Կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տնտեսութիւնը ճգնաժամէն վերականգնելու առաջին նշանները ցոյց կու տայ։ Ապրանքային շրջանառութիւնը աճած է 12 տոկոսով։
«Ասկէ մեկնելով՝ տնտեսութիւնը, կարծես թէ կը մտնէ վերականգնումի փուլին մէջ, եւ հարկաւ ասիկա շատ կարեւոր նորութիւն մըն է»,- ընդգծեց ան:
Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան յայտարարեց, որ մօտ 904 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի տնտեսութեան մի քանի ճիւղերու։ Այդ ցուցակին վրայ են զբօսաշրջային ընկերութիւնները, գումար պիտի յատկացուի նաեւ քոնեաքի եւ ալքոհոլի արտածման համար։ Վարչապետը հետաքրքրուեցաւ՝ արդեօք քոնեաքի, ալքոհոլի արտածման ծաւալներն արդէն իրականացուած են.
«Այո, ասիկա անցեալ տարուան արտածման տուրքի փոխհատուցումն է, այս տարուան համար 900 միլիոն դրամ պիտի յատկացնենք, որ 9 միլիոն լիթր քոնեաքի, ալքոհոլի արտածման ուղղուած ծրագիր մըն է», – ըսաւ նախարարը։
Շուռնուխի մէջ նոր թաղամաս մը պիտի կառուցուի։ Կառավարութիւնը այս գծով 470 միլիոն դրամ յատկացուց։ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Արմէն Ղուլարեան ըսաւ, որ արդէն սկսած են թաղամասի յատա կագծման աշխատանքները.
«Առաջին փուլով՝ նախատեսուած է կառուցել 13 տուն եւ ճանապարհ՝ առանց ասֆալթապատման: Երկրորդ փուլով՝ պիտի կառուցուին բոլոր ենթակառոյցները՝ 2022 թուին, եւ երրորդ փուլով՝ կը մտածենք, որ կրնայ անհրաժեշտութիւն յառաջանալ հասարակական, արտադրական նշանակութեան որոշ կառոյցներ հիմնելու», – ըսաւ ան։
«Շատ կարեւոր է, որ մենք ունենանք այսպիսի յստակ որոշումներ, որոնց իրագործումը տեսանելի եւ շօշափելի պիտի ըլլայ մարդոց կեանքէն ներս, պիտի փոխէ շատ յստակ իրավիճակ եւ Սիւնիքի մարզի մեր հայրենակիցները պիտի զգան, որ կառավարութիւնը կանգնած է իրենց կողքին», – ընդգծեց վարչապետը։
Կառավարութիւնը նաեւ հաստատեց Արցախի մէջ հաշուառուած կամ փաստացի բնակած քաղաքացիներուն՝ 4 ամիս ժամկէտով դրամական օգնութիւն տրամադրելու կարգը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Արցախի բոլոր քաղաքացիները, բացի 18-63 տարեկան տղամարդոցմէ, որոնք չունին հաշմանդամութիւն, ամէն ամիս պիտի ստանան 68 հազար դրամ։
«Այս աջակցութեան չափը, եթէ Արցախի միջին վիճակագրական ընտանիքի օրինակով դիտարկենք, մօտ հինգ հոգինոց, հաշուի առնելով կենսաթոշակը՝ մօտ 320 հազար դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի ընտանիքին», – ըսաւ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մեսրոպ Առաքելեան։
Վարչապետի ներկայացուցած ճանապարհային քարտէսի շրջանակէն ներս կառավարութիւնը ընդհանուր առմամբ 18 աջակցութեան միջոցառում ընդունած է։ Արցախահայութեան աջակցութեան մինչ օրս ուղղուած է 61 միլիառ դրամ։ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ վիրաւորուած զինծառայողներու աջակցութիւնը անհրաժեշտ թափով չի յառաջանար։ Ան յայտարարեց, որ պէտք է աւելի խտացեալ կերպով զբաղիլ՝ ծրագիրն ամբողջացնելու եւ օգնելու անհետ կորածներու եւ գերեվարուածներու ընտանիքներուն։