Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառով մը անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան հրաժարելու կամ զայն տապալելուն մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են:
Ան դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ հանդարտութիւնը պահպանելու եւ մերձեցումը ապահովելու առումով աշխատանքը կարեւոր է:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումին Հըզպալլայի ապազինման պահանջին պատասխանատուութիւնը վերագրելը անիրաւութիւն է:
«Ժողովրդային շարժումին պահանջները արդարացի են, սակայն անոր բերնով ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան պահանջի արտայայտութիւններ վստահիլը սխալ է եւ ժխտական: Պէտք է ժողովուրդին արդարացի պահանջները անջատել Դիմադրութիւնը ապազինելու կարգախօսերէն», ընդգծեց ան:
Ան ըսաւ, որ 6 յունիսին Դիմադրութեան զէնքին դէմ ցոյց կատարող քաղաքական ուժերուն ինքնութիւնը բոլորին համար յստակ է` շեշտելով, որ Դիմադրութեան միջավայրին համար այդ զէնքը մշակոյթ է, գաղափարաբանութիւն, ռազմավարութիւն, «եւ շատ աւելի խոր է անոր իմաստը` քան ինչ որ կը ներկայացուի», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումները` ընդգծելով, որ ապահովական ուժերը պատասխանատու են Լիբանանը փրկելու եւ չարտօնելու, որ ան սայթաքի դէպի քաղաքական եւ յարանուանական սադրանքներ ու քաոս:
«Սադրանքներն ու բախումները արգիլելու համար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք: Եթէ կարիքը ըլլայ փողոց ալ պիտի իջնենք` վերջ տալու համար ստեղծուելիք քաոսին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երկրին տնտեսական տագնապը եւ յատկապէս լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը ամերիկեան տոլարի չգոյութեան պատճառով է:
Ան հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակարգը, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը արգիլած են, որ ամերիկեան տոլար հասնի լիբանանեան շուկայ` այն պատճառաբանութեամբ, որ Հըզպալլա այդ տոլարը կը հաւաքէ եւ Սուրիա կ՛ուղարկէ:
«Այս իմաստով կոչ կ՛ուղղեմ ապահովական կառոյցին, որ հետաքննութիւն բանայ եւ բացայայտէ այն կողմերը, որոնք ամերիկեան տոլարը Լիբանանէն դուրս հանած են», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ իրենք են, որ լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար կը հայթայթեն եւ ոչ թէ շուկայէն տոլարը կը հաւաքեն` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն տարաձայնութիւններով չտարուելու:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները Լիբանանն ու անոր տնտեսութիւնը կ՛օգտագործեն իրականացնելու համար իրենց շահերը, որ համազօր է Իսրայէլի ապահովութեան եւ անոր ցամաքային ու ծովային սահմաններուն:
«Ամերիկացիներուն սպասել կը նշանակէ ժողովուրդը անօթութեան, վարկաբեկումի եւ ենթարկուելու մատնել: Այս գրաւը դնող կողմերուն կը վստահեցնենք, որ պիտի չարտօնենք, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները անօթութեան մատնուին», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ Սուրիոյ դաշնակիցները զայն պիտի չլքեն` անոր դէմ մղուած տնտեսական պատերազմին ընթացքին:
«Կը հասկնամ, որ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցին դիմադրել, սակայն կը պահանջեմ, որ ան այդ պատժամիջոցին չենթարկուի», եզրափակեց ան: