Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու անդրադարձան կառավարութեան օրակարգին:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն կառավարութենէն պահանջեց «Քորոնա» համաճարակին պատճառով Սուրի մէջ մահացած լիբանանցի բժիշկ Լուայ Իսմայէլը
նահատակ նկատել` նկատի ունենալով, որ ան նահատակուած է մարդկային իր պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ որոշումը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք բժշկական մարզին մէջ ծառայութեան ճամբուն վրայ կը նահատակուին:
Իր կարգին վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը ջանայ լիբանանցիին մօտ գնելու կարողականութիւնը բարելաւել եւ սպառողական սակը նուազեցնել: «Սակայն այս իրականութեան հասնելու համար կարիքը ունինք ժամանակի, եւ պէտք է սպասենք բանակցութիւններուն», ըսաւ ան:
Տիապ նշեց, որ կառավարութիւնը կարգ մը երկիրներու հետ կը գործակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր միջոցներով օժանդակութիւններ ապահովել Լիբանանին` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային դրական արդիւնքներ ի յայտ գան:
Տիապ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` զգուշանալու «Քորոնա» ժահրէն` հաստատելով, որ ոչ ոք պաշտպանուած է այդ համաճարակէն:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն վերաբերող դատական հաշուեքննութեան հոլովոյթը, զոր պիտի ստանձնէ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութիւնը:
Մշակոյթի եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Մուրթատա, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նախարարներ Իմատ Հուպալլա եւ Համատ Հասան վերապահութիւն յայտնեցին այս որոշումին` այն մտահոգութեամբ, որ ան Իսրայէլի հետ կապեր կրնայ ունենալ:
Անոնք նշեցին, որ իրենց վերապահութիւնը դատական հաշուեքննութեան սկզբունքին չի վերաբերիր, այլ այն ընկերութեան, որ պիտի կատարէ հաշուեքննութիւնը:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ ճամբաներու վերանորոգութեան աշխատանքներուն, եւ այդ նպատակով 174 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը վաւերացուցած է, որպէսզի հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը վերանորոգէ եւ լուսաւորէ Պէյրութ-Աքքար, Պէյրութ-Սուր, Պէյրութ-Պեքաա ճամբաները` անցնելով Տահր Պայտարէն:
Ան նշեց, կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ, որ լիբանանեան սահմաններէն արտադրութիւններ փոխադրող բեռնարկղերը, բեռնակառքերն ու ինքնաշարժները «սքենըր»-ներով քննուին: