ինչպէս նաեւ բողոքի ցոյցեր կատարեցին Ժիպէյլի եւ Ժտէյտէի «Օժերօ»-ի մուտքին:
Սայտայի մէջ ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, երբ բանակայինները վերցուցին ցուցարարներուն կողմէ լարուած վրանները:
Պըրրի Ընդունեց Տիապը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի:
Պըրրիի եւ Տիապի միջեւ հանդիպումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ, որուն ընթացքին անոնք ճաշեցին միասին եւ քննարկեցին ընդհանուր իրադարձութիւններն ու Տիապի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ ի գործ դրուած ջանքերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կազմել 18 նախարարներէ բաղկացած մասնագէտներու կառավարութիւն մը, «որուն յայտարարութեան սեմին կը գտնուինք», ըսաւ ան:
Օսման. «Արդեօք Յեղափոխութիւնը Քաոս Պատճառելու Եւ Ոճիր Գործելու Հասցէ՞ Է»
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ 90 օրերէ ի վեր ներքին ապահովութեան ուժերը փողոցներուն մէջ կը տառապին եւ ամէնօրեայ դրութեամբ յարձակումի ու կոպիտ վարուելակերպի կ՛ենթարկուին:
Օսման ներում հայցեց բոլոր այն լրագրողներէն, որոնք նախանցեալ գիշեր Հըլու ոստիկանատան դիմաց յարձակումի ենթարկուեցան, եւ քամերամենին, որ վիրաւորուեցաւ:
Ան նշեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վիրաւորուած քամերամենին հետ եւ զօրակցութիւն յայտնած անոր, այնպէս ինչպէս զօրակցութիւն յայտնած է ապահովութեան ուժերու վիրաւորուած բոլոր անդամներուն:
Օսման ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերը մեծ վայրագութեան եւ բռնարարքներու դիմաց կը գտնուին սադրիչներու կողմէ:
«Բոլորս կրնանք սխալիլ, սակայն մենք մեր արիւնը կը թափենք հայրենիքը պահելու համար: Մենք կը պաշտպանենք երկիրը եւ ոճիրներու դէմ կը պայքարինք` պահպանելով այն իրականութիւնը, որ ապահովութեան ուժերը քաղաքացիին եւ դատական իշխանութեան մօտ անոր իրաւունքին միջնորդն է», ըսաւ ան:
Օսման շեշտեց, որ իրենք կը պաշտպանեն քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ 17 հոկտեմբերէն ի վեր ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներուն դէմ յարձակած են, «նախքան մեր եւ պետական հաստատութիւններուն դէմ գործուած յարձակումները», յայտնեց ան:
Օսման ընդգծեց, որ ձերբակալութիւնները կատարուած են օրէնքին հիման վրայ, եւ այդ իմաստով կարելի է ուղղուիլ դատական իշխանութիւններուն:
«17 հոկտեմբերէն ի վեր Ներքին ապահովութեան ուժերուն մէջ արձանագրուած են 483 վիրաւորներ, որոնցմէ հարիւրը անցնող երկու օրերուն արձանագրուած են: 483 ոստիկանը համազօր է բռնարարքները զսպող ուժերու ընդհանուր թիւին մէկ երրորդին», շեշտեց ան:
Օսման շեշտեց, որ Հըլու ոստիկանատան դէմ երէկուան յարձակումը գործուեցաւ 1000 հոգիի կողմէ:
Ան ըսաւ, որ Ռինկի կամուրջին վրայ երկու անհատներ փորձած են պիւթակազի շիշ մը զետեղել հրկիզուող աղբամանի մը մէջ, երբ կամուրջը ցուցարարներով ողողուած էր: «Անոնք անմիջապէս ձերբակալուեցան, եւ ի յայտ եկաւ, որ թմրամոլներ են: Արդեօք յեղափոխութիւնը քաոս պատճառելու եւ ոճիր գործելու հասցէ՞ է», հարց տուաւ ան:
Օսման շեշտեց, որ Հըլու ոստիկանատան դէմ յարձակումին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ լրագրողներուն վրայ յարձակումը գործողները պատասխանատուութեան պիտի կանչուին:
«Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ անձամբ ես չենք հրահանգած լրագրողներուն դէմ ուժ կիրարկել, հետեւաբար անոր պատասխանատուն ոստիկանն է, որ ինքնագլուխ որոշում տուած է», հաստատեց:
Օսման հաստատեց, որ ինք կը հրահանգէ, թէ երբ պէտք է արցունքաբեր կազեր արձակուին, եւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ, «իսկ ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ վիրաւորներ պէտք չէ արձանագրուին», եզրափակեց ան:
Հասան. «Երեք Ամիս Օրական Կազմ Ու Պատրաստ Վիճակէն Ետք Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Յոգնեցան»
Նախանցեալ գիշեր Հըլու ոստիկանատան դիմաց արձանագրուած բախումներուն ընթացքին Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ լրագրողներուն դէմ գործուած յարձակումը երէկ խստիւ դատապարտուեցաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժամալ Ժարրահի կողմէ:
Ժարրահ կոչ ուղղեց բոլորին պատասխանատուութեամբ վարուելու աշխատանքի վրայ եղող լրագրողներուն հետ:
Լսատեսողական տեղեկատուութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ կոչ ուղղեց բոլորին հասկնալու այս օրերուն տիրող այն դժուար պայմանները, որոնց մէջ լրագրողը կ՛աշխատի, եւ դիւրացնելու անոր աշխատանքի պայմանները:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի հետ եւ ներում հայցեց լրագրողներուն դէմ գործուած բռնարարքին համար` հաստատելով, որ այդ հարցով հետաքննութիւն բացուած է, եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին:
Քսսայֆի իր կարգին շեշտեց, որ լրագրողներուն եւ նկարիչներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն կողմէ յարձակումը պէտք է վերջ գտնէ:
Միւս կողմէ, մեծ թիւով լրագրողներ եւ քամերամեններ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին դիմաց` բողոքելով տեղեկատուութեան մարզին դէմ գործուած բռնարարքներուն դէմ:
Ռայա Հասան դուրս եկաւ նախարարութեան կեդրոնէն եւ անձամբ ներում հայցեց անոնցմէ` հաստատելով, որ ինք լրագրողներուն դէմ յարձակելու հրահանգ չէ տուած:
Ան ըսաւ, որ մերժելի է լրագրողներուն դէմ յարձակում գործել, սակայն երեք ամիս օրական կազմ ու պատրաստ վիճակէն եւ օրական դրութեամբ քարկոծուելէ եւ վարկաբեկուելէ ետք, ներքին ապահովութեան ուժերը յոգնեցան:
«Կ՛առաջարկեմ դուք ձեզ այդ ոստիկաններուն տեղ դնէք պահ մը եւ անդրադառնաք անոնց տառապանքին ու անոնց շարքերուն մէջ անխնայ վիրաւորուողներուն», ըսաւ ան: