Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը` աւելցնելով, որ վարչապետ Տիապ այդ մասին պիտի յայտարարէ երեկոյեան ժամը 5:30-ին իր արտասանելիք խօսքին ընթացքին:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն Աշխատաւորներու օրուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցի աշխատաւորները` մաղթելով, որ յառաջիկային այդ տօնը նշուի այսօրուընէ շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ: «Լիբանանի աշխատաւորներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը կը մաղթենք, յատկապէս նկատի ունենալով այսօրուան դժուար պայմանները, որոնք չեն արտօներ, որ աշխատաւորները իրենց երազները իրականացնեն», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այսօր Լիբանանի համար պատմական օր է, որովհետեւ կառավարութեան կողմէ առաջին անգամ ըլլալով վաւերացուած է տնտեսական-ելեւմտական կարեւոր ծրագիր մը, երբ երկրին մէջ ամէն բան կը կատարուէր առանց ծրագրաւորումի եւ ապագային նկատմամբ տեսլականի, ինչ որ իր կարգին կը սպառնար կացութիւնը հասցնել քանդումի:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ վաւերացուած ծրագիրը ո՛չ միայն պատմական է, այլեւ կը ճշդէ ներկայ կացութիւնը բարեկարգելու լիբանանեան պետութեան գործնական ուղեգիծը:
Վարչապետը յայտնեց, որ իրենք լիբանանցիներուն անկեղծօրէն ճշմարտութիւնը կ’ըսեն, եւ այս ծրագիրին վաւերացումով աշխատանքը իր ճշգրիտ հունին մէջ դրած կ’ըլլան:
Նշենք, որ նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան բարեկարգումի ծրագիրն ու նիստին օրակարգը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն խորհրդարանական պլոքներու նախագահները չորեքշաբթի, 6 մայիս 2020-ին հրաւիրեց Պաապտա` քննարկելու համար կառավարութեան բարեկարգումի ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Տիապ. «Լիբանանեան Պետութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով Է, Որ Տնտեսական Ամբողջական Ծրագիր Կ’ունենայ»
Վարչապետ Տիապ երեկոյեան ժամը 5:30-ին վարչապետարանէն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ լիբանանեան պետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով է, որ տնտեսական ամբողջական ծրագիր կ’ունենայ: «Երկիրը ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուինք, իսկ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ժամանակաշրջանը սովորական կամ անցողակի չէ», ըսաւ ան:
Տիապ հաստատեց, որ արտասովոր այս կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ արտասովոր իրականութիւն մը` բոլոր մակարդակներուն վրայ` աւելցնելով, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր յստակ է, թէ փտածութեան հարցը պետութեան մէջ պետութիւն դարձած է:
Տիապ ընդգծեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը իբրեւ առաջնահերթութիւն ինքզինք պարտադրեց եւ կառավարութենէն մեծ ճիգեր ու ջանքերր խլեց, «սակայն կառավարութիւնը խիստ յանձնառութեամբ վարուեցաւ այդ համաճարակը հակակշիռի տակ պահելու: Մինչեւ օրս կառավարութիւնը 14 օրինագիծ մշակած է, սակայն ցաւ ի սիրտ ընկերային եւ տնտեսական տագնապի ուռճացումը այնքան սրընթաց է, որ ժողովուրդը կը մղէ փողոց իջնելու եւ իր բողոքը արտայայտելու` նկատի ունենալով սղաճն ու ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը, զոր հակակշռելու պատասխանատուութիւնը կը պատկանի Կեդրոնական դրամատան, բայց ի յայտ եկաւ, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժէքը պահպանելու նուաճումը պարզապէս ցնորք էր», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քանի մը օր է կը վկայենք վայրագութիւններու, որոնք կազմակերպուած ձեւով կը քանդեն երկիրը` այլակերպելով շրջաններու պատկերը: «Ժողովրդավարական արտայայտութիւնն ու բողոքը բան մըն է, իսկ վայրագութիւնը` այլ բան, որ ոչ մէկ կապ ունի անօթութեան կամ ժողովրդավարութեան հետ», շեշտեց ան:
Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիք մը յուլիս ամսուան ընթացքին պիտի հարուածէ Լիբանանը, «հետեւաբար կոչ կ’ուղղեմ լիբանանցիներուն «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նախազգուշութիւններուն կառչած մնալու, որպէսզի կարենանք այդ համաճարակը հակակշիռի տակ պահել: Մենք «Քորոնա» ժահրի վերջին փուլը չէ որ կ’ապրինք, այլ անով բաւական երկար պիտի շարունակենք ապրիլ: Այս իմաստով բոլորը պատասխանատու են յանձնառու մնալու այդ նախազգուշութիւններուն», յայտնեց ան:
Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց բարեկարգումի իր ծրագիրը, որուն գործադրութեամբ աւելի լաւ ապագայ մը պիտի ստեղծէ երկրին եւ քաղաքացիներուն համար: «Այս ծրագիրով պիտի ներկայանանք Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ պաշտօնական բանակցութիւններ պիտի ունենանք եուրոպոնտի բաժնետոմսերը վճարելու իմաստով», հաստատեց Տիապ:
Վարչապետը շեշտեց, որ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին նպատակն է վերակազմաւորել դրամատնային եւ ելեւմտական համակարգը, որպէսզի տնտեսութիւնը կարենայ դերակատարութիւն ունենալ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել: «Կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ եւ ճիգ պիտի չխնայէ իւրացուած գումարները Լիբանան վերադարձնելու իմաստով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ եզրափակեց ըսելով, որ այս ծրագիրը կը միտի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները պահպանել եւ դրամատուներուն աջակցիլ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատունը մղել` կեդրոնանալու իր աշխատանքներուն վրայ:
Նախկին Վարչապետներու Հանդիպում` Հարիրիի Մօտ
Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Թամմամ Սալամ, Նեժիպ Միքաթի եւ Ֆուատ Սինիորա երէկ կէսօրէ ետք հանդիպում մը ունեցան Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:
Հանդիպումէն ետք անոնց անունով խօսք առաւ Սինիորա, որ յայտնեց, թէ ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական խոր տագնապ մը, որուն հետեւանքները վտանգաւոր տագնապի մը մէջ մուտք գործելու նախանշանները կը յուշեն, եթէ երկրին ներկայ իշխանութիւնները չնախաձեռնեն փոփոխութեան ենթարկել իրենց քաղաքականութիւնը` զայն պատշաճեցնելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին:
Սինիորա հաստատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն ընտրած կառավարութիւնը վերածուած է քինախնդրութեան գործիքի մը, ինչպէս նաեւ ինքզինք վերածած է ամբաստանութիւններ արձակող մարտկոցի` առանց նկատի ունենալու Թաէֆի համաձայնագիրն ու սահմանադրութիւնը, օրէնքներու գործադրութիւնն ու լիբանանեան պետութեան շահերը:
Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան լուրջ ուղեգիծ մը որդեգրելու` վերջ տալու համար տնտեսական ու ելեւմտական անկումին, ինչպէս նաեւ վաւերացնելու այն բարեկարգումները, որոնք պէտք է անյապաղ գործադրուին:
Իր կարգին, Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանան կ’ուղղուի դէպի յաւելեալ անկում` աւելցնելով, որ ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը լուծելու միակ միջոցը Միջազգային դրամական ֆոնտն է: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի դուրսէն գումարներու եւ ոչ թէ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները մսխելու:
Հարիրի շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն մնալ ընդդիմադիր` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքներուն` նկատի ունենալով, որ ան գիտէ ինչպէս վարուիլ եւ հարցերը լուծել:
Հարիրի ընդգծեց, որ փողոցը գտնուողները իր կամ Ռաֆիք Հարիրիի հետեւորդները չեն, որովհետեւ իր հետեւորդները կը շինեն եւ ոչ թէ կը քանդեն: «Մեր հետեւորդները կը համբերեն եւ կը հետեւին երկրին ու շրջանին կացութեան եւ զարգացումներուն», ըսաւ ան:
Հարիրի հարց տուաւ վարչապետին իրաւասութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ վարչապետ Տիապ կը կրկնէ հանրապետութեան նախագահին կեցուածքները:
Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքական ցեխարձակումները տակաւին կը շարունակուին: «Եթէ կացութիւնը այսպէս մնայ, ապա մենք պէտք է ամէն բան Ժըպրան Պասիլին յանձնենք, սակայն ան չարաչար կը սխալի, որովհետեւ անոր ելեկտրականութեան մարզը յանձնեցինք եւ պետութեան 11 միլիառ տոլարի նիւթական բաց մը պատճառեց: Պասիլ գոյութիւն ունի, որովհետեւ Հըզպալլան կը պաշտպանէ զայն, հետեւաբար Հըզպալլա կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ եթէ կառավարութիւնը ձախողի իր ստանձնած պարտականութեան մէջ, ապա ինք համաձայն է, որ այդ կառավարութիւնը տապալի եւ վատ ձեւով տապալի:
Հարիրի խստիւ դատապարտեց համաներման օրէնքի համայնքային բնոյթով քննարկումը` ցաւ յայտնելով, որ այդ քննարկումը ստացած է ցեղապաշտական շեշտաւորում:
Դրամատուներու Միութիւնը Հաստատեց Իր Պատրաստակամութիւնը Յառաջիկայ Փուլին Ընթացքին Գործակցութեան Իմաստով
Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր մաղթեց, որ Տիապի յայտարարած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը նախաքայլը ըլլայ Լիբանանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան վերսկսելու:
Սֆէյր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Տիապին` դրամատնային մարզը պահպանելու իմաստով անոր ցուցաբերած ընդառաջումին համար:
Ան հաստատեց, որ դրամատուները պատրաստ են գործակցելու յառաջիկայ փուլին ընթացքին: Ան գործակցութեան ձեռք երկարեց բոլորին` իրականացնելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը:
Քիւպիչ Կառավարութեան Քայլը Կը Նկատէ Կարեւոր
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ երկրին ճակատագրական տագնապը լուծելու իմաստով կառավարութիւնը կարեւոր քայլի մը նախաձեռնած է` ելեւմտական բարեկարգումի իր ծրագիրը մշակելով:
«Այժմ քաղաքական ուժերն ու քաղաքացիական ընկերութիւնը պէտք է իրենց կարծիքը յայտնեն այդ ծրագիրին մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ միջազգային գործընկերներուն հետ բանակցութիւններ սկսելու ճամբայ հարթուի», ըսաւ ան: