Հայկական երեսփոխանական պլոքի ջանքերուն շնորհիւ, կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին որոշեց Մըզհերի մէջ շէնքի մը պատին փուլ գալուն հարցով 500 միլիոն լ. ոսկի յատկացում տալ Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետութեանց համադաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ 100 միլիոն լ. ոսկի հատուցում` դէպքէն տուժած բնակիչներուն:
Կառավարութիւնը երէկ` երեքշաբթի, 8 փետրուարին գումարեց իր լիագումար նիստը` քննարկելով օրակարգի վրայ ներկայացուած 76 հարցերը: Այս գծով կառավարութիւնը վաղը` հինգշաբթի օրուան յետաձգեց պետական ամավարկի վաւերացման հարցը, որուն աւարտին պիտի վճռուի նաեւ ելեկտրականութեան թղթածրարը:
Կառավարութիւնը որոշեց փլուզման վտանգի մէջ գտնուող Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարաններու վերականգնումի հարցը եւ այս գծով յառաջացուց նախարարական ենթայանձնախումբ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան:
Կառավարութիւնը այս առիթով մերժեց ընդառաջել 16-րդ կէտին, որ նախապէս խորհրդարանին կողմէ յղուած է` առաջարկելով փոփոխութեան ենթարկել պատժական տնօրինումներու վերաբերող նախկին օրինագիծ մը: