Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ՄԱԿ-ի 76-րդ Ընդհանուր ժողովին առցանց ուղղեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքական երկարատեւ տագնապէ մը ետք լիբանանեան կառավարութիւնը կազմուեցաւ` սահմանադրական գործիքակազմին համաձայն:
Կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու ելեւմտական եւ տնտեսական պահանջուած բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ պայքարելու փտածութեան դէմ:
«Այդ պայքարին մեկնարկը տրուեցաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հաշուեքննութեան գործադրութեան սկիզբով` հիմնուելով հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան սկզբունքներուն վրայ: Այդ հաշուեքննութիւնը աւելի ուշ պիտի գործադրուի նաեւ այլ նախարարութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններու հաշիւներուն պարագային», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան իր յոյսը դրած է միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի ան ֆինանսաւորէ կենսական ծրագիրներ` պետական եւ սեփական մարզերուն պարագային, որպէսզի երկրին տնտեսական իրավիճակը բարելաւուի, եւ կարելի ըլլայ աշխատանքի առիթներ ստեղծել: «Մենք կը վստահինք միջազգային ընտանիքին այն առումով նաեւ, որ ան օժանդակէ Լիբանանին վերադարձնելու երկրին պետական գանձարկղէն իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Լիբանանի վրայ այդ իրականութեան ունեցած հետեւանքներուն:
Ան վերստին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, նախ եւ առաջ ապահովելով սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածները միաձուլել լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ իր մերժումը Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու վերաբնակեցման:
Նախագահ Աուն դատապարտեց լիբանանեան տնտեսական շրջանի սահմաններուն դէմ ոտնձգութեան որեւէ փորձ` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ նաւթային իր բնական հարստութեան:
«Այս շրջագիծին մէջ Լիբանան կը պահանջէ վերսկսիլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն` միջազգային օրէնքին հիման վրայ, եւ կը հաստատէ, որ Լիբանան ոչ մէկ սակարկութիւն պիտի ընդունի եւ ոչ մէկ ձեւով իր իրաւունքներէն պիտի հրաժարի: Միջազգային ընտանիքին դերակատարութիւնն է զօրակցիլ Լիբանանին», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի տրամադրուած մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ողջունելով միջազգային որեւէ ջանք, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցումն ու բարգաւաճումը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պահանջած օժանդակութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան օժանդակող տեղեկութիւններ, «հետեւաբար այն պետութիւնները, որոնք տեղեկութիւններ ունին եւ կրնան օժանդակել հետաքննութեան հոլովոյթին ու արդարութեան հաստատումին, պէտք է աջակցութեան ձեռք երկարեն լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն», նկատել տուաւ նախագահ Աուն: